Ցաւը
Ցաւը կ՚ուզես մոռնալ, չյիշել կամ յիշողութեանդ դռները ամուր փակել անոր առջեւ, որ այլեւս չզգաս, չտառապիս, ականջիդ հասած բառերը չլսես, որպէսզի նոր պատուհաններ բանաս ու թոքերդ ներծծեն թարմ թթուածին, նոր էջեր բանաս յուշերու օրագրերուդ մէջ, աւելի հանգիստ ապրիս, աւելի գեղեցի՛կ պատկերներով տեսնես կեանքը, չմտածես Ցաւը նորածինիդ փոխանցելու, վիշտին ահաւորութիւնը քեզմէ ետք աշխարհ եկողին բացայայտելու մասին, որովհետեւ պիտի չուզես, որ ան ալ Ցաւին ծանրութիւնը ապրի ամբողջ կեանք մը, ինչպէս քուկդ եղաւ, պիտի չուզես, որ զաւակներուդ հոգիները կրեն նոյն կապանքները, ինչպէս քուկդ կրեց։
Ցաւեր կան, որոնք կը մոռցուին, չեն յիշուիր, յիշատակի ալիքներուն մէջ կը կորսուին, կը հեռանան քեզմէ ուշ կամ կանուխ, կ՚անյայտանան ընդմիշտ, կը ցնդին օդին մէջ։ Չես ուզեր յիշել, ո՛չ մէկ բան կը մնայ մէջդ՝ քեզ յիշեցնելու դէպքը, դէմքերը, պահը, օրը, վայրկեանը։ Կրնայ նոյնիսկ պատահիլ, որ դէպքը անմիջականօրէն մարմնովդ ապրած չըլլաս, ականատես եղած չըլլաս, սարսափն ու վախը ներաշխարհիդ վրայ ազդած չըլլան, մահուան մէջէն իսկ անցած չըլլաս. այդպիսի Ցաւը կը չուէ, կը պրծի-կ՚երթայ, ինչ լա՜ւ, մտածումներդ, մութ խոկումներդ կը թեթեւնան, նոյնիսկ կը գեղեցկանան, էութիւնդ կը պարպուի, Ցաւը չի զետեղուիր յիշողութեանդ գոց ծալքերուն մէջ, կը դադրի մաս կազմելէ յուշերուդ։
Ազգովին ապրած մեծ Ցաւին մասին է, որ կը գրեմ այս պահուն։
Ցաւին, որուն ենթարկուեցան մեծ-մեծերը, եւ տակաւին ա՛յդ կ՚ապրինք՝ Ցաւը կրելով անձնապէս կամ հաւաքականօրէ՛ն այսօ՛ր, տասը միլիոն մարդ, Եղեռնէն հարիւրութ տարի ետք։ Ցաւի զգացումը դեռ կը հետապնդէ մեզ, չի հեռանար մեզմէ՝ մեր մտքէն, մեր մտածումներէն, ո՛չ մէկ պահ, ո՛չ մէկ օր, ո՛չ մէկ վայրկեան։ Կրել Ցաւը, որուն բնական ժառանգորդները դարձանք մե՛նք, առանց անոր անմիջական զոհը ըլլալու, առանց Տէր Զօր քշուելու, առանց լլկուելու, առանց խեղդամահ նետուելու արիւնով ներկուած Եփրատի ջուրերուն մէջ, առանց անոր մէջ դառնալու ծփացող դիակ։
Արշակը, Եղիսաբէթը, Կարպիսը, Արշալոյսը, Կարապետը, Քնարը, Օննիկը, Յասմիկը, Պօղոսը, Յակոբը, Գայիանէն, Գաբրիէլը, Շուշանը, Հայկուհին, Մկրտիչը, Սրբուհին, Նուէրը եւ մեր գերդաստանի պատկանող շատ մը անուններ, որոնք Ցաւը զգացին իրենց ամբողջ էութեամբ, եղան իսկական լուռ տառապողները աղէտին, չարաշուք ոճիրներուն, աքսորին, սովին, հիւանդութեան ու սարսափին, գաղթին։ Ո՛չ մանկութիւն, ո՛չ պատանեկութիւն եւ ո՛չ երիտասարդութիւն, նոյնիսկ ծերութիւն չապրեցան անոնք. ո՛չ, չեղան սովորական մահկանացուներ։ Ունեցան անմարդկային ճակատագիր, ջարդարար ու նենգամիտ երկրի մը պէյերն ու փաշաները որոշեցին ոչնչացնել զիրենք, գրաւել իրենց տուներն ու այգիները, դպրոցներն ու սրբավայրերը։
Տարիներով մեր մեծերը իրենց կորուստներուն Ցաւը լացին, իրենց հողին, այգիներուն ու պտուղներուն համը փնտռեցին, հազար ափսոսացին, որ կեանքի լաւագոյն տարիները ապրեցան դառն սոսկումի, հալածանքի ու վախի փոթորիկներուն մէջ. անոնք յոյսով աղօթեցին եւ ուխտեցին, իրենց տան դիմացը գտնուող Սուրբ Կարապետ ուխտավայրին յառած իրենց աչքերը՝ գաղտնաբար մոմեր վառեցին, որպէսզի իրենց ուխտերը Բարձրեալն Աստուած լսէ, սպասեցին, որ երկնքի սուրբերը հասնին փրկելու ընտանիքի ամեն մէկ անհատը, աղօթեցին եւ իրենց մատաղները բաժնեցին թուրք հարեւաններուն՝ որպէսզի Բարձրեալն իրենց ուխտը ընդունի, որ կարենան արագ խոյս տալ անիծեալ այդ երկրէն։
Ցաւը մեծ էր, Ցաւը այնքան մեծ էր, որ նոյնիսկ թրքական ջուրերէն հեռանալէ տարիներ ետք չուզեցին խօսիլ, երկար տարիներ ապրեցան Ցաւին տուած ցնցումով, չմոռցան զայն երբե՛ք, Ցաւը զգացին ու զայն պահեցին իրենց թաքուն յուշերուն, գիշերուան երազներուն մէջ, ու ամեն օր վերապրեցան նոյն մղձաւանջը։ Ցաւը ուժգին էր։ Նոր երկրին մարտահրաւէրները պահ մը մոռցուցին անոնց Ցաւը, Նոր աշխարհը իրենց պարգեւեց նոր կարելիութիւններ, զաւակներ, թոռներ, վաստակ, տուներ, նիւթական միջոցներ, նոր ուրախութիւններ, զբօսանքներ, արձակուրդներ, սակայն անիծուած այդ Ցաւը կարծես սեւ թանաքով արձանագրուած մնաց իրենց մտքի ու հոգիի բոլոր ծալքերուն մէջ, թոյլ չտուաւ, որ ամբողջական ըլլան իրենց ապրած ուրախութիւնն ու բարգաւաճ կեանքը, Ցաւը հոն էր ընդմիշտ՝ մտած էր իրենց մարմնի բջիջներուն մէջ, լեզուին տակ՝ պահուած ամեն մէկ բառին խորքը։
Ցաւը ծանր էր, եւ անոնք երկար տարիներ յանցաւոր ըլլալու հոգեբանութեամբ ապրելով՝ չուզեցին խօսիլ այդ մասին, չուզեցին վիշտը փոխանցել իրենց արգանդէն ծնած յաջորդներուն։ Արշակն ու Եղիսաբէթը, երբ դէմ-դիմաց նստէին, իրենց առանձնութեան մէջ, ծածուկ կը խօսէին կորսուածներուն ու քշուածներուն մասին, ու անոնց հետքերը մէկ առ մէկ կը փնտռէին։ Երբ Ցաւին մասին խօսուէր, Կարպիս կը յուզուէր, ու աչքերը կը թրջէին վշտի արցունքով։ Ան կեանքի աւարտին իսկ քիչ խօսեցաւ իր որբութեան մասին։ Քոյրը դարձած էր մայր ու անբաժան հոգեհարազատ։ Հիմա նոր կը հասկնամ Կարպիսին խոկուն մտածումներուն ու մելամաղձոտութեան դրդապատճառը։
Քնարը, Արշալոյսը եւ Յասմիկը, ընդհակառակը, խօսողներն էին, իրենց ապրածն ու վերյիշածը անվերջ պատմողներն էին, Ցաւը մեզի փոխանցողներն էին, պատմութեան ժապաւէնը մեր աչքին առջեւ, հազար անգամ ցուցադրողներն էին, մեր մտքերուն մէջ անջնջելիօրէն Ցաւը դրոշմողներն էին։ Անոնք պատանեկութիւն եւ երիտասարդութիւն չապրած սերունդն էին, աքսորին, սովին, բորոտութեան, վախի ու սարսափի մէջ մեծցած մանուկներն էին։ Ցաւը ուժգնութեամբ զգացին, հարազատներուն, հողին, այգիին, դրացիներուն ու շրջապատին կորուստը ամբողջ կեանք մը ողբացողներն էին, ափսոսացողներն էին իրենց սահմանուած փոթորկոտ ճակատագրին վրայ։ Անոնք էին, որ Ցաւը մեր մէջ Զարթօնքի վերածեցին, պայքարի ուժը մեր մէջ փոխադրեցին, մարդկային անարդարութեան դէմ աղաղակ բարձրացնելու քաջութիւնը մեր արեան մէջ սրսկեցին։
Հազիւ հասած ինքնավստահութեան եւ ինքնագիտակցութեան սեմին, փրկուած՝ եկեր էին Աղեքսանդրիոյ նաւահանգիստը՝ իրենց ետին ձգելով ծննդավայրի իրենց տունն ու այգին, իրենց հետ բերելով միայն անբաժանելի յիշատակներ ու ապրող պատկերներ։
Միջերկրականի եզերքին էր, որ Ցաւը դարձուցին նաեւ մերը։
Իսկ Միջերկրականէն ու Ատլանտեանէն ասդին մենք ենք, որ վարակեցինք մեր զաւակներն ու այս անգամ միասին զգացինք, խոկացինք ու կրկնեցինք մեր մեծերուն մտածումները։ Ցաւեր կան, որոնք կ՚ուզես ջնջել յիշողութեանդ պաստառէն, հեռացնել մարմնիդ ամեն մէկ բջիջէն, մոռնալ ընդմիշտ, որովհետեւ վէրքը չի սպիանար, չի գոցուիր։ Շատ յաճախ թաւալած տարիները կը յաջողին փոշոտած թղթածրարներուդ մէջ անյայտացնել զանոնք, նորը ստեղծել մէջդ, շուրջդ, սակայն այս Ցաւը կարելի չ՚ըլլար բնաջնջել-հեռացնել նորերուն ալ հաւաքական յիշողութիւնէն ու մտքէն։ Կարելի չ՚ըլլար երբեք սրբել պատմութեան մեր էջերէն. ան կը մնայ գրուած կարմիրով ու գլխագիր, ինչպէս դրոշմուած կը մնար անոնց յիշողութեան յետին ծալքերուն մէջ։
Ցաւը նսեմացնող զգացում տուած էր աղէտը ապրողներուն՝ առաջին սերունդին։
Ցաւը զարթօնքի եւ պայքարի ուժ տուած էր անոնց յաջորդներուն՝ մեզի՝ երկրորդ սերունդին։
Ցաւը Ցեղասպանութեան ճանաչման մղիչ ուժը հանդիսացաւ մեզ յաջորդողներուն՝ մեր զաւակներուն ու թոռներուն՝ երրորդ եւ չորրորդ սերունդներուն։
ՆԱԶԱՆ Ա.
(լուսանկարը՝ «Հիրոշիմա», Արթօ Չաքմաքչեանի)
Comments are closed.