Տնտեսագէտ Տարօն Աճէմօղլու. «յառաջիկայ ամիսներուն կրնայ տնտեսական պայթում մը տեղի ունենալ Թուրքիոյ մէջ»

Մարմարա.- Մասաչուսէց Թէքնիք Համալսարանի (Massachusetts Institute of Technology) տնտեսագիտութեան Փրօֆ. Տարօն Աճէմօղլու, որ Իսթանպուլ եկած էր Քօչ համալսարանի գիտական մրցանակը ստանալու համար, յայտարարութիւններ ըրաւ «Ճումհուրիյէթ» թերթին, նշելով որ Թուրքիոյ մէջ կրնայ տնտեսական պայթում պատահիլ, քանի որ երկրէն ներս ազատութիւնները կը սահմանափակուին եւ երկիրը կը հեռանայ Եւրոմիութենէն։ Այս զարգացումները կրնան Ժխտական անդրադարձ ունենալ տնտեսութեան վրայ։ Ըստ տնտեսագետին, տարի մը առաջ իր հնչեցուցած արժեւորումները չեն փոխուած ու Թուրքիա սրընթաց գնացքով կը յառաջանայ դէպի ամբողջատիրութիւն։

«Անհրաժեշտ է երկու նախապայման, որպէսզի մէտիա դաշտը կարողանայ գործունէութիւն տանիլ. առաջինը իրական ազատութիւնն է, երկրորդը՝ վախի բացակայութիւնը։ Դժբախտաբար Թուրքիոյ մէջ երկուքի վիճակն ալ անմխիթար է։ Յատկապէս 15 Յուլիսի զինուորական հարուածի փորձէն ետք», ըսաւ Տարօն Աճէմօղլու։ Խօսելով տնտեսական վիճակի մասին, Աճէմօղլու նշեց որ այս մարզին մէջ ալ վիճակը յուսադրիչ է, քանի որ վերջին տասը տարուայ ընթացքին արձանագրուած բարգաւաճումը առկայ համակարգի արդիւնքն է եւ այդ արդիւնքները կարելի եղած է ապահովել վարկերու եւ կառավարութեան ըրած ծախսերու միջոցաւ։

«Ատիկա առողջ բարգաւաճում չէ։ Թուրքիա պէտք է երիտասարդ բնակչութեան միջոցաւ բարձրացնէ արտադրողականութիւնը։ Մտավախութիւն ունիմ որ յառաջիկայ ամիսներուն կրնայ տնտեսական պայթում մը տեղի ունենալ Թուրքիոյ մէջ», ըսաւ նշանաւոր տնտեսագէտը։

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.