Տխուր Զուգահեռներ. Խմբագրական «Ազդակ»ի
Հայաստանի Հանրապետութեան գործող սահմանադրութեան էական իրաւադրոյթներէն կը նկատուի հակակշիռ գործողութիւններու օրէնսդրական դաշտին մէջ ձեռնարկելու կարելիութեան ընձեռումը:
Սկսեալ` անկախ խորհրդարանական ընտրութիւններուն ապահոված արդիւնքներէն, ընդդիմութեան համար նախօրօք ճշդուած չափաբաժինէ մինչեւ խորհրդարանական յանձնախումբերու մէջ ընդդիմութեան ներկայացուցիչներու մասնաբաժիններու ամրագրումը:
Բոլորը նպատակ ունին պետական համակարգի յաւելեալ ժողովրդավարացումը եւ այդ առաջադրանքին հասնելու համար հակակշռող պետական հաստատութիւններու կայացումը: Այսպէս է պարագան եւրոպական շատ մը երկիրներու եւ պատահական չէ անշուշտ, որ բարեփոխուած սահմանադրութիւնը իր յօդուածները համաձայնեցուցած է Վենետիկի յանձնաժողովին հետ` դէպի Եւրոպա մեր արտաքին քաղաքականութեան գերակայ ուղղութեան պարունակը նկատի ունենալով:
Հետեւաբար, ընդդիմութեան կայացումով եւ հակակշիռ գործողութիւններու պետաիրաւական մակարդակի որդեգրումով մեր երկիրը կ’աշխատէր իրականացնել նաեւ արտաքին առումով ռազմավարական շատ լուրջ առաջադրանք:
Ընդդիմութիւնը պետականութեան մաս կը կազմէ եւ անհրաժեշտ գործօն է նաեւ իշխանութիւններուն համար. մանաւանդ այս պարագային, երբ ռուսական կախեալութեան եւ արեւմտեան թափանցումներուն արանքին մէջ Երեւանը հետեւողականօրէն կը փորձէ թիավարել դէպի Եւրոպա:
Ուրեմն ո՛չ միայն իբրեւ մարդու իրաւունքներու տեսակէտէն արժէք` ժողովրդավարացումը, որ նաեւ հակակշիռ գործառոյթ իրականացնող ընդդիմութիւն կ’ենթադրէ, սահմանադրականութիւն բովանդակող հասկացողութիւն է եւ այս պարագային արտաքին քաղաքականութեան ռազմավարական նշանակութիւն ունեցող հիմնադրոյթ:
Ընդդիմութեան չէզոքացման միտող որեւէ քայլ, այս տրամաբանութենէն մեկնելով, հակասահմանադրական է եւ ըստ էութեան հակապետական նաեւ` նկատի ունենալով արտաքին քաղաքականութեան ռազմավարութենէն շեղելու փաստը:
Քաղաքագիտական հասկացողութեամբ ընդդիմութիւնը խորհրդարանական է. ընդդիմութիւնը խորհրդարանին մէջ քննադատելով գործադիրը հակակշիռ գործողութիւններ իրականացնելու գործառոյթը կը վերապահէ ինքն իրեն աներկբայ ձեւով:
Բայց երբ, արտակարգ պայմաններու մէջ ժողովրդային գերխանդավառ մթնոլորտի մէջ կը կայանան ընտրութիւններ, միակուսակցականութիւնը գերակշիռ կը դառնայ եւ ընդդիմութեան դերը կը նուազի, թէկուզ գործող սահմանադրութեան ճշդած իրաւադրոյթներով:
Այս պայմաններուն մէջ հակակշիռ գործընթացներ ապահովելու համար դեր պէտք է տրուի արտախորհրդարանական ուժերուն: Ներկայ ճգնաժամը կը թելադրէր նկատի ունենալ հրապարակուած մասնագիտական թղթածրարները, արձագանգել կատարուած յայտարարութիւններուն, այնտեղ երեւցած համագործակցութեան կոչերուն, առարկայական գնահատական տալ քննադատութիւններուն:
Երբ քննադատութիւնները կամ խորհրդարանի արտահերթ նիստ գումարելու կոչերը կը դիմաւորուին սուիններով, յատուկ բառապաշարով` «բացիլ», «քաղաքական մահ», «քաղաքական գերեզմանաքար» ըսելաձեւերով, երբ ժողովրդավարական կարգերուն յանձնառու մնալու բարձրաձայնումներով յիշեցում կը կատարուի, թէ ինչպէ՞ս պէտք է վարուիլ նոյն պայմաններու մէջ խուճապ ստեղծողներուն եւ հրամանատարը քննադատողներուն դէմ, տխուր յիշատակներ կ’արթննան եւ առաջին նախագահին ոճը, ընդդիմութեան հետ վարուելու եղանակն ու հեգնանքը տեսանելի կը դարձնեն: Մանաւանդ որ առաջին նախագահը «դաւաճանութիւն» կ’որակէր նման պայմաններու մէջ իշխանութիւններուն դէմ պայքարիլը:
Ոճի եւ վարքագիծի փաթեթաւորուած վերարտադրումի համապատասխան որակումներ, վերագրումներ եւ մօտեցումներ առարկայացան, երբ վարչապետը պատասխանեց Դաշնակցութեան կատարած քննադատութիւնը մէջբերող լրատուամիջոցի հարցումին:
Դրական հետեւողականութիւնը այս պարագային Դաշնակցութեան մօտ պէտք է փնտռել, որ չի դիմեր նման բառապաշարի, չ՛որդեգրեր մերժողականութիւն, չ՛անտեսեր իրեն ուղղուած առաջարկները եւ այս պարագային վիրաւորանքին չի հակազդեր նոյն ոճով:
Գործը եւ այս պարագային սահմանադրութեան ամրագրած ընդդիմութեան դերակատարութեան բարձրացման առաջադրանքը պէտք է գերակշիռ մնան. իսկ յաւելեալ ժողովրդավարացման համար աշխատիլը առաջնային. բացառապէս քաղաքակրթուածութեամբ ու կառուցողականութեամբ յատկանշուելով: