ՏԷՐ ԶՕՐԻ ՍՐԲՈՑ ՆԱՀԱՏԱԿԱՑ ՅՈՒՇԱՀԱՄԱԼԻՐ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆ

Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահան Սրբ. Արք. Սարգիսեան, Ազգ. Վարչութեան եւ երեսփոխանական ժողովներու ներկայացուցիչներ՝ տիար Ժիրայր Րէիսեան, Կարօ Իւզպաշեան, Տարօն Մակարեան, Արժ. Տ. Զարեհ Քհնյ. Շաքարեան եւ Հ1-ի ներկայացուցիչները, Չորեքշաբթի 28 Փետրուար 2018-ին, յատուկ առաքելութեամբ մեկնեցան ազատագրուած Տէր Զօր քաղաք, ուր պաշտօնական հանդիպում ունեցան նորընտիր նահանգապետին՝ Ապտ ալ Մաճիտ Քաուաքիպիի եւ շրջանի պատասխանատուներուն հետ։

Առաջնորդ Սրբազան Հայրը յանուն սուրիահայ համայնքին շնորհաւորեց նահանգապետը իր ստանձնած կարեւոր եւ սրբազան ու դժուարին պաշտօնին համար։ Անդրադառնալով Տէր Զօրի ազատագրումին եւ հայութեան համար անոր իւրայատուկ նշանակութեան, Սրբազան Հայրը ըսաւ, որ Հայոց Ցեղասպանութեան օրերուն նոյն ոճրագործները փորձեցին հայութիւնը ոչնչացնել Տէր Զօրի մէջ, սակայն հզօր Տիրոջ օրհնութեամբ եւ Սուրիոյ ասպնջական ժողովուրդին շնորհիւ յարութիւն առինք։ Այս իմաստով Տէր Զօրը տոկունութեան եւ յարութեան, վերապրելու եւ վերականգնելու խորհրդանիշն է։

Նահանգապետը բարձրօրէն գնահատեց հայութեան կապուածութիւնը Սուրիական Հայրենիքին եւ ազնիւ դերակատարութիւնը Սուրիոյ ծաղկումին, իսկ յետպատերազմեան օրերուն վերականգնումին մէջ

Պատուիրակութիւնը եւ պետական պաշտօնական ներկայացուցիչները այցելեցին ականուած եւ ամբողջութեամբ քանդուած Սրբոց Նահատակաց Յուշահամալիր, ուր կատարուեցաւ պաշտօնական ծաղկեմատոյց եւ հոգեհանգստեան յատուկ աղօթք Սուրիոյ եւ հայութեան բոլոր նահատակներուն համար։ Ապա ներկաները ուղղուեցան մեծ մզկիթ, ուր տեղւոյն հոգեւոր պատասխանատուն նահատակաց հոգւոյն համար աղօթք բարձրացուց առ Աստուած։

Այս առիթով խորհրդակցութիւն կատարուեցաւ միասնաբար որդեգրուելիք ծրագիրներուն եւ քայլերուն առնչութեամբ։

Պաշտօնական պատուիրակութիւնը վերանորոգ յանձնառութեամբ նոյն օրուան երեկոյեան վերադարձաւ Հալէպ։

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.