Տերսիմի Հայերը Կը Բացայայտեն Իրենց Արմատները. Մենք Կորսուած Ու Որբացած Երեխաներու Կը Նմանինք

ԼրագրողՆայիրի Հոխիկեան Սփութնիք Արմենիա կայքին վրայ հրապարակած է Տերսիմի հայերու մասին յատուկ յօդուած մը։ Ստորեւ արեւմտահայերէնի վերծանուած յօդուածը։

Ի՞նչ մնացած է Արեւմտեան Հայաստանի հայկական ժառանգութենէն: Որո՞նք կ’ապրին մեր պատմական հայրենիքին մէջ, միայն թուրքեր ու քուրտե՞ր, թէ՞ հայկական արմատները տակաւին կ’ընձիւղին այդ շրջաններուն մէջ:

Երբեւիցէ մտածեր էք, որ դարասկիզբի ջարդերէն հրաշքով փրկուած մեր հայրենակիցները մէկ դար եւ աւելի կը պայքարին իրենց ինքնութեան ու գոյութեան ի խնդիր:

Թուրքիոյ կեդրոնական շրջանի՝ Տերսիմի գիւղերէն մէկուն մէջ ապրող Սուատ Տինլէրին ընտանիքը, փրկուելու համար ցեղասպանութեան կոտորածներէն, ընդունած է մահմետական Ալեւի կրօնքը եւ որպէս վարպետ դարբիններ, ցայսօր կը զարդարեն շրջանի լաւագոյն տուները:

«Մենք միշտ գիտէինք, որ հայկական արիւն կը հոսի մեր երակներուն մէջ ու հայեր ենք: Մեր ընտանիքը ամէն իմաստով բարգավաճ ու հանգստաւէտ կեանք մը կ’ապրի այստեղ, սակայն մեզի անծանօթ է հայկական հոգեւոր արժէքները: Կը փափաքիմ սորվիլ հայկական աւանդական դարբնեգործութեան վարպետութիւնները եւ պատւով ու հպարտութեամբ ներկայացնել այստեղի բնակիչներուն», կը պատմէ Սուատ:

Սուատի պապենական տունը կը գտնուի Մնձուրի գետի ափին: Արեւմտեան Հայաստանի կեդրոնական մասերէն աւելի քան 160 քմ հեռաւորութեան վրայ, այս գետը սկիզբ կ’առնէ Մնձուրի լեռներէն, Հոզաթէն, Մազկերտէն և շատ այլ բնակավայրերէն կը հոսի Արածանի:

Սուատ Տինլէր, Մնձուրի գետին վրայ ջրաելեկտրական կայան շինելով, ամբողջ շրջանը մատակարարած է ձրի ելեկտրականութեամբ: Այդ պատճառով, գիւղացիները զինք Լուսաւորիչ կոչած են: 2018 թուականին Սուատ կը վերադառնայ իր նախահայրերու հաւատքին, եւ բացայատօրէն մկրտուելով կ’ընդունի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ հայրապետի Առաքելական հաւատքը, վերակոչուելով՝ Վարդան:

«Ես չեմ մեղադրեր Արեւմտեան Հայաստանի տարածքին ապրող միլիոնաւոր հայերը, որոնք կամքէ անկախ պատճառներով մահմետականութիւնը ընդունած են: Անոնք մեղաւոր չեն, բայց ես իմ ընտրութիւնս կատարեցի՝ մօտենալու համար արմատներուս: Հաւատացէք, մենք ալ նոյնպէս հայ ենք, բայց հայերու կարօտ: Մենք կը նմանինք կորսուած որբերու, որոնք հայրենի տան մէջ կ’ապրին, բայց եւ այնպէս կը փնտրեն իրենց ծնողները, բայց չեն գտներ», կ’ըսէ Սուատ՝ Վարդան :

Վարդանի մտերիմ ընկերը՝ Տերսիմցի Զէքի Սարըչան, շատ ժամանակ չանցած կը հետեւի Վարդանի օրինակին:

«Մեծ հայրս Տերսիմի մէջ կերպասեղէնի յայտնի մասնագէտ էր: Ցեղասպանութենէն փախչած ժամանակ կը կորսնցնէ զաւակներէն մին, բայց տասնամեակներ ետք, Ստամպուլի մէջ պատահաբար հանդիպեցանք մեր կորսուած հօրեղբօր զաւկին: 100 տարի առաջ մեր կորսնցուցածները կամաց-կամաց ետ կը գտնենք Աստուծոյ նախախնամութեան շնորհիւ: Մենք չենք կրնար ոչնչացուիլ», կ’ըսէ Սարըչան:

Պատմական մեր հայրենիքին մէջ այսպիսի շատ ճակատագիրներ կան: Դեռեւս ձեր ազգականը Տերսիմի, Մուշի, Վանի, Տիգրանակերտի կամ Էրզուրումի մէջ կը սպասէ ճակատագրական հանդիպման…

Արեւմտեան Հայաստանի մէջ գտնուող չորս միլիոն հայեր այլեւս ծպտեալ չեն, անոնք կ’ապացուցեն, որ արիւնը նոյնիսկ մէկ դար անց չի փոխեր իր գոյնը: Անոնք ամէն օր իրենք զիրենք վերստին կ’արարեն:

Ազգային ինքնութեան եւ տակաւին չբացայայտուած ճշմարտութեան բացայայտումը անխուսափելի է….

Պատասխանատու ըլլալ՝ իւրաքանչիւր հայու պատիւոյ խնդիրն է…

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.