Տեղի Ունեցաւ Հ.Յ.Դ. Աշխարհասփիւռ Ուսանողական Միութիւններու Առցանց Խորհրդաժողովը

12-13 Փետրուար 2022_ին, տեղի ունեցաւ Հ.Յ.Դ. Երիտասարդական Խուրհուրդի Ուսանողական Յանձնախումբի կազմակերպած Հ.Յ.Դ. աշխարհասփիւռ Ուսանողական Միութիւններու առցանց խորհրդաժողովը, որուն իրենց մասնակցութիւնը բերին Հ.Յ.Դ. Հայաստանի՝ Նիկոլ Աղբալեան, Լիբանանի՝ Զաւարեան, Սուրիոյ՝ Քրիստափոր, Իրանի՝ Յովնան Դաւթեան, Արեւմտեան ԱՄՆ-ի՝ Շանթ եւ Գանատայի՝ Արմէն Գարօ ուսանողական Միութիւններէն ներկայացուցիչներ, Ուսանողական Յանձնախումբէն անդամներ, Երիտասարդական Գրասենեակի պատասխանատուները եւ Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի Երիտասարդական Հարցերու ներկայացուցիչ ընկերը:

Առաջին օրուան օրակարգով իւրաքանչիւր միութիւն հանգամանօրէն ներկայացուց միութեան իրավիճակը, ապա կազմակերպուեցաւ կլոր սեղան, որուն մասնակցեցան նաեւ նախանցեալին ուսանողական միութիւններու մէջ գործունեայ պատասխանատուներ: Շահեկան զրոյցի ընթացքին քննարկուեցան Հ.Յ.Դ. Ուսանողական Միութիւններու առաքելութիւնը, անոնց առջեւ ցցուող մարտահրաւէրները եւ յառաջիկայ գործունէութեան հեռանկարները:

Երկրորդ օրը խորհրդաժողովը քննարկման առարկայ դարձուց Ուսանողական Միութիւններու կազմակերպական կառոյցի եւ կանոնագրային պատշաճեցման միտուած կէտերը եւ գործունէութիւնը ընդլայնելու ու նոր անդամներով շարքերը խտացնելու ծրագիրները: Յատուկ ուշադրութեան արժանացան Հայ ուսանողը եւ ուսանողական միութիւններու միջեւ ծաւալելիք համատեղ ծրագիրները:
Խորհրդաժողովը անգամ մը եւս հաստատեց Հ.Յ.Դ. Ուսանողական Միութիւններու յանձնառութիւնը՝ հայրենիքի պաշտպանութեան, հայութեան ինքնութեան պահպանման ու կերտման եւ անոր արդար դատի ու պահանջատիրութեան համար՝ համալսարանական եւ ակադեմական շրջանակներու մէջ իրենց կարողականութիւնը ի սպաս դնելու։

Խորհրդաժողովը կարեւորութեամբ շեշտեց դաշնակցական ուսանողական միութիւններու բազմատեսակ գործունէութեան խթանումը հայ ուսանողութիւնը յուզող ու հետաքրքրող հարցերու բարւոք լուծման:

ՀՅԴ ԲԻՒՐՈՅԻ
ԵՐԻՏԱՍԱՐԴԱԿԱՆ ԳՐԱՍԵՆԵԱԿ

 16 Փետրուար, 2022թ

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.