Տեղեկատուական առճակատման որոգայթները

(«Հորիզոն»ի նոր կայքէջի հրապարակման առթիւ)

«Հորիզոն»ի եռալեզու նոր կայքէջի հրապարակումը կը միտի այսօրուան համահայկական մեր հիմնահարցերուն գծով հայ եւ միջազգային հանրութեան մօտ կատարել քարոզչական անհրաժեշտ լրատուութիւնը։

Մամուլին վիճակուած է ոչ միայն բաւարարել հանրութեան ամէնօրեայ տեղեկատուական ծարաւը, այլեւ ազդել հասարակական կարծիքի ձեւաւորման վրայ եւ ինչու չէ հունաւորել գաղափարախօսական նոր աշխարհայեացքներ։

Այս բնագաւառէն ներս, Հայաստանի դէմ տեղեկատուական պատերազմ վարող երկու պետութիւնները կը հանդիսանան Թուրքիան եւ Ատրպէյճանը։ Անգարայի իշխանութիւնները այդ մէկը կը կատարեն աւելի քան մէկ դարէ ի վեր, իսկ Պաքուն այդ մէկը կը կատարէ քառորդ դարէ ի վեր։ Երկու պարագաներուն ալ, ապատեղեկատուական եւ հակահայ քարոզչութեան ամէնօրեայ յարձակում կ՚իրագործուի մեր դէմ։

Թրքական կողմը Հայոց Ցեղասպանութիւնը ուրանալու իր քարոզչութեամբ, իսկ ատրպէյճանական կողմը Խոջալուի դէպքը «ցեղասպանութեան» համազօր դասակարգելու իր անդուլ ճիգերով, փորձ կը կատարեն դէպքերու խեղաթիւրուած իրողութիւնը սփռել միջազգային հասարակութեան մէջ։

Հայկական կողմը իր կարգին ձեռնածալ չէ։ Տեղեկատուական առճակատման մէջ ենք ամէն օր։ «Հորիզոն»ի մեր նոր կայքէջով կու գանք ամրապնդելու հայկական կողմի քարոզչական խրամադիրքերը։

Պատահական չէր, որ 2014-ի Նոյեմբերին «Հորիզոն» շաբաթաթերթի կայքէջը www.horizonweekly.ca ատրպէյճանական կայքահէն (hacker) խումբի՚ յարձակման թիրախ դարձաւ։ Նոյն ձեւով, 2014-ի Հոկտեմբերին, երբ մեր կայքէջով վկայակոչեցինք եւ արձագանգեցինք թրքական իշխանութիւններու եւ Սուրիոյ մէջ գործող ահաբեկչական զինեալ խմբաւորումներու միջեւ համագործակցութեան մասին, նախ նշաւակ դարձանք Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան, ապա թիրախ դարձանք եղեռնագործի վարձկան կայքահէններուն յարձակման։ Մենք կը գիտակցինք, որ տեղեկատուական պատերազմի մէջ ենք հակառակորդին դէմ, եւ այդ քարոզչական-տեղեկատուական առճակատման Ամերիկեան ցամաքամասի հիւսիսային խրամադիրքը վերապահուած է «Հորիզոն»ին: ՚

Մեր նոր կայքէջի առաքելութիւնը նպատակաուղղուած է հզօրացնելու, ամրագրելու եւ զարգացնելու գիտարուեստի համացանցային քարոզչական մեր ծիրը, որպէսզի յաւելեալ ներուժով դիմագրաւենք հակառակորդի ապատեղեկատուական ոտնձգութիւններն ու խեղաթիւրումները:

Հայոց Ցեղասպանութեան հարցին գծով, այսօր, մեզի համար գերագոյն հրամայական է միջազգային գետնի վրայ հատուցման հարցի արծարծումն ու անոր հետապնդումը։ Հայութեան ազգային պահանջատիրութեան երկրորդ օղակն է հատուցումը, որ իր մէջ կ՚ընդգրկէ հայութեան կրած հողային կորուստներու ու նիւթական վնասներու համագումարը։ Պէտք է ընդունինք սակայն, որ հողային հատուցման գծով քարոզչական առճակատումը՝ իր տարողութեամբ աւելի բուռն պիտի ըլլայ։ Որովհետեւ, անցեալի, ներկայի կամ ապագայի որեւէ իշխանութիւն Անգարայի մէջ, պիտի մերժէ թրքական հողային ամբողջականութիւնը տարանջատումի ենթարկելու որեւէ փորձ։

Ահաւասիկ, նման մարտահրաւէրներու դէմ յանդիման իր լաստերը կը բարձրացնէ «Հորիզոն»ի կայքէջը, քաջ գիտակցելով, որ տեղեկատուական պատերազմի որոգայթներուն մէջ, յառաջիկայ առճակատումները պիտի ըլլան բուռն եւ անխնայ։

«Հորիզոն»ի խմբագրական

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.