«Տարիներէ ի վեր ՀՅԴ Գանատայի Երիտասարդական Միութեան կազմակերպած ամառնային ճամբարները իրենց արդիւնքները սկսած են տալ». ՀՅԴ Գանատայի Կեդրոնական կոմիտէի անդամ Հուրի Նաճարեան

ՀՅԴ Գանատայի Կեդրոնական կոմիտէի անդամ Հուրի Նաճարեան վերջերս այցելեց Հայաստանի հիւսիսային շրջանի Լոռիի մարզին մէջ գործող ՀՅԴ կոմիտէութիւնները,  ընկհ. Արմինէ Կիւրեղեանի ընկերակցութեամբ եւ այս առթիւ «Հորիզոն»ի հետ հարցազրոյցին ընթացքին հաստատեց. «Չորս կոմիտէութիւններուն ընդունելութիւնը շատ ջերմ էր», աւելցնելով, թէ կոմիտէներու անդամները անհամբեր կը սպասէին նման այցելութեան մը Գանատայի Կեդրոնական կոմիտէին կողմէ, նկատի առած որ Գանատայի շրջանը ստանձնած է Լոռիի մարզի ե՛ւ բարոյական, ե՛ւ նիւթական աջակցութիւնը»:

«Որպէս ականատես, կրնամ վկայել, որ շրջանները կ’ապրին վերաշխուժացման հանգրուան մը, նոր ծրագիրներ մշակելու եւ իրականացնելու պատրաստակամութիւն կը ցուցաբերեն, մանաւանդ որ կոմիտէութիւնները նոր աւիւն ստացած են, եւ անդամներու թիւի ակնառու աճ արձանագրուած է», յայտնեց Նաճարեան:

Անդրադառնալով ՀՅԴ Գանատայի Երիտասարդական Միութեան կազմակերպած ամառնային ճամբարներուն, Նաճարեան ըսաւ. «Տարիներէ ի վեր ՀՅԴ Գանատայի Երիտասարդական Միութեան կազմակերպած ամառնային ճամբարները իրենց արդիւնքները սկսած են տալ, անոնց շնորհիւ շրջանին մէջ այսօր ստեղծուած են ՀՅԴ պատանեկան շարքերը. Վանաձորի մէջ, օրինակ, պատանեկան միութիւնը այսօր յիսուն պատանի կը հաշուէ»:

Կեդրոնական կոմիտէի անդամը յայտնեց նաեւ, թէ պէտք է խոստովանիլ, որ Վանաձորի ամառնային ճամբարը ստեղծած է խանդավառութիւն շրջանի միւս կոմիտէութիւններուն մօտ, եւ անոնց ակնկալութիւնն է կազմակեպել նման ճամբարներ իրենց շրջաններուն մէջ եւս: «Ասոնք սերմերն են ապագայի մեր երիտասարդական եւ կուսակցական շարքերուն», աւելցուց ան:

Նաճարեան յայտնեց, թէ Լոռիի մարզին մէջ գործունէութիւն ծաւալելու հիմնական նպատակն է ներգրաւել շրջանի երիտասարդները, ժողովուրդին հետ մօտէն առնչուիլ եւ այդպիսով ե՛ւ ծառայել տեղւոյն ժողովուրդին, ե՛ւ քաղաքականացնել շրջանի երիտասարդութիւնը, ինչպէս նաեւ աջակցիլ իրենց եւ մշակել այնպիսի ծրագիրներ, որոնք կարենան հիմք հանդիսանալ շրջանի կոմիտէութիւններուն՝ ապագային ինքաբաւ դառնալու հեռանկարին:

Կեդրոնականի անդամը այցելած է Վանաձորի, Ստեփանաւանի, Տաշիրի եւ Սպիտակի ՀՅԴ կեդրոնները եւ այդ առնչութեամբ յայտնեց, թէ կեդրոններուն մէջ տարուած աշխատանքները քաջալերելի են եւ ունին իրենց դրական ազդեցութիւնը երիտասարդներուն եւ անոնց ծնողներուն վրայ: Այս մէկը կը սատարէ տեղւոյն ժողովուրդին հետ սերտ կապեր հաստատելուն: «Սակայն իւրաքանչիւր կոմիտէութիւն ունի նաեւ իր դժուարութիւնները,- յայտնեց ան,- ոմանք կեդրոնի նորոգման հարցեր ունին, ոմանք ալ վարձու կեդրոններու մէջ կը գործեն եւ կը ծրագրեն մնայուն կեդրոններ ունենալ, որպէսզի առաւե՛լ աշխոյժ մշակութային եւ քաղաքական գործունէութիւն կարենան ծաւալել»:

«Տաշիրի մէջ ուշագրաւ էր իգական սեռի ներկայութիւնը մեր կառոյցներուն մէջ, ինչպէս նաեւ քաղաքը համեմատաբար աւելի բարեկեցիկ իրավիճակ մը կը պարզէ, հետեւաբար շրջանը լաւ ենթահող է լայնածաւալ գործունէութիւն մշակելու», ըսաւ ան:

Առանձնաբար Սպիտակի ճամբարին անդրադառնալով Նաճարեան բացայայտեց. «Սպիտակը յաջողած է իր տեղական ուժերով ամառնային ճամբար կազմակերպել, մշակութային ծրագիրներ իրականացնել եւ նոյնիսկ պետական միջոցառումներու մասնակցիլ, ինչ որ չափազանց գնահատելի է», եւ կրկին շեշտելով Վանաձորի մէջ ԳԵՄ-ի ճամբարին կարեւորութիւնը՝ յայտնեց, որ յառաջիկային կարելի է տեղական ուժերուն մասնակցութեամբ գործունէութեան ծիրը ընդլայնել եւ ընդգրկել Լոռիի մարզի միւս շրջանները, որոնք իսկապէս անհամբեր կը սպասեն նման ծրագիրներու իրականացման նաեւ իրե՛նց շրջաններուն մէջ:

Ան եզրափակեց զրոյցը ըսելով. «Լոռիի մարզի կոմիտէութիւնները սերտած եւ մշակած են ծրագիրներ, զորս յանձնեցին մեզի, որպէսզի մենք ալ մեր կարգին սերտենք զանոնք եւ ըստ կարելիութեանց աջակցինք անոնց իրականացման, մանաւանդ որ անոնցմէ մեծամասնութիւնը նաեւ պիտի նպաստէ տեղւոյն ժողովուրդին գործի առիթներ ստեղծելու եւ շրջանի բարեկեցութեան»:

«ՀՅԴ Կեդրոնական կոմիտէի Լոռի-Ջաւախք յանձնախումբը պիտի շարունակէ իր գործունէութիւնը յանուն հայրենիքի բարգաւաճման եւ ժողովուրդին բարօրութեան», եզրակացուց Նաճարեան:

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.