Վստահ ենք, որ գանատահայութիւնը պիտի անսայ Լիբանանահայ մեր հայրենակցիներուն աջակցելու կոչին

Հարցազրոյց ՀՅԴ Գանատայի Կեդրոնական Կոմիտէի Ներկայացուցիչ Մհեր Գարագաշեանի հետ

Մայիս 25ին «Հորիզոն»ի խմբագրական կազմի անդամ Քրիստափոր Միքայէլեան հարցազրոյց ունեցաւ ՀՅԴ Գանատայի Կեդրոնական Կոմիտէի Ներկայացուցիչ Մհեր Գարագաշեանին հետ, որուն ընթացքին արծարծուեցան Հայոց Ցեղասպանութեան 105 ամեակի առցանց ձեւաչափով ոգեկոչման արդիւնքները, Անգարայի մօտ Գանատայիդեսպանատան կողմէ հրապարակուած ոչ հայանպաստ յայտարարութեան դէմ պայքարի նորագոյն զարգացումներն ու Գանատայի Արտգործ նախարարութեան կեցուածքը, գանատահայութեան կողմէ Լիբանանի մեր հայրենակիցներուն օժանդակութեան ծրագիրն ու ՀՅԴ ԳԵՄ-ի եւ «Արմէն Գարօ» ուսանողական միութեան մասնակցութիւնը «Օգնիր հայրենակցիդ» ծրագրին։

Ան նշեց, որ Հայոց Ցեղասպանութեան 105ամեակի առցանց ոգեկոչումը իւրայատուկ էր մանաւանդ այն առումով, որ Գանատայի բարձրաստիճան պետական ներկայացուցիչներ ուղերձներով հանդէս եկան եւ դատապարտեցին Հայոց Ցեղասպանութեան ժխտումն ու իրենց զօրակցութիւնը յայտնեցին հայ ժողովուրդի արդար պահանջատիրութեան։

Անդրադառնալով Անգարայի մօտ Գանատայի դեսպանատան կողմէ հրապարակուած ոչ հայանպաստ յայտարարութեան, Մհեր Գարագաշեան նշեց, որ Գանատայի Արտգործ նախարարութիւնը չի բաժներ այդ կարծիքը, այլ կ՚ընդունի ազգերու ինքնորոշման եւ հարցի խաղաղ լուծման ԵԱՀԿ-ի գործընթացը։

Ան յայտարարեց, որ Լիբանանի մեր հայրենակիցներուն օժանդակութեան համար արդէն իսկ կազմուած է Լիբանանահայութեան Օժանդակութեան Մարմինը, որ լծուած է աշխատանքի, իսկ «Օգնի՛ր Հայրենակիցիդ» նախաձեռնութիւնը ինքնին վկայութիւն է, որ Դաշնակցութիւնը ամէնուրեք եւ յամենայն ժամ պատրաստ է օժանդակելու մեր հայրենակիցներուն, թէ՝ Հայաստանի սահմանամերձ գիւղերուն մէջ եւ թէ այնտեղ, ուր որ կարիքը կայ օգնութեան։

https://www.facebook.com/120633978044872/videos/990507211397724/

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.