Վոսփորէն Պայքալ Եւ Թուրան, Լռած Եւրոպան, Ռուսը, Արաբը, Ամերիկան Եւ… Հայաստանը

Յ. ՊԱԼԵԱՆ

Ընկերաքաղաքական անմիջական մանրուքներու մէջ ջուր ճողփացնող մեծերու եւ պզտիկներու քաղաքականութիւնը, իր տպաւորիչ վերադիրով` միջազգային, կը վարագուրէ գալիք վտանգները:

Միջազգային բեմ բուռն թափով մուտք գործած Թուրքիան ի՞նչ կը հետապնդէ:

Հայերը, Արցախը եւ հանրապետութիւնը կը գտնուին Թուրքիոյ հետապնդած նպատակներու առաջնագիծին: Անօգնական, իրաւ դաշնակիցներ չունենալով` անոնք առաջին պատնէշն են ազգայնական-ծաւալապաշտական հետեւողական փորձ-նախայարձակումներու: Ուրիշներ, ներառեալ` այսպէս կոչուած մեծ պետութիւնները, չեն տեսներ, առայժմ չեն ուզեր տեսնել ծաւալելու կոչուած Մեծ Թուրանի իրականացման միտող եւ գերաճող վտանգը:

Եւրոպան, Ամերիկան, Ռուսիան, Չինաստանը եւ արաբական աշխարհը, պահ մը փակագիծի մէջ դնելով իրենց տարակարծութիւնները եւ լռեցնելով շրջանային փառասիրութիւնները, կը փորձե՞ն հասկնալ, թէ ի՛նչ կ՛ընէ եւ ի՛նչ կ՛ուզէ Թուրքիան, ո՞ր հեռանկարները կը հետապնդէ, Չինաստանէն պալքանեան Եւրոպա, Սուրիա եւ Իրաք, մինչեւ Ուաշինկթըն, ուր ներկայութիւն ըլլալու համար կը կառուցէ մզկիթ: Միամիտ չեն, բայց  կը խորհին հաւանօրէն, որ ՄԵԾԵՐէն ոչ մէկը իր տեղը պիտի տայ կամ տեղ պիտի տայ անոր:

Այսօր միջազգային քաղաքականութեան աւագ եւ կրտսեր առաջնորդները, թենորները, դար մը ետ երթալով, կը փորձե՞ն գիտնալ եւ հասկնալ Ա. Աշխարհամարտը նախարդող եւ անոր յաջորդող ժամանակաշրջանին, եւ այսօր ալ շարունակուող թուրք ազգայնականութեան եւ ծաւալապաշտութեան գաղափարախօսութիւնը: Եթէ չեն գիտեր, մոռցած են, չեն ուզեր գիտնալ, իրենց երկիրներու մտաւորականութիւնը պէտք է յիշեցնէ, որ այդ գաղափարախօսութիւնը միշտ վառ է եւ զանազան ձեւերով կ՛արտայայտուի, ինչպէս` վերակենդանացումը Օսմանեան կայսրութեան, Չինաստանի ույղուրներու պաշտպանութիւնը, Ազրպէյճանի զօրակցութիւնը` մէկ ազգ երկու պետութիւն տարազով, ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդին մէջ մնայուն անդամ դառնալու իրաւունքի պահանջը:

Գիտնալ եւ յիշեցնել, որ դար մը առաջ Զիա Կէօքալփ (1875-1924) մշակած եւ բանաձեւած է Թուրքին նպատակը, որ ՀԱՄԱԹՈՒՐԱՆԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆն է: Պէտք չէ զարմանալ, որ Հայաստանէն պահանջուող միջանցքը անթաքոյց կը կոչեն ԹՈՒՐԱՆԻ ՃԱՆԱՊԱՐՀ: Այսինքն` ի՞նչ:

Զիա Կէօքալփի սահմանումը պէտք է յիշել եւ յիշեցնել զանազան պատճառներով եւ մանր շահերու համար Թուրքիան դարպասողներուն եւ անոր ցանկութիւնները բաւարարողներուն:

Զիա Կէօքալփ կը նպատակադրէր միացնել եւ քաղաքական մէկ միաւոր ստեղծել թրքացեղ եւ թրքալեզու բոլոր ժողովուրդներով: Կը ճշդէր նաեւ աշխարհագրական սահմանները. «Վոսփորէն Պայքալ»: Այդ ցանկութիւնը կրկնեցին նաեւ մենտերեսներ` ըսելով. «Եգէականէն Չինաստան»: Ռեճեփ էրտողան խօսեցաւ սուլթանի կայսրութեան մասին եւ այսօր կը հանդիսանայ կրողը համաթուրանակութեան եւ միջազգային քաղաքականութեան մէջ իր որդեգրած պատեհապաշտութեամբ կը ձգտի անոր իրականացման:

Մենտերես թէ Էրտողան, ինչպէս անցեալին` Էնվեր, Զիա Կէօքալփի ցեղապաշտական եւ ծաւալապաշտական գաղափարախօսութեան շարունակողներն են: Զիա Կէօքալփ ըսած էր. «Թուրքերու հայրենիքը Թուրքիան չէ, ոչ իսկ Թուրքեստանը, անոնց երկիրը ընդարձակ եւ յաւերժական հող մըն է. Թուրանը»: Շարժումը անցեալին ունեցած է իր առաջնորդը` Հայոց ցեղասպանութիւն ոճիրին մասնակից եւ մեղսակից Էնվերը:

Եւրոպայի, Ամերիկայի, Ռուսիոյ եւ  Չինաստանի ազդեցութեան իրենց շրջանները ընդարձակելու միտող մրցակցութիւնները եւ արաբական աշխարհի ինքնութեան որոնման եւ ինքնահաստատման յաջող-անյաջող փորձերը կարծէք կը մոռցնեն համաթրքականութեան (panturquisme) կամ  համաթուրականութեան (pantouranisme) աւելի քան մէկ դարէ ի վեր խմորուող եւ յաճախ հրապարակ եկող սպառնալիքը:

1839-ին արդէն կազմուած էր թուրանական ընկերակցութիւն մը, որ կը նպատակադրէր հիմնել Թուրանի կայսրութիւնը:

1915-ին Օսմանեան կայսրութիւնը ղեկավարող Երիտթուրքերը, Ա. Համաշխարհայինին մասնակցելով, կը յայտարարէին, որ իրենց նպատակն էր բոլոր թուրքերու միացումը: Թուրքիան այսօր ալ կը յաւակնի ղեկավարել բոլոր թուրք ժողովուրդները, ծագումով եւ լեզուով, 250 միլիոն, որոնք կը բնակին Չինաստանէն Սիպերիա տարածքները:

Համաթրքութիւն եւ համաթուրականութիւն յաճախ կը նոյնացուին: Առաջինը կը միտի միացնել թուրք ժողովուրդները, երկրորդը աւելի լայն ծիր ունի` Կեդրոնական Ասիայէն ծագում առած, Ուրալի եւ Ալթայի միջեւ եղած տարածքները: Թուրանական եզրով կը բնորոշուին Հին Աշխարհի ոչ հնդեւրոպական եւ ոչ սեմական ժողովուրդները, ինչպէս` ազերի, օղուզ, չուվաշ, թուրք-թաթար, թունկուզ, ույղուր, ուզպեք եւ այլ, նաեւ` ճափոնցիները, չինացիները, քորէացիները, թիպեթցիները: Այսօր ալ այդ ժողովուրդներու լեզուները կը դասուին որպէս «թուրանական», նոյնիսկ երբ նմանութիւնները չնչին են, ինչպէս` հունգարերէնը եւ թրքերէնը: Արդի լեզուաբանութիւնը կը մերժէ ուրալ-ալթայական լեզուներու նոյն ընտանիքին պատկանելիութիւնը: Հակառակ այս իրողութեան, Ա. Համաշխարհայինի օրերուն, թուրանականութիւնը, օրինակ, Հունգարիոյ մէջ հետեւորդներ ունէր, որոնք կը ձգտէին երկիրը անջատել Եւրոպայէն: Կը հաւատային, որ գերմաններէն եւ սլաւոններէն ետք պիտի գար թուրանականներու ժամանակը, որ պիտի տարածուէր Հունգարիայէն Ճափոն:

Թուրան եւ Թուրքիստան հոմանիշ են, այսինքն` «Թուրքերու երկիր» կամ աշխարհ: Թուրանի 80 տոկոսը անապատ է, բայց ունի նաւթի եւ կազի մեծ պաշարներ: Հոն կան երեք պետութիւններ` Թիւրքմենիստանը, Ղազախստանը եւ Ուզպեքստանը:

Փակագիծ մը. օսմանցիներ երբ գրաւեցին Հունգարիան, ընդդիմութիւն գրեթէ չեղաւ յանուն հեթանոսական շրջանի թուրք-հունգարական եղբայրութեան, բայց թուրք զինուորները եւ պաշտօնէութիւնը կողոպտեցին երկիրը գրաւման երկու դարերու ընթացքին, եւ երկրի 3,2 միլիոն բնակչութենէն մնաց 1,1 միլիոն, եւ Հապսպուրկներու կայսրութեան օրերուն 1,1 միլիոնը դարձաւ 9,2 միլիոն: Թուրանական գաղափարախօսութեան պատճառով, Հունգարիա հաստատուած ծագումով գերման բնակիչները Բ. Աշխարհամարտէն ետք արտաքսուեցան, եւ զարգացաւ հակասեմականութիւնը:

Հակառակ փանթուրանիզմի սպառնալիքին եւ Թուրքիոյ մէջ ժողովրդավարութեան եւ մարդկային իրաւանց նուազուրդի ենթարկուած ներկայութեան, Ամերիկա հանդուրժողութիւն կը ցուցաբերէ` խորհելով, որ Թուրքիոյ զինուորական ուժը կրնայ օգտագործել Եւրասիական տարածքին մէջ: Եւ Թուրքիան կ՛օգտուի, ընթանալով համաթրքականութեան կամ հաաթուրանականութեան ճամբով, ձգտելով թրքական մեծ կայսրութեան մը ստեղծման` Ատրիականէն մինչեւ Չինաստան, նոյնիսկ եթէ այսօր այդ չի բանաձեւեր յստակութեամբ, որ պիտի ըլլայ շարունակութիւնը օսմանի կայսրութեան:

Մուսթաֆա Քեմալ երեւութապէս չհետեւեցաւ այս ուղղութեան, որպէսզի ստիպուած չըլլայ արդարացնելու Հայոց ցեղասպանութիւնը: Նաեւ, Խորհրդային իշխանութեան հաստատումէն ետք, անհնար էր համաթուրանականութեան քաղաքականութիւնը: 1942-ին, երբ գերմանական զօրքերը մտած էին խորհրդային տարածք, գաղափարը կրկին հրապարակ եկած էր: Բայց միջազգային դրութիւնը արգելք էր, եւ Թուրքիա դատեց ու դատապարտեց համաթուրանականութեան գործիչները, ինչպէս` Արփարսլան Թիւրքէշը, որպէս ցեղապաշտներ: Անգլիա սպառնացած էր գրաւել Թուրքիան, եւ Ստալին Խրիմի թաթարները` աքսորած, որոնք կրնային դաշնակիցը ըլլալ գերման-թուրք զինակցութեան մը:

Խորհրդային Միութեան փլուզումէն ետք անոր հարաւային շրջանի անկախացած պետութիւններուն մեծ մասը թրքական արմատներ ունի, բացի պարսկական արմատներ ունեցող տաճիկներէն: Ռուսիոյ Դաշնութեան մէջ բազմաթիւ ժողովուրդներ թրքական արմատներ ունի, ինչպէս` թաթարները, չեչենները, որոնք կը ձգտին անկախութեան: Դեռ Ալասքայի դիմաց, հիւսիսարեւելեան Սիպերիա գտնուող եագուտներն ալ թրքաբարբառ են: Այս ժողովուրդներու համագումար 120 միլիոն կ՛ըլլան: Անոնց բոլորը եթէ հեռացուին Ռուսիոյ ծիրէն, Թուրքիոյ օժանդակութեամբ, Ռուսիան կը փոքրանայ: Նոյնը` Իրանի պարագային, երկրի ազերիները օգտագործելով, կրնան զայն փոքրացնել եւ ենթարկել թրքական ազդեցութեան:

Վաղը եթէ յայտնուին ցեղապաշտ նոր տեսաբաններ ՄԵԾ ՄՈՆԿՈԼի կայսրութիւն մը ստեղծելու, ի հարկէ Թուրքիոյ առաջնորդութեամբ, պէտք չէ զարմանալ: Այսպէս կոչուած ժողովրդավարական աշխարհը եւ ինքնութիւն ունեցող պետութիւնները պէտք է իմացած ըլլան, որ Թուրքիոյ Ազգային շարժում կուսակցութիւնը, Թիւրքէշի Գորշ գայլերու հունով յառաջացած, անթաքոյց կերպով թուրանական է, երկրի երկրորդ կուսակցութիւնն է, ղեկավարն է Տեւլեթ Պահչելի, եւ ան իշխանութեան մաս կը կազմէ:

Յետխորհրդային շրջանի թրքական հանրապետութիւնները, բացի Ազրպէյճանէն, կը նախընտրեն գորածակցիլ Ռուսիոյ, քան Թուրքիոյ հետ, հակառակ գրեթէ նոյնացուած լեզուի: Ամերիկան եւ Եւրոպան դրամական օժանդակութիւններով կը փորձեն այս երկիրներուն մէջ ժողովրդավարութիւնը պահել, թէեւ մենիշխանութիւը քաղաքական բարք է: Ժողովրդավարութեան ձախողութիւնը իսլամականութեան տարածման պիտի նպաստէ, հետեւաբար` թուրանականութեան: Համաթուրանականութեան տեսաբանները թուրք-իսլամ նոյնացումով կը ձգտին իրակաՆացնել համաթրքութիւն:

Յետխորհրդային ժամանակաշրջանին ուժերու դասաւորումը եւ հակամարտութիւններու քարտէսը այնպէս է, որ համաթուրանականութիւնը անարգել զարգացման հնարաւորութիւններ ունի, քանի որ արդէն անցեալ համարուող Պաղ պատերազմը դիմագիծ փոխած է, գլխաւոր դերակատարներ են միշտ Արեւմտեան ճակատը (Ամերիկա եւ Արեւմտեան Եւրոպա) ընդդէմ իր կայսրութիւնը պահելու փառասիրութեամբ գործող Ռուսիոյ եւ անշրջանցելի երրորդ բեւեռ Չինաստանը: Չորրորդ բեւեռ կը ձգտի ըլլալ Թուրքիան` նաւարկելով Արեւմուտքի եւ Արեւելքի միջեւ, երբեմն մէկուն կամ միւսին հետ, միշտ հետապնդելով տարբեր անուանումներով կայսրութեան մը ստեղծում` համաթրքութիւն, համաթուրանականութիւն, համիսլամութիւն, օսմանցիութիւն, որ կը սպառնայ Ռուսիոյ, Արեւմուտքի եւ Չինաստանի, օգտուելով առաջին երեքի մրցակցութիւններէն:

Այսօր Հայաստան եւ հայութիւն փորձարկութեան դաշտ են: Թուրքիա կը սպասէ տեսնելու համար, թէ Ամերիկան, Ռուսիան, Չինաստանը եւ արաբական աշխարհը ինչպէ՞ս պիտի հակազդեն իր ծրագրած նոր քարտէսագրութեան:

Իսկ Եւրոպան, Ամերիկան եւ Ռուսիան չեն կրնար չգիտնալ, որ միասնաբար կը գտնուին նոյն մշակութաքաղաքակրթական համաստեղութեան մէջ, եւ իրենց հակամարտութիւնները զիրենք կը տկարացնեն, անկարող կը դարձնեն տեսնելու վտանգները: Չինաստանը ըլլալով միակտուր ուժ` պիտի կարենայ պաշտպանուիլ: Կրօնական ազդակի չարաշահումով համաթուրանականութիւնը կրնայ տարածուիլ արաբական աշխարհին վրայ, իսկ շարունակուող դասական Արեւելք-Արեւմուտք նոր անուն չունեցող նախկին Պաղ պատերազմը աղէտ պիտի ըլլայ երկուքին համար:

Տարբեր անուններով ներկայացող համաթրքական կամ համաթուրանական այլեւս անթաքոյց կերպով հետապնդուող նպատակը այսօր աւելի քան երբեք նախատեսել կու տայ մեծ աղէտներ:

Այսօր թրքական ծաւալապաշտութեան եւ յարձակողապաշտութեան առանցքին կը գտնուին նաեւ նաւթը եւ բնական կազը, որ կը սպառնայ ռուսական տիրոյթին եւ արաբական աշխարհին:

Ոչ ոք իրաւունք պիտի ունենայ ըսելու, որ չէինք գիտեր, չէինք հասկցած:

Քաղաքակրթական եւ մշակութական տեսիլքներու բախումը ծածուկ չէ, աշխարհը ղեկավարելու կոչուածները գիտեն: Չեն հակազդեր, քանի որ տարուած են պզտիկ շահերով:

Ի՞նչ կրնանք ընել եւ չենք ըներ մեր ժողովուրդը եւ հայրենիքը անվնաս կամ նուազագոյն վնասով առաջնորդելու համար նախատեսուող փոթորիկներուն մէջ:

Կը խօսի՞նք իրարու հետ, ունի՞նք ապագայի տեսիլք` մեր քիչը միացնելու համար, որպէսզի գերանցենք մասնակին եւ մանրուքը, տոկանք եւ տեւենք, ծառայենք մեր ժողովուրդին եւ հայրենիքին:

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.