Վերանկախացման Տժգոյն 32-Ամեակ
Տժգոյն էր Հ․Հ․ վերանկախացման 32-ամեակը։
Տժգոյն, գերտժգոյն ե՛ւ դալկահար, գերդալկահար։
Աւելի՛ տժգոյն եւ սնամէջ էր Հ․Հ․ վարչապետին խօսքը, որ տեւեց հազիւ կէս ժամ (սովորութիւն ունի ժամեր շարունակ խօսելու եւ դատարկաբանութիւններ դուրս տալու)։ Նոյնինքն «ազգընտիր» Փաշինեանն ալ տժգոյն էր, նո՛յնքան տժգոյն, որքան որ էր՝ իր կարծիքով՝ գրեթէ երեք տարի առաջ, 44-օրեայ պատերազմին հետեւանքով կորուսեալ «Տժգոյն Շուշի»-ն։
Տժգոյն ու դալկահար ենք մենք՝ բոլոր հայորդիներս, մասնաւորաբար տակաւին իր ցնդաբանութիւններուն հաւատացողները, որոնք երեք տարիէ ի վեր չեն կրցած հասկնալ, ըմբռնել եւ եզրակացնել, թէ հո՛ն՝ 19 Բաղրամեանի «ամրոց»-ի աթոռին կառչած վարչապետը որքա՜ն փորձանք ու արհաւիրք բերած է մեր՝ հայրենիքին ու ազգին գլխուն, եւ պէտք է անպայման մեկնի ա՛ն-վե՛-րա՛-դա՛րձ։
Վարչապետին օրուան խօսքը շատ ալ աղերս չունէր օրուան իմաստին, ո՛չ ալ դաժան վիճակին հետ: Ամենայն ժպրհութեամբ, վարչապետը (հետեւողութեամբ «Իմ Քայլ»-ին) «Գայլի աւետարան» կարդալով, դարձեալ նուագեց մաշած ձայնապնակը եւ փորձեց համոզել, թէ ինք եւ իր «տոհմ»-իկ խումբը «քաւութեան նոխազ» դառնալու կացութեան մէջ են։
Առաջին բառերէն իսկ արգահատելի էր, որովհետեւ սկսաւ խօսիլ ապատեղեկատուութեան մասին։ Հաւանաբար վերլուծաբան մը շէյքսփիրեան արտայայտութեամբ մը կարճ ու կտրուկ պիտի ըսէր․- «Look who’s talking!» (Տե՛ս, թէ ո՞վ է խօսողը)։
Յուշակորոյսի դեր խաղացող վարչապետը պէտք է քաջ գիտնայ, թէ բանիմաց եւ հայրենապաշտպան զանգուածներուն յիշողութեան մէջ թարմ են 44-օրեայ պատերազմին մինչեւ վերջին օրը հնչած՝ «Յաղթելու ենք»-ի պլըֆիզմն ու անոր առթած դառն կսկիծը։ Վարչապետը «ֆէյք»-ի մասին կը խօսքի՝ առանց ակնթարթ մը յիշելու իր բիւրաւոր «ֆէյք»-երը, ինչպէս՝ կնոջ եւ զաւակին շինծու նկարները, իբր թէ ռազմաճակատէն քաղուած, եւ նման անպատկառ կեղծիքով ազդեցութիւն բանեցնելով փափուկ սիրտերու ու մատղաշ երիտասարդներու վրայ։ Հապա՞ Գանձակի օդակայանին հիմնայատակ կործանումը, հապա՞…
Մարդս արդեօք անմտութեան ո՞ր գագաթնակէտը պէտք է նուաճած ըլլայ, որ նմանօրինակ նիւթով մը մեկնարկէ Հ․Հ․ վերանկախացման 32-ամեակի առթիւ իր ելոյթը։
Եւ նո՛յն «տրամաբանութեամբ»՝ ան շարունակեց իր խօսքը, սովորականին նման կմկմալով, ունկնդիրին հանդէպ աղաղակող արհամարհանքով եւ ցնորական վերլուծումներով զարմացնելով, շշմեցնելով եւ ապշեցնելով լսողները։
Մանրամասն մէջբերումներ կատարելով, հաւանաբար մենք ալ իյնանք ինքն իրեն համար լարած ծուղակին մէջ։ Կարճ խօսքով, ճառին իւրաքանչիւր բաժինը փաստ էր, թէ խօսքի սնանկ է (եւ սա ամէնէն մեղմ որակումն է):
Փորձենք հասկնալ. ի՞նչ կը նշանակէ այն, որ Արցախի բնակչութեան ուղիղ սպառնալիք չկայ։ Անտեղեա՞կ է, թէ դարձեալ սուտի տոպրակը բաց է: Ամէնէն անցողակի դիտող հայն անգամ պիտի պատասխանէր. «Ա՛յ մարդ․ չե՞ս տեսներ, թէ ինչ կը պատահի»։ Հարիւրաւոր զոհեր ու վիրաւորներ ինկած են, գիւղերէ բնակիչներ բռնի տեղահանուած են կամ ապահով վայրեր ապաստանած, մարդիկ սովի ու մաշումի ենթարկուած են ամիսներէ ի վեր…: Այս ընթացքով, ո՛չ միայն Արցախի մէջ նոր ցեղասպանութիւն տեղի կ’ունենայ, այլ նաեւ համաթուրանականութեան նորաձեւ եաթաղանները շուտով կրնան հասնիլ Սիւնիք, Գեղարգունիք, Վայք եւ ի վերջոյ․․․ «Էրիվան»՝ 19 Բաղրամեան պողոտայ, եւ ուրեմն՝ վերջ անկախ հանրապետութեան, վերջակէտ մը եւս Հայոց Պատմութեան էջերուն։ Նման մտավախութիւն նոր շեշտադրում կը ստանայ, երբ թրքական աղբիւրներ կը հաղորդեն, որ Փաշինեան քանի մը օր առաջ տեղեակ պահուած էր ազերիական յարձակումի ծրագիրէն…: (Մեզի համար թրքական լրատուութիւնը հաւաստի չէ, սակայն վերջին տարիներուն բազմիցս մեր լեզուն այրած է, Անգարայէն ու Պաքուէն եկած տեղեկութիւնները դաժան իրականութեան համապատասխան եղած են):
Եւ դեռ խօսի՜լ, իրարու խառնել «էթնիք զտում»-ը, «ներքաղաքական էնթրիկ»-ները, սահմանամերձ գիւղերու բնակիչներուն Ստեփանակերտի օդակայան փոխադրութիւնը՝ ռուս խաղաղապահ զինուորներու միջնորդութեամբ, դարձեալ մեղադրանքներ նետել այդ խաղաղապահներուն հասցէին․․․: Յետոյ, ի՞նչ հասկնալ ու հետեւցնել այն հակասութիւններէն, թէ ինք դէմ է արցախցիներու հայրենալքումին (կարծէք թէ մարդիկ կամովին պիտի լքէին հայրենի տունը), սակայն նաեւ պատրաստակամութիւն յայտնել 40 հազար ընտանիք ընդունելւո Հայաստանի մէջ եւ նման ընտրանք գունաւորել իբրեւ «երրորդ պլան»: Ո՞վ մոռցած է, որ Բերձորի եւ Աղաւնոյի բնակիչներուն ալ նման պատգամ ուղղուած էր ատենին եւ յետոյ, յանկարծ հրահանգ արձակուած էր հեռանալու եւ… չայրելու լքուած բնակարանները:
Հապա՞ 44-օրեայ պատերազմէն ետք բռնագաղթուած հատրութցիներն ու շուշեցիները, բռնագրաւեալ այլ շրջաններու բնակիչները, որոնցմէ շատեր մինչեւ օրս կը մնան Հայաստան (կամ այլուր), անոնց տունդարձի խոստումները հիմա ինկած են ազերիներու Արցախ եւ Հայաստան զանգուածային վերադարձի յորձանուտին տակ…
Այլ գիծի մը վրայ. վարչապետը վստահաբար քաջատեղեակ է, թէ իր ղեկավարած երկիրը իւրայատուկ է իր պաշտպանական կառոյցներով։ Աշխարհին մէջ քիչ են այն երկիրները, ուր ոստիկանութիւնը իր պատրաստութեամբ, նիւթական վարձատրութիւններով եւ հզօրութեամբ կը գերազանցէ… բանակը, եւ մի՛շտ պատրաստ է խոստանգելու արդարօրէն բողոքող ցուցարարներ, մինչեւ իսկ նահատակ զաւակներու ծնողներ: Եւ այս բոլորէն ետք, դարձեալ խօսի՜լ պողպատեայ հակադարձութեան մասին…
Հուսկ. յստակ է ամբողջական ու խոր վերլուծումներով՝ Հ․Հ․ ․ վերանկախացման 32-ամեակի առթիւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա․-ի հետեւեալ խօսքը․ «․․․Ողջ հայութիւնը ոտքի ելլէ՝ Հայաստանի, Արցախի ու Սփիւռքի մէջ, աշխարհին դիմաց արտայայտելով իր խոր ընդվզումը ու անխախտ միասնականութիւնը, ինչպէս նաեւ իր ամբողջական զօրակցութիւնը Արցախի ժողովուրդի ինքնորոշման իրաւունքին»:
Վեհափառ Հայրապետին կոչը վստա՛հաբար անարձագանգ պիտի չմնայ, որովհետեւ Երեւանի մէջ արդէն իսկ սկսած է մարմին առնել փոխընտրանքի վարչակազմը, որուն շուրջ պիտի համախմբուին ազգին ու հայրենիքին գոյատեւման հաւատացողները՝ մայր հայրենիքին մէջ եւ Սփիւռքի տարածքին:
«Հայրենիք»
Խմբագրական
Comments are closed.