«Վերածնուածը» Ժապաւէնի Արտադրութիւնը Նախատեսուած Է Իրականացնել 2022-ին

«Վերածնուածը» ժապաւէնի արտադրութեան համար շարժապատկերի բեմադրիչ Ջիւան Աւետիսեան եւ անոր խումբը 2021-ին դրամահաւաքի սկսած էին եւ նպատակադրած  մինչեւ 150 հազար ամերիկեան տոլարի հասնիլ:

254 նուիրատուի շնորհիւ ցարդ գոյացած է 123 հազար 92 ամերիկեան տոլար: Աւետիսեանի խօսքով` այս շատ ոգեւորող եւ պարտաւորեցնող է, սակայն ժապաւէնը իրականութիւն դարձնելու համար անհրաժեշտ է նաեւ Հայաստանի ազգային շարժապատկերի կեդրոնին աջակցութիւնը:

Լրագրողներու հետ մամլոյ ասուլիսի ընթացքին Ջիւան Աւետիսեան յայտնեց, որ շարժապատկերի նախագիծին զարգացման համար տարբեր աղբիւրներէ գոյացած էր` 51 հազար 700 ամերիկեան տոլար: Գումարը ներդրուած է բեմագրութեան յղկման ու զարգացման աշխատանքներուն, դերասաններու եւ նկարահանման վայրի ընտրութեան համար: Այս բոլորին աջակցութիւն յայտնեց Հայաստանի ազգային շարժապատկերի կեդրոնը եւս: «Մենք կը նախատեսենք նկարահանումներու սկսիլ այս տարի, եթէ կարողանանք գոյացնել գումարին մնացեալ մասը: Այժմ կը համագործակցինք ներդրողներու հետ Հայաստանի եւ արտերկրի մէջ: Ժապաւէնի արտադրութեան նիւթական աջակցութեան համար դիմումնագիրներ ներկայացուցինք տարբեր ֆոնտերու, դիմեցինք Հայաստանի ազգային շարժապատկերի կեդրոնին, կը համագործակցինք տարբեր շարժանկարներու ընկերութիւններու հետ, զուգահեռաբար կը հանդիպինք դերասանական կազմին: Ամուր եւ զօրեղ հիմքերու վրայ նախագիծը քայլ առ քայլ կը տանինք յառաջ: Կը փորձենք տարբեր երկիրներու մէջ համագործակցութիւն ձեւաւորել հեռարձակողներու, վաճառքի գործակալներու հետ», ըսաւ Աւետիսեան եւ աւելցուց` Ազգային շարժապատկերի կեդրոնին դիմեցինք արտադրութեան համար 80 հազար ամերիկեան տոլար ստանալու նպատակով. ասիկա  ժապաւէնին ընդհանուր պիւտճէին որոշ մաս է:

«Մենք չենք ըսեր թող պետութիւնը մեզի գումար տայ, եւ մենք կը նկարահանենք ժապաւէնը, ո՛չ, այլ կ՛ըսենք, որ այսքան բան կատարեցինք, եւ պետութեան աջակցութեան կարիքը ունինք, որովհետեւ  եւրոպական երկիրներու հետ միասին արտադրութան համար կարեւոր է  Հայաստանի ազգային շարժապատկերի կեդրոնի մասնակցութիւնը եւ, բնականաբար, ոչ փոքր գումարով: Ըստ համապատասխան կանոնակարգին, օտար երկրի մը ընկերութիւնը չի կրնար աւելի մեծ ներդրում կատարել, քան քու երկրիդ ընկերութիւնը», տեղեկացուց Ջիւան Աւետիսեան:

«Վերածնուածը» ժապաւէնով մեր ստեղծագործական խումբը պիտի խօսի հայ ժողովուրդին առջեւ ծառացած կարեւորագոյն հարցերուն մասին, պիտի պատմէ մեր մասին, Արցախի ժողովուրդի ազատ ապրելու ցանկութեան մասին, պիտի անդրադառնայ 2020 թուականի Արցախեան 44-օրեայ պատերազմին, պիտի խօսի մարդու ինքնութեան մասին եւ պիտի դատապարտէ պատերազմը: Բեմադրիչը չի փափաքիր խօսիլ միայն անցեալի ձախողութիւններուն, անցեալի թերութիւններուն մասին, այլ կը փորձէ ներկայացնել ներկան եւ կառուցել ապագան: «Ես կը հաւատամ, որ հայկական շարժապատկերի ոլորտը աշխարհին տալիք ունի: Այս ժապաւէնին բեմագրութիւնը կայացած է, որովհետեւ մօտաւորապէս չորս տարի է կ՛աշխատինք, կը զարգացնենք միջազգային ստեղծագործական խումբով, խորհրդատուներով:

«Վերածնուածը» գեղագիտական շարժապատկեր չէ, բայց որոշակի տարրեր կը պարունակէ: Կը կարծեմ, թէ այս շարժանկարը շատ բան ունի տալու թէ՛ հայուն, թէ՛ առհասարակ մարդուն», հաւաստիացուց բեմադրիչը, որուն նախորդ` «Թեւանիկ», «Վերջին բնակիչը», «Դրախտի դարպասը» ժապաւէնները տակաւին կը շարունակեն իրենց յաղթարշաւը ամբողջ աշխարհին մէջ:

«Վերածնուածը» ժապաւէնի նիւթին առանցքը կնոջ մը գաղտնիքն է, որ կը դառնայ երեք տարբեր ճակատագիրներու փոխկապակցման պատճառ. մարդամեքենայի շինութեան բաժանմունքի ֆրանսաբնակ ուսանողը պատերազմի մէջ սպաննուած հօր մասին ճշմարտութիւնը բացայայտելու համար կ՛որոշէ երթալ Հայաստան, Արցախ: Անոր ֆրանսաբնակ ընկերուհին իր քանատական արմատներուն յայտնաբերման համար կ՛որոշէ երթալ Իսլանտիայի մէջ բնակող հրաբխագէտ հօր մօտ… Անոր ֆրանսաբնակ յայտնի փրոֆեսէօրը, որ հրէական ողջակիզումէ փրկուածի սերունդ է, կեանքի իմաստի որոնման հետքերով կ՛որոշէ վերադառնալ Իսրայէլ` իր հրէական արմատներուն: Հերոսներուն դժուարութիւններուն եւ զոհաբերութիւններուն զուգահեռ, որոնք կը մօտեցնեն զիրենք իրենց իրական ինքնութեան, կը զարգանայ արհեստական բանականութեան ծրագիրը:

Շարժանկարը պիտի արտադրեն «Ֆիշ այ արթ» մշակութային հիմնադրամը եւ «Լայֆթրի փիքչըրզ» ընկերութիւնը: Ժապաւէնը պիտի ստեղծուի  «Արցախ արուեստի եւ մշակութային հիմնադրամ»-ի (ԱՄՆ) եւ «Արթպոքս» փրոտաքշըն հաուսին (Լիթվիա) հետ միասին: Այս ծրագրի աջակիցներն են Հայաստանի ազգային շարժապատկերի կեդրոնը եւ Հայաստանի կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի, մարմնակրթութեան նախարարութիւնը:

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.