Վերաիմաստաւորելով Սփիւռքի գաղութներու փոխադարձ զօրակցութեան աւանդը

Հ. Յ. Դաշնակցութիւնը, հաւատարիմ իր գաղափարաբանութեան, իր բոլոր ուժերով կը նուիրուի բովանդակ հայ ազգի քաղաքական, տնտեսական, ընկերային եւ մշակութային շահերու պաշտպանութեան

ԾՐԱԳԻՐ ՀԱՅ ՅԵՂԱՓՈԽԱԿԱՆ ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹԵԱՆ

Վահագն Գարագաշեան

Յուլիս 9ին, իր բարոյական պատասխանատուութեան կանչին ականջալուր, Գանատահայութիւնը աներկբայօրէն մասնակից դարձաւ Լիբանանի հայութեան զօրակցելու նուիրահաւաքին։

Գանատայի համայնքի կազմաւորումէն ի վեր, Դաշնակցութեան գործունէութեան ժամանակագրութիւնը հատած է մէկ դարու սահմանագիծը։ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան կառոյցի գործօն դերակատարութիւնը Գանատայի համայնքային կեանքին մէջ իմաստաւորուած է թէ՛ Սփիւռքի եւ թէ՛ հայրենի բնօրրանի տարաբնոյթ զօրակցական դրուագներով։

ՀՅԴ Գանատայի կառոյցը պատասխանատուութիւն ստանձնած է հո՛ն, ուր ազգային յանձնառութիւն եղած է եւ բազմաբնոյթ այդ յանձնառութիւններու բնորոշիչ արժանիքը հանդիսացած է ՀՅԴ Գանատայի կառոյցի եւ ուղեկից միութիւններու ու կազմակերպութիւններու համախումբ ու կազմակերպ աշխատանքը։ Իրողապէս, գանատահայութեան կազմակերպութիւններու ներուժի համադրուած ու լիարժէք օգտագործմամբ հնարաւորութիւն ընձեռուած է ամրագրելու համայնքի կենսունակութիւնն ու գոյատեւելիութիւնը։

Անցնող օրերուն, Լիբանանահայութեան տագնապի, առկայ մարտահրաւէրներուն եւ անոր ապագային սպառնացող վտանգին ի տես՝ ՀՅԴ Գանատայի Կեդրոնական Կոմիտէն, Մայիս 20ին յառաջացուց Լիբանանահայութեան Օժանդակութեան Գանատայի Մարմինը։

Վերոնշեալ մարմնի կազմակերպած Յուլիս 9ի նուիրահաւաք-թելեթոնի համաժողովրդային մասնակցութիւնը եկաւ հաստատելու, որ համայնքի զաւակները զերծ են նախապաշարումներէ եւ հաւատք կ՚ընծայեն ու կը վստահին Դաշնակցութեան համագաղութային նուիրահաւաքի նախաձեռնութեանց։ Այդպէս եղած է նաեւ անցեալին, երբ նուիրահաւաքներ կատարուած են ի զօրակցութիւն Արցախեան Ազատամարտին, Հայաստանի սահմանամերձ բնակավայրերուն (վերջին արշաւը՝ այս տարուան Ապրիլին, ՀՅԴ ԳԵՄ-ի կողմէ), Ջաւախքին, սուրիահայութեան։

Գանատայի կուռ համայնքը, որուն ազգային, եկեղեցական եւ կրթական կառոյցները կը գտնուին համաշխարհային համավարակի առթած ճգնաժամին մէջ, որուն դպրոցները, եկեղեցիներն ու համայնքային կեդրոնները այսօրուան դրութեամբ կը գտնուին տնտեսապէս անձուկ դրութեան մէջ, անձնուրաց մղումով ձեռք երկարեց աւելի կարեվէր գաղութին։

Ահա այս է Դաշնակցութեան առաքելութեան հիմնառանցքը, կազմակերպական իր ներուժի ամբողջական կիրառումով զօրավիգ կանգնիլ Հայրենիքին ու հայրենակիցին։ Կուսակցութեան գաղափարախօսութեան ակունքներուն խորքը ուրուագծուած ու դաջուած է հայ ժողովուրդի մէկութեան եւ ապահովութեան գերագոյն նպատակը։ Ա՛յս ձեւով է որ կազմաւորուած է ՀՅԴաշնակցութեան հայրենատիրութեան ու աշխարհացրիւ ազգի միասնութեան սրբազան հանգանակը։

ՀՅԴ Գանատայի կառոյցը, այդ հանգանակին հաւատարիմ՝ պատնէշի վրայ է, անձնուէր, միակամ, զգաստ ու անվկանդ։

 

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.