Վարշավիայի մէջ բողոքի ցոյց թրքական դեսպանատան դիմաց

Ապրիլ 24–ին, Հայոց Ցեղասպանութեան անմեղ զոհերու յիշատակի 104–րդ տարելիցին առթիւ Լեհաստանի հայկական շարք մը կազմակերպութիւններ (Հայ-լեհական Հասարակական Կոմիտէն, Լեհ-հայկական Հիմնադրամը, ,Armenian Foundationը, Լեհահայեր ՀԿ), եկեղեցւոյ եւ հայ համայնքի բազմաթիւ ներկայացուցիչներ Լեհաստանի տարբեր քաղաքներէն, հերթական բողոքի ցոյց կատարեցին Վարշավիայի մէջ, թրքական դեսպանատան դիմաց:

Բողոքի ցոյցը սկսաւ Հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ ժողովրդապետ Հայր Եուսէֆ Նաումովիչի աղօթքով՝ ննջեցեալներու հոգւոց յիշատակին: Այնուհետեւ, ելոյթ ունեցան Պլոցկի հայ համայնքի ներկայացուցիչ Հրաչեայ Ղադիմեան, պատմութեան փրոֆեսոր Քշիշտոֆ Եաբլոնկան եւ Հայ-լեհական Հասարակական Կոմիտէի նախագահ Հրաչեայ Պոյաճեան: Վերջինս, իր խօսքին մէջ յիշատակեց 2018-ի Քրաքովի հայ, քիւրտ եւ ինչու չէ նաեւ լեհ բնակիչներու շրջանին մէջ մեծ աղմուկ բարձրացուցած Թուրքիոյ նախագահ Էրտողանի մտադրութիւնը՝ Քրաքովի մէջ «Թուրք զինուորի» արձանը տեղադրելու։

Հրաչեայ Պոյաճեան դժգոհութիւն յայտնեց, որ Քրաքովի քաղաքապետարանի որոշ բարձրաստիճան պաշտօնեաներ նախնական համաձայնութիւն տուած են Էրտողանի առաջարկին, շեշտելով որ Լեհաստանի հայ համայնքը երբեք թոյլ չի տար նման տխրահռչակ նախաձեռնութեան իրականացման եւ կը դատապարտէ Թուրքիոյ իշխանութիւններուն վարած ժխտողական քաղաքականութիւնը։

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.