ՎԱՐԱՆԳԱԹԱՂԻ ԲԱՐՁՈՒՆՔԻ ԱՐԾԻՒՆԵՐՈՒՆ

(Քրիս Յարութիւնեանի յիշատակին)

Ամէն անգամ , ուր փորձեցի մատիտս շարժել մահագրութեան տողերով, նուազագոյն պարտքս մատուցել նահատակ Քրիստափոր Յարութիւնեանի յիշատակին, մտածումներու շղթաս ընդհատուեցաւ, կենդանի Քրիսը իր հեզահամբոյր ժպիտով միշտ մարմնաւորուած տեսնելով իմ առաջ, յառելով, թէ «մի՛ փորձեր յանձնել զգացումներդ թուղթին, այդ մէկն ա՛լ անընդունելի է ինծի համար եւ պճնանքի համազօր արժեւորում է»: Վերջապէս, հաւաքեցի մէջս արիութեան խլեակներս, յիշատակներուս բեկորները քով քովի դնելով, մերժելով անսալ՝ համեստ ու խոհական մեր նահատակ ընկերոջ ընկերական խնդրանքին ու տատամսոտ սահեցուցի գրիչս:

Քրիսը՝ քանի մը առիթներով փորձեց գրկել մարտիրոսութեան գահը, բայց ազգի քերովբէները ետ դարձուցին զինք, եւ չարտօնեցին վաղահաս մուտք գործելու անմահներու դարպասէն ներս, որովհետեւ դեռ իրեն վերապահուած էին առաքելութիւն, անաւարտ ընելիքներ հանդէպ իր ազգին, հայրենիքին ու գաղափարակից ընկերներուն:

Ատենօք, որպէս ՀՅԴ պատանեկան միութեան դաստիարակ եւ վարիչ, ան շեշտակիօրէն դրոշմեց զաւակներուս մէջ ազգային գաղափարական շունչ, որ չէի կարծեր թէ այս օտար ափերուն վրայ այդ ուժգնութեամբ պիտի խորասուզուէր եւ ամրագրուէր անոնց մատղաշ հոգիներուն մէջ: Պէտք է խոստովանիմ, որ ընկեր Քրիսին շունչով ջամբուած անբասիր դաստիարակութիւնը, զաւակներուս եւ իրենց տարեկիցներու համար, պիտի թռիչք առնէր ու ծլէր ու դառնար ատաղձը գաղափարական հայորդիի իրենց կազմաւորումին:

Արցախեան գոյամարտի վաղ օրերուն՝ այլոց կողքին, ան ընդառաջեց հողի կանչին, արեւմտեան բարիքները ետին ձգեց ու մերժելով արեւմտեան խաբուսիկ «մեծ երազները», ներկայացաւ պատնէշ՝ իր լուման ներդրելու Արցախեան գոյապայքարին: Վերջապէս, իր օրրանը դարձուց հայրենի աշխարհը, շիւղ առ շիւղ իր հոգեհատոր բոյնը կառուցեց հայրենի պաշտելի հողին վրայ։ Կենսագործեց յանուն հայրենիքի եւ հայրենի հողին ջերմութեամբ ու բարիքներով լիացաւ, միշտ աչքերը սեւեռած դէպի գետի այն ափին՝ ամբողջական Հայաստանի սահմաններուն:

Գերագոյն զոհողութեան պատրաստներու անհամար փաղանգին լաւագոյն ներկայացուցիչներէն է Քրիսը։ Իր ծայր աստիճան խոհուն եւ պարզ պահուածքը եւ փարոսներու շլացուցիչ լուսարձակներէն խուսափող խիստ նկարագիրն է, որ կենսագործեց ու պատգամեց իր շրջապատին:

Մէկ տարի առաջ, երբ հայրը հօրս հետ դրկից էր Թորոնթոյի հիւանդանոցային բժշկական խնամատարութեան, պատեհութիւնը ունեցանք երկար զրուցելու իր ընտանեկան պարագաներուն հետ, Քրիսի բարեմասնութիւններուն ու իւրայատուկ ազգային-գաղափարական պահուածքին մասին։ Հիմա գնաց եւ միացաւ իր գաղափարակից հօրը՝ ըսելով. _ «Պապ՝ ես մօտդ եկայ, ինչպէս գիտես տէր եղայ տարիներ առաջ արտասանած երդումիս, որուն դուն վկան էիր» աւելցնելով, թէ «օրին բարձրաձայն բացականչեցի ի տես բոլորիդ՝ …Իսկ եթէ հարկ ըլլլայ կեանքիս գնով ծառայել հայրենիքի ու հայութեան ազատագրութեան դատին»:

Քրիսը ունէր անտեղիտալի որոշումը՝ իմացեալ մահով անմահանալու, ու պայքարի ճանապարհին վրայ փռելու իր մարմինը, որպէսզի գալիք սերունդները հանգիստ անցնէին՝ մարտիրոսներով սալայատակուած կամուրջի վրայով, դէպի յաղթական նոր ափունքներ։

Այս օրերուն համացանցի վրայ երեւցող կամաւորներու հերթին կեցած իր խօսուն պատկերը շատ բան կը խտացնէ իր մէջ: «Կիտան կեալմազի» ճամբուն յառած՝ իր ամօթխած ու համեստութեամբ փայլատակող նայուածքը ու յաղթերգով օրհնաբեր շրթները, հպարտութեամբ կը մեներգէր՝ շարունակէ՛ք մեր սուրբ գործը դաշնակցութեան վեհ քաջեր։

Վիտոշ լեռան արեան շիթերու հետքերով, իր գաղափարակից զինակիցներուն հետ բարձրացան Վարանգաթաղի սրբացած բարձունքը, ու այս սխրանքով՝ միացան արծիւերու երամին, անմահութեան շղարշով պսակելով իրենց երթը։

Վշտակից ընկեր՝ ԺԱՆ ՀԱԼԼԱՃԵԱՆ       

Թորոնթօ, 12 հոկտեմբեր 2020

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.