Վանգուվըրի մէջ ՀՅԴ Հայ Դատի ներկայացուցիչներ հանդիպեցան Վանգուվըրի մէջ Թայուանի ներկայացուցիչ Անտի Չիէնի հետ
1998
0
ՀՅԴ Գանատայի Կ. Կոմիտէի անդամ Վահիկ Յակոբեան եւ Գանատայի Հայ Դատի Յանձնախումբի Արեւմտեան շրջանի ներկայացուցիչ Վահէ Անտոնեան,
Շաբաթ, 5 Հոկտեմբեր 2019-ի երեկոյեան, Վանգուվըրի մէջ ներկայ գտնուեցան Թայուանի տնտեսական եւ մշակութային գրասենեակի կազմակերպած Թայուանի ազգային օրուան 108-ամեակի ձեռնարկին, որուն հրաւիրուած էին Գանատայի դաշնակցային, նահանգային եւ քաղաքային կառավարական ներկայացուցիչներ:
Ընթացքին Հայ Դատի ներկայացուցիչները մտերմիկ հանդիպում մը ունեցան Թայուանի տնտեսական եւ մշակութային գրասենեակի ընդհանուր տնօրէն Անտի Չիէնի հետ եւ արծարծեցին տնտեսական եւ մշակութային հարցեր, ինչպէս նաեւ Թայուան-Արցախ Խորհրդարանական գործակցական կապերու ստեղծաման կարելիութիւնն ու կարեւորութիւնը: