Վանգուվըրի մէջ կայացաւ «Հայաստան» բանակումը     

Վանգուվըրի «Հայաստան» բանակումը տեղի ունեցաւ 9-11 Սեպտեմբեր 2022 ին Camp Capilano-էն ներս, մասնակցութեամբ 12 տարեկան եւ վեր եղող՝ Հ.Մ.Ը.Մ.ական քոյր եղբայրներու, ՀՅԴ Գ.Ե.Մ.ի «Արշաւիր Շիրակեան» մասնաճիւղի ընկեր ընկերուհիներու, ՀՅԴ Գ.Պ.Մ. «Սողոմոն Թէհլիրեան» մասնաիւղի ընկեր ընկերուհիներու եւ «Սասուն» Ճամբարի անդամներու։

Կազմակերպող պատասխանատուներու կողմէ հայաշունչ օրակարգով 40 բանակումի մասնակիցներ միասնաբար ունեցան դաստիարակչական, ընկերային եւ մարզական յիշատակելի եւ անմոռանալի պահեր։

ՀՅԴ Սիմոն Վրացեան Կոմիտէութեան քարոզչական Յանձնախումբ

 

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.