Վանա Նազարեան Մոնթրէալի քաղաքապետական ընտրութիւններու թեկնածու

Սեպտեմբեր 3-ին կայացած մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին, Մոնթրէալի նախկին քաղաքապետ եւ Մոնթրէալի յառաջիկայ քաղաքապետական ընտրութիւններուն մասնակից «Միասին Մոնթրէալ» խմբակցութեան ղեկավար Տէնի Գոտէր յայտարարեց իր խմբակցութեան կողմէ առաջադրուած շարք մը թեկնածուներու անունները, որոնց մէջ ներառուած էր Մոնթրէալահայ Վանա Նազարեանը։

Նոյեմբեր 6-7 կայանալիք ընտրութիւններուն Վանա Նազարեանը առաջադրուած է Սէն Լորան ընտրատարածքի Գոթ Տէ Լիէս շրջանի քաղաքապետակական թեկնածու։

Նահանգային եւ քաղաքապետական աւելի քան տասը տարուան իր փորձառութեամբ՝ Վանա Նազարեանը քաղաքապետական մարզէն ներս ծառայած է որպէս Ահունցիք Գարթիէվիլի քաղաքապետութեան խորհրդական, իսկ նահանգային գետնի վրայ, որպէս քաղաքական խորհրդական ծառայած է Քեպէգի նահանգային խորհրդարանի անդամ Մարուա Ռիզգիի գրասենեակին մէջ։

Արուեստի Պատմութեան մագիստրոսին տիրացած Վանան Մոնթրէալի հայ համայնքի գործօն անդամներէն է. անդամակցած է ՀՅԴ Գանատայի երիտասարդական միութեան, Մոնթրէալի Հայ Դատի յանձնախումբին, ինչպէս նաեւ պաշտօնավարած է «Հորիզոն»ի խմբագրութեան վարչական բաժանմունքէն ներս։

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.