«Վանայ Ձայն»-ը` Պէյրութի Աղէտէն Վերականգնումի Մեր Ձայնը

Պէյրութի նաւահանգիստին պայթումը չխնայեց «Շաղզոյեան» կեդրոնին մէջ գործող «Վանայ ձայն»-ին, որուն գրասենեակները ենթարկուեցան նիւթական լուրջ վնասներու: Աղէտալի պայթումին ցնցումը պատճառ դարձաւ լուրերու խմբագրատան առաստաղին մեծ մասին փլուզումին, կարգ մը համակարգիչներու փճացումին եւ ռատիոկայանի դռներուն ու պատուհաններուն քանդումին: Բարեբախտաբար, սփռումի սարքերը մնացին անվնաս, եւ ռատիոկայանը անխափան շարունակեց իր գործունէութիւնը, առանց վայրկեան մը դադրելու իր առաքելութենէն:

Պայթումին յաջորդ օրն իսկ, առաւօտեան կանուխ ժամերուն, «Վանայ ձայն»-ի աշխատակիցները շրջեցան Պուրճ Համուտի հայահոծ թաղամասերն ու ազգային հաստատութիւնները («Սարդարապատ» ակումբ, Պուրճ Համուտի քաղաքապետարան, ԼՕԽ-ի «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոն, «Գարակէօզեան» հաստատութիւն, Սրբոց Քառասնից Մանկանց եկեղեցի®) եւ դիմատետրի ուղղակի սփռումով, պատասխանատուներու եւ ժողովրդային խաւի ներկայացուցիչներու հետ հանդիպումներով, աշխարհասփիւռ հայութեան ծանօթացուցին աղէտին ահաւոր հետեւանքները:

«Վանայ ձայն» հայահոծ թաղամասերու իր ուղղակի սփռումները շարունակեց նաեւ յաջորդող օրերուն` Էշրեֆիէէն, Ռըմէյլէն, Հաճընէն եւ Մար Մխայէլէն, կենդանի հաղորդումներ կատարելով Ս. Յակոբ, Ս. Յարութիւն, Ս. Գէորգ եկեղեցիներէն, «Ազատամարտ» ակումբէն, ԼՕԽ-ի «Միհրան Տէր Մելքոնեան» դարմանատունէն, Հայ աւետարանական կեդրոնական բարձրագոյն վարժարանէն եւ ՀԿԲՄ-ի դարմանատունէն:

Պայթումէն շաբաթ մը ետք, երեքշաբթի, 11 օգոստոսին, պայթումին ժամուն` երեկոյեան վեցը ութ վայրկեան անց, «Վանայ ձայն» աղէտի գօտիէն` նաւահանգիստէն, յատուկ հաղորդումով ոգեկոչեց 4 օգոստոսի բոլոր զոհերը եւ յատկապէս 13 լիբանանահայերը` իւրաքանչիւրին յիշատակին մոմ մը վառելով պայթումին վայրին մօտ: «Վանայ ձայն» նաեւ դիմատետրի իր էջով եւ եթերով ներկայացուց «Հայութիւնը Լիբանանի համար» խորագրեալ ՀՕՄ-ի հանգանակութեան բարեսիրական համերգը:

«Վանայ ձայն»-ի ուղղակի սփռումները արժանացան քանի մը հարիւր հազարի հասնող դիտումներու, բազմահարիւր բաժնեկցութիւններու (share) եւ աննախընթաց թիւով քաջալերական մեկնաբանութիւններու, ինչ որ պերճախօս ապացոյցը հանդիսացան «Սփիւռքահայութեան լաւագոյն եւ հարազատ ձայնը» ըլլալու անոր անհերքելի իրականութեան:

Ուղղակի սփռումներէ անկախ, «Վանայ ձայն» իր լուրերուն եւ յայտագիրներուն մեծ մասը յատկացուց նաւահանգիստի պայթումին լուսաբանման եւ աղէտէն վերականգնումի լիբանանահայութեան ճիգերուն: Արդարեւ, պայթումին յաջորդած իր առաջին լրատուութեամբ, «Վանայ ձայն» հեռաձայնային կապով աղէտահար ժողովուրդին փոխանցեց Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ արք. Փանոսեանին յուսադրիչ պատգամը` միասնական ճիգով եւ անվհատ կամքով լծուելու վերականգնումի կենսական գործին:

Այնուհետեւ, «Վանայ ձայն» լայնօրէն արձագանգեց գաղութի վերականգնումի աշխատանքներուն` հեռաձայնային հաղորդակցութիւններով եւ իր յարկին տակ հիւրընկալելով պատասխանատուներ, որոնք առօրեայ զրոյցներով շահեկան տեղեկութիւններ տուին Հայաստանէն, Արցախէն եւ արտասահմանեան գաղութներէ հասնող օժանդակութիւններուն եւ անոնց բաշխումի եղանակին մասին: Յատուկ անդրադարձներ կատարուեցան ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի, Հայկական երեսփոխանական պլոքի, ՀՅԴ ակումբներու եւ ուղեկից միութիւններու կողմէ մեր ժողովուրդին մատուցուող ամէնօրեայ ծառայութիւններուն մասին:

«Վանայ ձայն» հիւրընկալեց հիւանդապահներ, հոգեբաններ եւ մանկավարժներ, որոնք իրենց փորձառութիւններով կարեւոր թելադրանքներ փոխանցեցին աղէտին բարոյահոգեբանական հետեւանքներուն թօթափման համար:

Այսպէս, Պէյրութի աղէտին յաջորդող օրերուն, «Վանայ ձայն» վստահելի կապ ու կամուրջ եղաւ մէկ կողմէ լիբանանահայութեան եւ աշխարհասփիւռ հայութեան, իսկ միւս կողմէ` գաղութի ազգային մարմիններուն, կազմակերպութիւններուն եւ ժողովրդային լայն խաւերուն միջեւ` բոլորը միացնելով իրարու ու բոլորին ճիգերը նպատակուղղելով գաղութի վերականգնումի հրամայական ու համահայկական առաջադրանքին:

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.