«Վահագն Տատրեանի մահը կորուստ մըն է ազգային պահանջատիրութեան». Արամ Ա. կաթողիկոս

Երէկ, Վեհափառ Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը ցաւով իմացաւ Փրոֆ. Վահագն Տատրեանի մահուան գոյժը, որուն համար յայտնեց, թէ անոր կորուստը մեծ է մանաւանդ Հայ Դատի աշխատանքներուն առնչութեամբ։

Յայտնենք, որ 1999 թուականին Նորին Սրբութիւնը Փրոֆ. Տատրեանը Անթիլիասի Մայրավանքէն ներս պարգեւատրած էր Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան «Ս. Մեսրոպ Մաշտոց» շքանշանով եւ վեր առնելով անոր ազգանուէր գործունէութիւնը՝ ըսած էր. «Շնորհիւ իր գերագոյն ճիգին, ան կրցաւ Հայոց Ցեղասպանութիւնը դուրս բերել մեր ժողովուրդի կեանքի շրջագիծէն եւ զայն բանալ աշխարհին։ Ու ահա, այսօր, Հայոց Ցեղասպանութիւնը ներկայութիւն է միջազգային հարցերով զբաղող կազմակերպութիւններու, դիւանագիտական յարաբերութիւններու, ինչպէս նաեւ ակադեմական ծիրէն ներս»։

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.