«Ս. Աստուածածինի օրինակով մեր ընտանիքիները դաստիարակենք քրիստոնէական արժէքներով». Գերաշնորհ Տ. Բաբգէն Արք. Չարեան

Ս. ԱՍՏՈՒԱԾԱԾՆԱՅ ՎԵՐԱՓՈԽՄԱՆ ՈՒԽՏԻ ՇԱԲԱԹԸ ԹՈՐՈՆԹՈՅԻ ՄԷՋ

Ս. Աստուածածնայ Վերափոխման եւ Թորոնթոյի Ս. Աստուածածին Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ նաւակատիքի տօնին առիթով, Թորոնթոյի հայ համայնքը ապրեցաւ հոգեպարար եւ լիացնող ուխտի շաբաթ մը: Ամբողջ շաբթուան ընթացքին, ուխտաւորներ համախմբուած էին եկեղեցւոյ յարկին տակ, մասնակից ըլլալու ժամերգութիւններու, Հսկման արարողութիւններու եւ դասախօսական շարքերու:
Արդարեւ, Հինգշաբթի, 15 Օգոստոս 2019-ի երեկոյան, հովանաւորութեամբ եւ ներկայութեամբ Թեմիս Առաջնորդ Գերաշնորհ Տ. Բաբգէն Արքեպիսկոպոս Չարեանի, տեղի ունեցաւ շարականներու եւ հոգեւոր երգերու բացօթեայ համերգ մը: Եկեղեցւոյ երգչախումբն ու մենակատարները ներկայացուցին Ս. Աստուածածնի նուիրուած շարականներու եւ հոգեւոր երգերու շարք մը: Աւարտին, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը գնահատանքի ջերմ խօսքերով շնորհաւորեց ձեռնարկի կազմակերպիչները, վեր առնելով այն արժանիքը, թէ ներկաները վայելեցին հայ եկեղեցւոյ հոգեւոր երգերէն ընտրեալ փունջ մը: Ապա, գնահատեց հոգեւոր հովիւին, հոգաբարձութեան եւ դպրաց դասի անդամներուն նուիրեալ ծառայութիւնը, որոնք հոգեկան բաւարարութիւն պարգեւող երեկոյ մը շնորհեցին հանդիսականներուն: Վեր առնելով Վերափոխման տօնին խորհուրդը, Առաջնորդ Սրբազանը անդրադարձաւ Ս. Կոյս Մարիամ Աստուածածնի վարքին եւ առաքինութեան, որ բարի պատգամ մըն է բոլոր քրիստոնեաներուն, բայց մանաւանդ մեր մայրերուն համար:
Շաբաթ, 17 Օգոստոսի ամբողջ օրը նուիրուած էր Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ ժամերգութիւններուն, իսկ երեկոյեան՝ Կիրակմուտքի ժամերգութեան աւարտին, տեղի ունեցաւ աղի օրհնութիւն, որմէ ետք կամաւորներ լծուեցան մատաղի պատրաստութեան:
Կիրակի առաւօտեան, բարեպաշտ ժողովուրդը, խանդավառութեամբ եկեղեցի հասաւ։ Նկատելի էր անոնց երկիւղածութիւնը, ջերմեռանդութիւնը, խոր ակնածանքն ու մեծ յարգանք հանդէպ Ս. Կոյս Մարիամ Աստուածածնին: Ս. Պատարագը սկսաւ «Հրաշափառ»ի երգեցողութեամբ: Պատարագիչն էր Թեմիս Առաջնորդ Գերաշնորհ Տ. Բաբգէն Արքեպիսկոպոս Չարեան: Ս. Խորանին սպասարկեցին Հոգեշնորհ Տ. Վարդան Վարդապետ Թաշճեանն ու Տ. Տաթեւ Աւագ Քահանայ Միքայէլեանը: Ներկայ էին Ազգ. Վարչութեան, հոգաբարձութեան, Ազգ. Երեսփոխանական ժողովի անդամներ, շրջանի գործակից միութեան ներկայացուցիչներ եւ հաւատացեալներու հոծ բազմութիւն մը:
Իր հոգեւոր պատգամին մէջ, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը գեղեցկօրէն դրուատեց Մարիամ Աստուածածնի առաքինութիւնները, նշելով, որ ան Ս. հոգիով յղացած մաքրամաքուր կեանք մը ապրած էր, որ եղաւ չափանիշը մայրութեան, հնազանդութեան, զոհողութեան, խոնարհութեան եւ մաքրակեցութեան։ Ան կարեւորութեամբ կանգ առաւ Ս. Աստուածածինի հանդէպ քրիստոնեայ ժողովուրդներու, բայց մասնաւորաբար հայութեան յատուկ սիրոյն ու յարգանքին վրայ, նշելով, որ Ս. Աստուածածին իր ծնունդէն ու մանկութեան օրերէն, բարեպաշտ ծնողներուն հոգածութեամբ նուիրուած էր Աստուծոյ տաճարին, դարձաւ կիներուն ամէնէն ընտրեալը, իբրեւ Աստուածորդւոյն երկրաւոր մայրը՝ հոգաց Անոր բարի դաստիարակութիւնը, եւ Զաւկին խոստումին իրականացումով՝ արժանի դարձաւ երկնային բնակութեան: Ապա, Առաջնորդ Սրբազանը կոչ ուղղեց հայ մայրերուն, որ Ս. Աստուածածինի օրինակով իրենց ընտանիքիները դաստիարակեն քրիստոնէական արժէքներով եւ մեր հաւատքին ու ազգային աւանդներուն չափանիշներով։
Այնուհետեւ, Առաջնորդ Սրբազանը գնահատեց Թորոնթոյի Ս. Աստուածածին Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ մեծ համայնքը, Հոգեւոր Հովիւն ու Հոգաբարձութեան անդամները, եւ շնորհաւորեց եկեղեցւոյ անուանակոչութեան տօնը:
Ս. Պատարագի աւարտին, Առաջնորդ Սրբազանը կատարեց խաղողի օրհնութիւնն ու մատաղօրհնէք: Ներկայ հաւատացեալները բաժին առնելով օրհնուած խաղողէն ու մատաղէն, օրուան խորհուրդով լիցքաւորուած՝ վերադարձան իրենց տուները, իրենց յարկերը եւս համակելով օրուան խորհուրդով:

Image may contain: 4 people, people standing

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.