Սփիւռքի յանձնակատար Զարեհ Սինանեան ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր-Խաչատուրեանի հետ քննարկեց Հայաստան-Սփիւռք գործակցութեան հարցեր

Փետրուարի 19-ին, Սփիւռքի գործերու գլխաւոր յանձնակատար Զարեհ Սինանեանը ընդունեց ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր-Խաչատուրեանին: Հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան Հայաստան-Սփիւռք գործակցութեան օրակարգը, գրասենեակի ծրագրերն ու յառաջիկայ ծրագիրները, մասնաւորապէս՝ սեպտեմբերին կայանալիք Հայաստան-Սփիւռք համաժողովի ընթացքին Սփիւռքի բոլոր կառոյնցերու հետ համագործակցութեան ու մասնակցութեան առնչուող հարցեր:

Հանդիպման ընթացիքն շեշտուած են նաեւ սփիւռքի ներուժի ներգրաւումը և հայրենադարձութեան գործընթացի կազմակերպումը:

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.