Սփիւռքի Հայ Մասնագէտները Կրնան Մասնակցիլ Հայաստանի Կառավարման. Նոր Ծրագիր

ՀՀ սփիւռքի գործերու գլխաւոր յանձնակատարի գրասենեակը 2020-ին պիտի իրականացնէ փորձնական ծրագիր, որ կը նախատեսէ Հայաստանի Հանրապետութեան պետական կառավարման տարբեր ոլորտներու բարելաւման նպատակով ներգրաւել սփիւռքահայ արհեստավարժ մասնագէտներ: Ըստ Արմենփրեսի՝ ՀՀ վարչապետի աշխատակազմի Սփիւռքի գործերու գլխաւոր յանձնակատարի գրասենեակի Եւրոպայի հայ համայնքներու վարչութեան պետ Կարէն Աւանեսեան նշեց, որ ծրագրի նպատակն է սփիւռքի մրցունակ մասնագէտներու փորձն ու գիտելիքները ներդնել Հայաստանի զարգացման գործին, խթանել Հայաստան-սփիւռք գործակցութիւնը, նպաստել «ուղեղներու վերադարձ»ին:

«Նախապէս մենք դիմած ենք պետական մարմիններուն: Իւրաքանչիւրին մէջ տարբեր մասնագէտներու կարիք կայ` տնտեսագէտ, իրաւաբան, տեղեկատուական արհեստագիտութիւններու մասնագէտ, ընկերաբան եւ այլն: Երբ մենք ծրագրի մեկնարկին յայտարարութիւնը տանք, այնտեղ պիտի ըլլայ առցանց արձանագրուելու ձեւ, ուր դիմողները պիտի ընտրեն այն աշխատավայրը, որ կը ցանկան»,-ըսաւ Կարէն Աւանեսեան:

Ծրագրի ծիրէն ներս սփիւռքահայ մասնագէտները հիմնականօրէն պիտի հրաւիրուին եւ աշխատին Հայաստանի պետական մարմիններու մէջ` ոլորտային հետազօտութիւններու, ուսումնասիրութիւններու կատարման, համապատասխան առաջնային ծրագիրներու, ռազմավարութիւններու մշակման եւ իրականացման ուղղութեամբ:  Ծրագրին կրնան դիմել սփիւռքահայ այն մասնագէտները, որոնք ունին մագիստրոսի կամ աւելի բարձր աստիճան:

Ծրագիրը պիտի մեկնարկէ 2020-ի Յուլիս 1-էն եւ պիտի տեւէ 12 ամիս: Ծրագրի իրականացման ծախսերը մասնակիցներու համար պիտի ապահովէ ՀՀ սփիւռքի գործերու գլխաւոր յանձնակատարի գրասենեակը, մասնաւորապէս` օդանաւի տոմս (դէպի Հայաստան եւ հակառակ ուղղութեամբ), կացարան:

«Այդ մասնագէտները պիտի վճարուին, բայց ատիկա աշխատավարձ պիտի չըլլայ, այլ` առօրեայ ծախսերու համար: Որոնք կը ցանկան իրենց մասնագիտական ներդրումը ունենալ Հայաստանի զարգացման գործին, ապա սա լաւ հնարաւորութիւն է անոնց համար»,-ըսած է ան: Այս տարուան ծրագիրը փորձնական է եւ առայժմ նախատեսուած է առաւելագոյն 20 հոգիի համար:

Մասնագէտներուն ընտրելու ընթացակարգը պիտի իրականացուի երկու փուլով: Առաջին փուլով պիտի ամփոփուին բոլոր դիմումները եւ յաջորդ փուլ պիտի անցնին միայն այն դիմումները, որոնք կը համապատասխանեն ծրագրի պահանջներուն: Երկրորդ փուլով պիտի ընտրուին ծրագրի մասնակիցները եւ անոնց վերջնական ընտրութիւնը պիտի կատարուի հարցազրոյցի միջոցով:

«Մասնակիցներէն արդէն որպէս աշխատող պիտի ընտրեն այն պետական մարմինները, որոնք ներկայացուցած են թափուր տեղեր: Այդ մասը աւելի շատ կը ձգենք գերատեսչութեան վրայ: Կը կարծեմ` լաւ հնարաւորութիւն է ոչ միայն մասնագիտական ներդրում ունենալու հայրենիքի մէջ, այլեւ մէկ տարի ապրիլ, ծանօթանալ պայմաններուն, հասկնալ` կը ցանկան այստեղ շարունակել իրենց գործունէութիւնը, թէ ոչ»,-աւելցուցած է Կարէն Աւանեսեան:

Ծրագրի վերաբերեալ յայտարարութիւնը Սփիւռքի գործերու գլխաւոր յանձնակատարը պիտի տարածէ յառաջիկային:

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.