Սփիւռքը Եւ Իր Դիրքորոշումը

Տիգրան Ճինպաշեան

Ի՞նչ դիրքորոշում ունի Սփիւռքը Հայաստանի մէջ տեղի ունեցող դէպքերուն նկատմամբ:

Սփիւռք անունով գլխագրուած եւ հայ ազգի աւելի քան երկու երրորդը ներկայացնող մարդոց բազմութիւնը կը տրոհուի բազմաթիւ շերտերու: 20-րդ դարու սկիզբին ունէինք բազմաթիւ երկիրներու մէջ ցրուած, եւ այդ երկիրներու քաղաքական-մշակութային անխուսափելի ազդեցութիւններուն ենթակայ, սակայն լեզուով ու ապրումներով էապէս հայ փոքրաթիւ բազմութիւններ: Ցեղասպանութենէն եւ անոր յաջորդած պատերազմական դէպքերէն ետք, փոքրաթիւ անդամներ ունեցող գաղութները տասնեակ ու հարիւրաւոր հազարներով ուռճացան ու կազմեցին նոր ժամանակներու Սփիւռքին հիմքը: Երկրորդ Համաշխարհային պատերազմէն ետք ազատագրուած ռազմագերիները եւ Արեւելեան Եւրոպայէն տարհանուած հայերը հաստատուեցան մասամբ Եւրոպայի, առաւելաբար Միացեալ Նահանգներու մէջ: Նախորդ դարու կէսերէն սկսեալ, Մերձաւոր Արեւելքի կազմակերպուած ու հայաբոյր գաղութները ենթարկուեցան ցնցումներու: Քաղաքական վերիվայրումներու, անապահովութեան կամ տնտեսական սեղմումներու իբրեւ հետեւանք նոր հոսք մը սկսաւ դէպի Արեւմուտք` Միացեալ Նահանգներ, Քանատա եւ Աւստրալիա: Աւելցնենք նաեւ Խորհրդային Հայաստան ներգաղթողներու մեծամասնութեան արտագաղթը դէպի Արեւմուտք: Վերջապէս, Հայաստանի անկախութենէն ետք, յաճախ սին պատճառաբանութիւններով արտագաղթողները, որոնք հայկական մեծ ու վոքր խմբաւորումներ ստեղծեցին աշխարհի չորս ծագերուն, յայտնի ու անյայտ շրջաններու մէջ: Չմոռնանք նախկին խորհրդային երկիրներու, յատկապէս Ռուսիոյ բազմամիլիոն հայութիւնը: Տրոհումի այս խայտաբղէտ պատկերը կարելի է ճոխացնել, այնքան շատ են հին ու նոր շերտերը. միայն օրինակի համար յիշենք Փարիզի մէջ Պոլսահայերու միութիւնը կամ Միացեալ Նահանգներու մէջ Պարսկահայերու միութիւնը:

Սփիւռքի մասին խօսողները, Սփիւռքի դիրքորոշումը յիշատակողները այս շերտերէն որո՞նց կ՛ակնարկեն: Աւանդական յորջորջուած Սփիւռքի՞ն, որ Հայաստանէն կատարուած արտագաղթէն առաջ կազմաւորուած ու յարաբերաբար բաւարար կազմակերպուած ու գործօն գաղութներու խումբն է, թէ՞ ազգային կեանքին նկատմամբ անտարբեր, բայց երբեմն օտար միջավայրերու մէջ յաջողութիւններ արձանագրողները: Իսկ հայաստանցիները, ռուսահայերը ի՞նչ կը մտածեն:

2018-ի ցոյցերու ընթացքին լսեցինք, որ Սփիւռքը շարժումին կողքին է ու կը սպասէ յեղափոխականներու յաղթանակին` Հայաստանի մէջ միլիոնաւոր տոլարներու ներդրումներ կատարելու համար: Արդարեւ, հայաստանցիներու կողմէ եւ թէ «աւանդական» սփիւռքէն հնչեցին խօսքեր ու կատարուեցան արարքներ մարդոց կողմէ, որոնք հազիւ իրենք զիրենք կը ներկայացնէին: Անշուշտ ոչ մէկ ներդրում տեղի ունեցաւ, եւ յեղափոխութեան այս կարծեցեալ նեցուկն ալ պարզապէս չքացաւ:

Նոյն աւանդական սփիւռքի մէջ, նոյն օրերուն գոյութիւն ունէր ազգային գաղափարներով տոգորուած մարդոց տեւական հոսանքը, որ կը շարունակէր իր տքնաջան աշխատանքը` յանձնառու կեցուածքով, ազգային գիտակցութիւնը ջատագովող քարոզչական, դաստիարակչական, մշակութային, ընկերային, քաղաքական ու նոյնիսկ տնտեսական նախաձեռնութիւններով:

Հայաստանի սուտ յեղափոխականները լսեցին առաջին տեսակը` այլասերած ու օտարաբարոյ սփիւռքահայերը, մինչ անտեսեցին ու մերժեցին յանձնառու ազգայինները:

Պարտութենէն, երկրի յանձնումէն, ապա ընտրութեան մրցարշաւէն ու անոր անակնկալ արդիւնքէն ետք պատկերը նոյնն է: Գործող իշխանութեան համար ազգայինը գոյութիւն չունի, որովհետեւ ժողովուրդը զինք ընտրած է` այն ժողովուրդը, որուն անդամներէն շատերու համար հողն ու հայրենիքը արժէք չունին, որոնք առանց աչք թարթելու կրնան յայտարարել, թէ լաւ եղաւ, ազատեցանք Արցախէն, հիմա կրնանք մեր գործով զբաղիլ:

Մենք իրաւունք չունինք հիասթափելու: Ազգային ոգիի էական բացակայութիւն ցուցաբերող այս մեծամասնութիւնը եւս մեր ժողովուրդն է. իսկական յեղափոխութիւնը այս ժողովուրդին մտածողութիւնը փոխելու աշխատանքն է, զոր պէտք է կատարենք համոզումով, համբերութեամբ, ազգային ձգտումներու զարթնումի անխուսափելիութեան նկատմամբ աներեր հաւատքով:

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.