ՍՐԲԱԶԱՆ ՀԱՅՐԸ ՄՕՏԷՆ ԿԸ ՀԵՏԵՒԻ ԹԵՄԻ ՆՊԱՍՏԻՑ ՄԱՐՄԻՆԻՆ ԿՈՂՄԷ Ի ԳՈՐԾ ԴՐՈՒԱԾ ԾԱՌԱՅՈՂԱԿԱՆ ԱՇԽԱՏԱՆՔՆԵՐՈՒՆ

Երեքշաբթի, 21 Մարտ 2023-ին, Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մակար Սրբ. Եպս. Աշգարեան այցելեց Բերիոյ Հայոց Թեմի Նպաստից Մարմինի գրասենեակը, ուր մօտէն հետեւեցաւ անձնակազմին տարած ծառայողական աշխատանքներուն։
Յիշենք, որ Նպաստից Մարմինը երկրաշարժէն ետք հանգրուանային կերպով կը շարունակէ օժանդակութիւն բաժնել ժողովուրդի բոլոր զաւակներուն, նպաստիցի եւ մարդահամարի ցանկերուն հիման վրայ։
Մակար Սրբազան իր հայրական օրհնութիւնները փոխանցելով, գնահատեց Նպաստից Մարմինին տարած մարդասիրական ծառայութիւնն ու համադրուած աշխատանքը եւ առաւել ուժ եւ կորով մաղթեց անոնց։

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.