Ստեփանակերտի մէջ սկսաւ Արցախի բարեկամներու համաժողովը. Ուղիղ եթեր – Live stream

Հոկտեմբեր 11-ին, Ստեփանակերտի մշակույթի և երիտասարդութեան պալատին մէջ  Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Հայ Դատի կեդրոնական խորհուրդի և Արցախի Հանրապետութեան Արտաքին գործոց նախարարութեան կազմակերպութեան սկիզբ առաւ «Համագործակցութիւն յանուն արդարութեան և խաղաղութեան» խորագրով Արցախի բարեկամներու համաժողովը:

Համաժողովին ուղերձներով հանդէս եկան Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեանը եւ Ազգային Ժողովի նախագահ Աշոտ Ղուլեանը:

Ողջոյնի խօսքով ելոյթ ունեցան Համաժողովի համակազմակերպիչներ ԱՀ արտաքին գործոց նախարար Մասիս Մայիլեանը և ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր-Խաչատուրեանը: Ողջոյնի խօսքով ելոյթ ունեցցի նաեւ ՀՀ արտաքին գործոց նախարարի տեղակալ Շաւարշ Քոչարեանը:

Համաժողովի առաջին նստաշրջանի բացումը կատարած է ԱՄՆ և Գանատայի Արցախի մշտական ներկայացուցիչ Ռոպերթ Աւետիսեանը: Առաջին նստաշրջանի քննարկման թեման է՝ «Արցախի ժողովուրդի ինքնորոշման իրաւունքը և խաղաղ կարգաւորման գործընթացը»:

Համաժողովին կը մասնակցին տարբեր երկիրներու մէջ գործող Արցախի հետ խորհրդարանական բարեկամութեան խումբերու, ինչպէս նաեւ քաղաքական եւ հասարակական կառոյցներու ներկայացուցիչներ, պատուիրակութիւններ Արցախի անկախութիւնը ճանչցած կամ Արցախի հետ համագործակցող վարչատարածքային միաւորներ. ընդհանուր` շուրջ 30 երկիրներէ աւելի քան 150 քաղաքական-հասարակական գործիչներ եւ մտաւորականներ:

 

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.