Ստեփանակերտի մէջ կայացաւ վարչապետ Փաշինեանի եւ նախագահ Սահակեանի հանդիպումը

Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան, Օգոստոս 5-ին, Ստեփանակերտի օդակայանին մէջ դիմաւորած է Համահայկական 7-րդ ամառնային խաղերու ծիրէն ներս Արցախ ժամանած ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը։ Այս մասին կը տեղեկացնեն Արցախի Հանրապետութեան նախագահի աշխատակազմի տեղեկատւութեան գլխաւոր վարչութենէն:

Նոյն օրը, տեղի ունեցած է Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեանի եւ Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի պաշտօնական հանդիպումը: Քննարկուած են հայկական երկու պետութիւններու փոխգործակցութեան վերաբերող հարցեր:

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.