Ստեփանակերտի «Գագաթնահաւաք»-ը՝ արցախցիին պատասխանը

«Այսօր Արցախի հարցի լուծման միայն ու միայն մէկ տարբերակ կայազատ ու ինքնորոշուած Արցախ»։

Արցախի Թեմի Առաջնորդ Վրթանէս եպիսկոպոս Աբրահամեան

(Ստեփանակերտ, 30 Հոկտեմբեր 2022)

 

Լաւ ու հեզասահ չի հնչեր գագաթնահաւաք բառը։ Շինծու ըլլալու տպաւորութիւնը կը ձգէ։ Սակայն նկատի ունենալով ներկայ օրերու անցուդարձերը, յատուկ դիտաւորութեամբ կ’արձանագրենք «գագաթնահաւաք» բառը, ուղակիօրէն պատասխանելով Երեւանի մէջ տեղի ունեցած եւ 28-էն 31 Հոկտեմբեր երկարող «Համաշխարհային Հայկական Գագաթնաժողով»-ին, որ կազմակերպուած էր Հայաստանի Հանրապետութեան սփիւռքի գործերու գլխաւոր յանձնակատարի գրասենեակին կողմէ։

Երեւանի մէջ կայացած այդ գագաթնաժողովէն զարմանալիօրէն, սակայն նաեւ բնականաբար բացակայ էր հայորդին յուզող, տառապող եւ տառապեցնող ԱՐՑԱԽ թղթածրարը, ի շարս այլ տագնապեցնող հարցերու։ Ըսինք՝ բնականաբար, որովհետեւ ի սկզբանէ յայտնի էր թէ կազմակերպողները ինչպիսի՜ մութ նպատակներ կը հետապնդէին…

Կրկին ու կրկին շեշտենք. Հայաստանի, Արցախի, Ջաւախքի եւ հայապատկան որեւէ շրջանի մասին որեւէ հաւաք, գիտաժողով, համաժողով եւ, նշաձողը գոնէ մէկ անգամ բարձրացնելով՝ գագաթնաժողով գումարելը ողջունելի է, անտեղի է զայն քննադատելը: Սակայն նկատի ունենալով այս համահաւաքին թայմինկը, այլեւ հայութեան դիմաց կանգնող՝ «լինել, չլինել»-ու արհաւիրքը, բացարձակապէս անընդունելի է «արցախազուրկ» յայտագրով միտքերու փոխանակում ունենալ կամ շինծու ընտրանիի մը առջեւ բեմահարթակ բարձրանալ եւ արծարծել ընկերային, տնտեսական, գիտական կամ… գիտաերեւակայական հարցեր, հասնելով մինչեւ անջրպետային Հայաստանի Հանրապետութիւն, ու տակաւին՝ տարբեր տեսակի գիտաքաղաքական արբանեակներ: Այս սրտցաւ արտայայտութիւնները կ’արձանագրենք, առանց անտեսելու շարք մը փորձառու մասնագէտներու ներդրումը։

Արցախցիին համար բաժակը շատոնց լեցուած էր եւ կը յորդէր։

Այն ժամերուն, երբ Երեւանի մէջ տեղի կ՛ունենար գագաթնաժողովը, իսկ Սոչիի մէջ կը պատրաստուէր Փութին – Փաշինեան – Ալիեւ ժողովի սեղանը, Արցախցին՝ պատանիէն մինչեւ ալեհեր ծերունին, բանուորէն մինչեւ դասախօսն ու ղեկավարը դիմեց ի՛ր գագաթնահաւաքին։ Ընտրանին, իսկակա՛ն բոլո՛րն էին, առանց բացառութեան։

Տեսարանը յուզիչ եւ տպաւորիչ էր։ Բեմահարթակ բարձրացող եւ խօսք առնողները նոյնքան ազդեցիկ էին իրենց արտայայտութիւններով, կոչերով եւ ահազանգերով։

Կարելի՞ է չըմբռնել եւ չհասկնալ Արցախի Թեմի Առաջնորդ Վրթանէս եպիսկոպոս Աբրահամեանի իմաստուն եւ «մեր օրհասական ժամերու» խօսքերը․ «Մենք շատ մեծ գին ենք վճարել, որ կարողանանք ապրել ազատ, անկախ, ինքնորոշուած Արցախում: Եւ մեր այսօրուայ խորհրդանշական հաւաքը վառ ապացոյցն է այն իրողութեան, որ արցախեան շարժումը աւարտուած չէ եւ այն շարունակուում է նոր շեշտադրմամբ, որովհետեւ մենք ապրող ազգ ենք, եւ հակառակ տեսանելի եւ անտեսանելի թշնամիների` Արցախը պէտք է ապրի եւ զօրանայ»:

Շատ աւելի զգայացունց էին Առաջնորդին միւս խօսքերը, երբ ան ցասումով յայտնեց, թէ կեանքի եւ մահուան պայքարի մէջ ենք, իսկ «մեր ապրելու իրաւունքը փորձում են որոշել առանց մեզ»։

Արցախի արտաքին գործոց նախարար Դաւիթ Պապայեան եւս պարզ եւ յստակ բառերով ներկայացուց ստեղծուած իրավիճակը, կրկնելով, թէ կ՛ապրինք ո՛չ միայն օրհասական ժամանակներ, այլ նաեւ գոյաբանական վտանգներ, եւ դեռ աւելին` ոչ միայն Արցախը, այլ նաեւ մայր Հայաստանն ու նոյնիսկ Սփիւռքը մատնուած են նոյն վիճակին։

Ըստ անոր՝ յստակ է թէ այս դժոխային կացութենէն դուրս գալու միակ միջոցը՝ ծրագրուած ձեւով գործի լծուիլն է, թէ՛ ներքին եւ թէ՛ արտաքին ոլորտներուն մէջ: Կարելի չէ չձայնակցիլ անոր եզրակացութեան․ «Ես աւելի քան համոզուած եմ, որ մենք կարողանալու ենք դա անել, համոզուած եմ՝ որովհետեւ մենք ունենք Եռաբլուր, համոզուած եմ՝, որովհետեւ մենք ունենք Ծիծեռնակաբերդ, համոզուած եմ՝ որովհետեւ ունենք Շուշի, որը նայում է մեզ»:

Միայն ինքզինք մտային կուրութեան մատնողը անհաղորդ կը մնայ նման խօսքերու հանդէպ…

Իսկապէս «գագաթնահաւաք» մըն էր եղածը՝ 30 Հոկտեմբերին, Ստեփանակերտի Վերածնունդի հրապարակին վրայ։ Հրապարակին անունը այդ օր վերաիմաստաւորուած էր:

Եւ հիմա, ողջ հայութիւնը լիայոյս է, որ այդ հաւաքէն վերածնի Արցախեան նոր պայքարը եւ համակէ Հայաստանը, փրկութեան ալիքներ բերէ ո՛չ միայն արցախեան բռնագրաւեալ շրջաններուն, այլ նաեւ Հայաստանէն խլուած ու «մատաղցու» հողամասերուն…։

Յոյսերուն մարմնաւորումը կրնայ սկսիլ Երեւանի մէջ նախատեսուած յաջորդ հանրահաւաքով:

«Հայրենիք»-ի խմբագրական

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.