Սուրիոյ Մէջ 3 Ամսուան Ընթացքին 419 Հայ ՀՀ Անձնագիր Ստացած է

2018 թուականի 3-րդ եռամսեակի ընթացքին Սուրիոյ մէջ 419 հայու Հայաստանի Հանրապետութեան վաւերական անձանգիր տրուած է:

ՀՀ կառավարութեան Նոյեմբեր 22-ի նիստի օրակարգին վրայ ընդգրկուած որոշման նախագիծերէն մէկուն համաձայն` Դամասկոսի մէջ գտնուող ՀՀ դեսպանութիւնը եւ Հալէպի մէջ ՀՀ գլխաւոր հիւպատոսութիւնը անձնագիրներ տուած են ՀՀ քաղաքացիներուն եւ հայ այն օտարերկրեայ քաղաքացիներուն, որոնք ձեռք բերած են ՀՀ քաղաքացիութիւն եւ դիմած են առաջին անգամ ՀՀ անձնագիր ստանալու համար:

Դիւանագիտական ներկայացուցչութիւնները պետական տուրք չեն գանձած:

Նախագիծի հիմնաւորման մէջ կը նշուի, որ ՀՀ կառավարութիւնը կը փորձէ աջակցիլ հայ այն օտարերկրեայ քաղաքացիներուն եւ ՀՀ քաղաքացիներուն, որոնք մշտական կը բնակին օտարերկրեայ պետութեան մը մէջ, ուր ստեղծուած է այնպիսի արտակարգ իրավիճակ, որ կը սպառնայ քաղաքացիներու կեանքին կամ առողջութեան:

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.