Dernières nouvelles

Սուրիոյ Հայ Դատի Յանձնախումբի հաղորդագրութիւն

Ամբողջ տարածաշրջանի ապահովութիւնը վտանգող այս յարձակումը, Թուրքիոյ իշխանութիւններու հեղինակութեամբ, նոր սկիզբ կը դնէ միջազգային օրէնքներու եւ մարդկային իրաւունքներու ոտնահարման Թուրքիոյ բազմաբնոյթ արարքներուն: Այսօր, երբ սուրիական տագնապի լուծման համար ներքին եւ արտաքին ճակատներու վրայ քաղաքական լուրջ աշխատանք կը ծաւալի, Թուրքիա իր նկրտումներով կրկին խոչընդոտներ կը յառաջացնէ այս ուղղութեամբ:

Թուրքիոյ այս ներխուժումով Սուրիոյ հիւսիսարեւելեան շրջանի բնակչութեան բոլոր բաղադրիչները կը յայտնուին գոյութենական վտանգի դէմ յանդիման: Ուստի, Սուրիոյ Հայ Դատի Յանձնախումբը խստիւ կը դատապարտէ Թուրքիոյ սուրիական հողեր ներխուժումը, հաստատելով որ սուրիահայութիւնը կառչած մնալով Սուրիական Հայրենիքին, զօրավիգ կը կանգնի անոր տարածքային ամբողջականութեան եւ Սուրիոյ պետականութեան գերիշխանութեան պահպանման:

Կոչ կ՛ուղղենք միջազգային ընտանիքին միասնական ճիգերով սանձելու դարերու ընթացքին իր գործած ոճիրներուն համար անպատիժ մնացած Թուրքիոյ ոտնձգութիւնները՝ կանխելու համար մարդկային նոր աղէտներ:

Սուրիոյ Հայ Դատի Յանձնախումբ

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.

Welcome

...