ՍՈՒՐԻԱՀԱՅԸ ՍՈՎՈՐԱԿԱՆ ՀԱՅ ՄԱՀԿԱՆԱՑՈ՞Ւ Է, ԹԷ ՊԱՏՄԱԿԱՆ ՅԱՏՈՒԿ ԱՌԱՔԵԼՈՒԹԵԱՆ ՄՈԳ Է

Քաղաքակրթութիւններ կորած են պատմութեան երեսէն եւ իրենց թողած մշակութային եւ շինարարական հետքերով կը յիշատակուին: Անտարակոյս, գիտական պատճառաբանութիւններով կը բացատրուին այդ երեւոյթները: Եթէ քննական ակնոցով մօտենանք պատմութեան հոլովոյթին, պիտի հետեւցնենք, որ նոյն ճակատագիրին պիտի արժանանան հայ ազգն ու անոր կերտած քաղաքակրթութիւնը: Զատորոշիչ գործօնը, որ  թոյլ չտուաւ, որ ենթարկուինք այդ մութ բախտին, կը հաւատամ, որ մեր ցեղի ծինային դիմադրողականութիւնն է հանդէպ արհաւիրքներու, ու պայքարունակ անկոտրում ոգիով յառնելն է այդ եղերային դրոյթներէն, գոյատեւելու, երկաթեայ վճռականութեամբ կերտելով նոր, որոշիչ պայմաններ:
Այս իմաստով կ’ուզեմ դիտել ու բացատրել սուրիահայութեան իրավիճակը, որ ի հետեւումն ցեղի կանչին՝ ցուցաբերեց եւ կը ցուցաբերէ վայել նկարագիր, որ կ’արդարացնէ իր պատկանելիութիւնը՝ պատմութեան խորերէն եկած ցեղի կոչումին:
Ուշագրաւ պատկերներ պարզուեցան սուրիահայութեան դիմակայած ճակատագրական ըլլալ-չըլլալու իրավիճակներուն մէջ, հակառակ խիստ լրջութեան այն ցնցումներուն, որոնք կրնային վտանգել ֆիզիքական գոյութիւնը այդ հսկայ զանգուածին։ Իրերու դասաւորումով հայ գաղութի ուժերը բարենպաստ միջամտութիւններով կացութիւնը մեղմացուցին եւ փրկուեցաւ «երեսին ջուրը» պատմական գաղութին: Վրայ հասան տնտեսական այնքա՜ն ծանր պայմանները, բնականոն կեանքի, գոյատեւելու համարեա՛ բոլոր շօշափելի երաշխիքները չքացան: Ի հեճուկս այս աննպաստ պայմաններուն, «Մայր Գաղութ» կոչումին կառչած, պատուով դեռ եւս կը շարունակուի այդ կոչումին տէր հանդիսանալու վճռականութիւնը:
Կացութեան մօտէն հետեւողները արդարացիօրէն կը հարցադրեն, թէ ի՛նչ է գաղտնիքը այս ներուժին: Գաղութ մը, որ կորսընցուցած է իր թուային լուրջ տոկոսը, որակական իմաստով կը տառապի յարմար մարդը ճիշդ տեղը նշանակել՝ մարդուժի նօսրացման հետեւանքով. նշանակելու դժուարութենէն տնտեսական աննպաստ պայմանները հարուածած են անխտիր բոլոր գաղութային բաղադրիչ մասերը։ Չկայ ընտանիք մը, որ պատերազմին ընթացքին կամ համաճարակի հետեւանքով կորսնցուցած չէ հարազատներ: Շարքը երկա՜ր է ոչ-բարենպաստ պայմաններուն, որոնց ի տես գաղութային ազգային-միութենական մարմիններ, բժշկական խնամատարութիւններու ընծայումով  եւ նպաստներու ճամբով կը փորձեն համեմատական լուծումներ բերել, թեթեւցնելու ստեղծուած կենցաղային դժուարութիւնները:
Երբ պատասխանատու զրուցակիցներու հարց տուի, թէ ի՞նչ են հեռանկարները Սուրիոյ գաղութի իրավիճակին ու ապագայ խնդիրներուն, անոնք յստակօրէն բնորոշեցին, թէ «Հակառակ անոր որ որակական իմաստով մարդուժի շատ դժուար պայմաններէ կ’անցնի գաղութը, գիտակ ենք, որ գաղութին տիրութիւնը մէկը պէ՛տք է ընէ եւ ամէ՛ն գնով անտէր պիտի չձգենք գաղութը իր ճակատագրին դիմաց: Ամէն ջանք պիտի թափենք, որպէսզի  հողմերը իրենց տարերային ուղղուածութեամբ չտարուբերեն այս նաւը: Առագաստը պիտի այնպէս ուղղենք, որ առաւելագո՛յնը կարենանք տէր ըլլալ մնացող ժողովուրդին եւ ամուր պահենք կառոյցները, միեւնոյն ատեն կարենանք հնարաւորինս հասնիլ սփիւռքեան ու հայրենիքի կարիքներուն»:
Ամէն օր այս տրամադրութիւններուն ականատեսը կ’ըլլանք շօշափելի փաստարկներով: Այս օճախը անձնատուութեան կեանքը կը մերժէ քարշ տալ, ընդհակառակը՝ ստեղծագործ ու ծլացող կեանքով բարձրաձայն ՆԵՐԿԱ՜Յ Ե՛մ կը կանչէ: Բոլոր միութենական եւ ազգային կառոյցներու գործունէութիւնները լաւագոյնս  դասաւորելու եւ ներկայացնելու եղանակը եւ արագ յարմարելու այժմէական, արդիական ձեւաւորումները մեր բոլորին գնահատանքին կ’արժանանան:
Այսպէս, Հայագիտական Հիմնարկի ներկայութիւնը, ակնառու շինարարական, վերակառուցման տենդագին աշխատանքները, կրօնական, ծիսական աշխոյժ կեանքը, հանդիսաւոր ձեռնարկները, ուսման ոլորտին մէջ արձանագրուող, երկրի մակարդակով փայլուն ձեռքբերումները, նոր գրիչներու, ստորագրութիւնններու առատութիւնը, մամուլի եւ ռատիօժամի ինքնատիպ առկայութիւնը կու գան որպէս անմահներ ծնանող օրրան վկայելու, որ դէմ յանդիման կը գտնուինք  դժուարութիւնները մերժող եւ ցաւի առթած ծանրութեան տակ չտնքացող, իր հպարտութիւնը պահող, իւրայատուկ  հայ գաղութի մը առջեւ:
Օրին, երբ հայութիւնը իր աշխարհացրիւ ուժերով, մարմիններու ճամբով օժանդակութիւն կ’առաքէր, ան  սոսկ բարեսիրական-մարդասիրական առաքում չէր, այլ Մայր Գաղութը անսասան պահելու ազնիւ ճիգ մըն էր, պատմական կոչումին տէր մնալու զօրակցութիւն, գիտակցելով այդ գաղութի ռազմավարական կարեւորութեան ու այն բոլոր բարեմասնութիւններուն, որոնց համար այդ գաղութը արդարօրէն յորջորջուած է Մայր Գաղութ:
Պատերազմի առթած անհանգստութիւնը ստեղծեց  սուրիահայութեան երկրորդ շերտ մը, որ իր բախտը որոնեց գաղթ-աշխարհի զանազան երկրամասերու մէջ, իմա՝ Հայաստան: Պիտի չքննեմ այդ երեւոյթին տուն տուող պատճառները եւ յանցագործներ պիտի չորոնեմ, այլ պիտի պեղեմ մօտիկ անցեալի հոգեկան եւ առարկայական գործօններ, որոնք ծնունդ տուին «գաղթական սուրիահայ»-ի կարգավիճակին:
Տարիներ առաջ, յօդուածով մը անդրադարձայ, թէեւ մասնակի մէկ երեւոյթի մասին, որ կը վերաբերէր Քանատա գաղթելու տրամադրութիւն ունեցողներուն «Քանատան՝ Փրկութեան Լաստ, Կամ՝ Աւազախրում» խորագիրով, բայց իր բովանդակութեամբ կոչ էր աւելի կազմակերպ եւ թիրախաւորուած գաղթի նախապատրաստուելու մասին:
Մէկ բան ակներեւ է, որ ազգովին ռազմավարական մէկ յայտարար մը չունեցանք եւ տարերքին ձգեցինք այդ զանգուածներուն ճակատագիրը: Արդիւնքով, հոծ բազմութիւն մը ճողոպրեցաւ  ուր  որ հողմերը առաջնորդեցին զինք, դէպի «փրկութեան ափունք»: Անկազմակերպ եւ տարերային ըլլալու երեւոյթը ակնյայտ է, երբ այսօր դէմ յանդիման կը կանգնինք ընտանիքներու, որոնց անդամները ցրուած են երկրագունդի համարեա՛ բոլոր ցամաքամասերուն վրայ, տկարացնելով ընտանեկան կապը ու յառաջացնելով հոգեմտաւոր ներհակ իրավիճակներ:
Այս հոսանքը հոգեմտաւոր ունակութիւններով, ազգային եւ կազմակերպական ձեռք բերած երկարատեւ փորձով, սուրիահայ գաղութին յատուկ դրոշմով զրահապատուած, կայք հաստատեց նոր հասցէներու մէջ, ետեւ ձգելով հարազատներու շիրիմները եւ նիւթական հարստութիւն: Իր աշխատունակ ու ձեռնհաս նկարագրով, սակայն, նոր աշխարհի առօրեայ կենցաղային հեւքով ու մարտահրաւէրներով կլանուած, աշխատունակ ու ձեռնհաս այդ ընտանիքները գործի տեսակը արհամարհելով նետուեցան աշխատանքի առօրեայ սարդոստայնին մէջ։
Զուգահեռաբար առօրեայ օրապահիկի ապահովման ճիգին, շատ արագ նոր միջավայրերու ազգային, կրօնական միութենական եւ կազմակերպական բոլոր մակարդակներու կեանքին իրենց մասնակցութիւնը բերելով, տաքութեամբ ու խանդավառութեամբ «հաշտութիւն կնքեց»-ին պարտադրուած նոր կացութիւններու հետ: Թէեւ կարգ մը տեղեր գրկաբաց ու մեծ խանդավառութեամբ չողջունեցին թարմ ուժերու ներկայութիւնը համայնքներու կեանքէն ներս, սակայն մեծաւ մասամբ բոլոր գաղութները, առաջին օրէն իսկ ցուցաբերեցին վայել հոգատարութիւն ու նախանձախնդիր մօտեցում,  որոնելով գործնական միջոցներ՝ պարփակելու այս մեծ հոսքը տուեալ նոր միջավայրերու մէջ:
Այդուամենայնիւ, այդ մեծ զանգուածները որակական եւ քանակական նոր կեանք ու աւիշ տուին նոր միջավայրերու ազգային կեանքին, եւ այդ յուռթի ամպը այլ դաշտ չոռոգեց եւ յումպէտս խոպան դաշտերու վրայ չմեռան անոր պարարտ կաթիլները: Տեղ մը այս զանգուածի բացակայութիւնը «Մայր Գաղութի» կեանքէն, անտարակոյս իր ժխտական անդրադարձը ունեցաւ, սակայն այլ տեղ մըն ալ մե՜ծ առաւելութիւն ունեցաւ՝ հարստացնելով ու շեշտադրելով նոր միջավայրերու հայկական դիմագիծը:
Այս բոլորով մէկտեղ, այս զանգուածը ամէն ձեռնտու առիթի  իր մասնակցութիւնը նաե՛ւ կը բերէ նիւթապէս ու բարոյապէս իր Մայր Գաղութի կարիքներուն հասնելուն, անհատական մակարդակի վրայ իր հարազատներուն ձեռք երկարելուն, թեթեւցնելով Սուրիոյ տնտեսական անցուկ վիճակին պատճառաւ անոնց առօրեայ հեւքոտ կեանքը, արձագանգելով նաեւ Սուրիոյ տեղական մարմիններու հնչած օժանդակութեան կոչերուն:
Այս տուեալներուն լոյսին տակ, անվարան կրնամ հաստատել, որ սուրիահայուն տեսակը պարզ, մահկանացու հայու սահմանումով չի ներկայանար, այլ անոր վիճակուած է պատմական  յատուկ առաքելութիւն, առկայծ պահելու հայու կենարար կերպարը ու որպէս առաքեալ մատակարարելու ազգին ու հայրենիքին կարիքները:
Ժան Հալլաճեան

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.