Սուրիական Տագնապը Նոր Փուլի Սեմի՞ն

Երբ հակամարտութեան մը կողմերէն մէկը յաճախակի սպառնալիքներով ու նախազգուշացումներով հանդէս գայ, պատերազմի հաւանականութիւնը բացառուած կը համարուի, քանի որ պատերազմը անսպասելի յարձակումներով եւ ոչ թէ փոխադարձ նախազգուշացումներով կը բռնկի: Ռազմական ուժերու կուտակումը, սակայն, պատերազմի հաւանականութեան կարելիութիւնը կը յուշէ:

Սուրիական բեմի վրայ, այս երկու բեմագրութիւններն ալ առկայ են այս օրերուն:

Գերպետութիւններու բանաւոր կռիւն է, որ իրավիճակի սրման կ’առաջնորդէ՝ հասնելու աւելի մեծ սակարկութիւններով բանակցելու փուլի, կամ բռնկեցնելու լայնածաւալ պատերազմ մը, որուն մասին սպառնական խօսքերու ալիք կը բարձրացնէ ԱՄՆ-ի նախագահը, առանց Փենթակոնի հաւանութիւնն իսկ ստացած ըլլալու:

Իսրայէլէն ԱՄՆ, Անգլիա  ու Ֆրանսա հոգեբանական ծրագրուած պատերազմ մը ծայր կ’առնէ՝ նախ բանաւոր սպառնալիքներու լեզուով, մինչեւ ուժերու վերջնական կուտակումն ու արեւմտեան երկիրներու տեսակէտներուն համադրումը: ԱՄՆ կը սպառնայ Ռուսիոյ իր «ուշիմ հրթիռներ»ով, իսկ Ռուսիա կը սպառնայ քանդել Սուրիոյ արեւելեան տարածքին վրայ տեղակայուած ամերիկեան ռազմակայանները, միջերկրականի մէջ «ուշիմ» հրթիռներու արձակման վայրերը, միեւնոյն ատեն երեւան հանել Ղութայի մէջ քիմիականի օգտագործման թեզին ամբողջ կեղծիքը, որով ԱՄՆ կը փորձէ ի նպաստ իրեն կողմնորոշել արեւմուտքի հանրային կարծիքը:

Միւս կողմէ, Ռուսիոյ նախագահը կոչ կ’ուղղէ հաւասարակշռուած ու խելամիտ բանակցութիւններ վարելու սուրիական տագնապին  գծով՝ զերծ մնալով տարածաշրջանն ու ողջ աշխարհը վտանգի ենթարկելու արկածախնդրութենէն:

Այսուհանդերձ, ներկայ պահուն սպառնական փոխադարձ խօսքերու ալիքով կ’ողողուի կացութիւնը:

Միջին Արեւելքի մէջ Ռուսիոյ ամրագրուող դիրքերը վերակազմել սկսան արեւմուտք-ԱՄՆ դաշինքը, որ Իրանի հետ հիւլէական ջերմուժին շուրջ համաձայնութեան օրերուն ենթակայ էր տարտղնումի: Քրտական գործօնին թուլացումը նօսրացուց տարածաշրջանի մէջ ԱՄՆ-ի դերակատարութիւնը: Միւս կողմէ, սուրիական բանակին յառաջխաղացքը, յատկապէս հարաւային կարգ մը շրջաններու զինեալ ահաբեկիչներէ ազատագրումը մտահոգեց Իսրայէլը: Սուրիական պատերազմի նախորդ 7 տարիներուն, այդ շրջաններու ահաբեկչական խմբաւորումներուն զօրակցելով, վերջինս պատուար մը յառաջացուցած էր Ռուսիա-Իրան-Սուրիա- լիբանանեան դիմադրութիւն առանցքին դէմ:

Այս առանցքին թուլացումն է արեւմտեան դաշինքի եւ Իսրայէլի հիմնական նպատակը:

Օրերս, Սուրիոյ մէջ, ժողովրդային մակարդակով թէեւ անտարբերութիւն կը տիրէ յաճախակիօրէն կրկնուող այս սպառնալիքներուն նկատմամբ, այնուհետեւ պաշտօնական կողմեր, անոնց տուն տուող երկու հաւանականութիւններն ալ նկատի կ’առնեն:

Առաջինը՝ յարձակումի հաւանականութիւնն է, որուն հակադարձելու եւ ամերիկեան խարիսխները հարուածելու կը պատրաստուին ռուսական եւ սուրիական օդային պաշտպանութեան համակարգերը:

Երկրորդը՝ զիջումներ խլելու միտումով յառաջ մղուող հոգեբանական պատերազմի հաւանականութիւնն է, որ ժամանակաւոր է եւ հակամարտող կողմերը բանակցութիւններու նոր փուլի մը կրնայ առաջնորդել:

Երկու հաւանականութիւններն ալ առկայ են այսօր սուրիական պատկերին մէջ:

Այս թոհուբոհին մէջ Թուրքիոյ ներկայութիւնը նոյնքան մտահոգիչ է:

Թուրքիա թէեւ համաձայնութիւն կնքած է ռուսական կողմին հետ, սակայն ԱՄՆ-ի հետ երկխօսութեան կարելիութիւնն ալ չէ անտեսած ու պատերազմ ծագելու պարագային, կրնայ դիւրութեամբ շրջել իր ուղղութիւնը՝ յանուն իր շահերուն, մանաւանդ եթէ նկատի ունենանք, որ օրեր առաջ, Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարը, պատասխանելով Լաւրովի Աֆրինը Սուրիոյ կառավարութեան յանձնելու կոչին, յայտնած էր, որ Թուրքիա պատրաստ չէ յանձնել զայն: Տակաւին ինչ խօսք ինչպէս սուրիական Ճարապլուսի, այնպէս ալ Աֆրինի մէջ ծածանող թրքական դրօշներուն մասին:

Թուրքիա ներգրաւուած է երկու բեւեռներուն մէջ ալ, եւ հակամէտ է որեւէ պահ փոխելու իր դիրքորոշումը ու բռնագրաւած իր տարածքները ենթահող ունենալով սրելու սուրիական տագնապը՝ այս անգամ ի նպաստ արեւմտեան բեւեռին գործելով:

«Գանձասար»-ի խմբագրական

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.