Սուրբ Յակոբ Առաջնորդանիստ Մայր Եկեղեցւոյ «Նոր Ծաղիկ» երգչախումբի համերգը՝ Յովհաննէս Թումանեանի եւ Կոմիտաս վարդապետի ծննդեան 150-ամեակի առթիւ

Վարդի Դանիէլեան

Գործն է անմահ, լա՛ւ իմացէ՛ք,

Որ խօսւում է դարէդար,

Երնէ՜կ նըրան որ իր գործով

Կ’ապրի անվերջ, անդադար

Հրաշալի տօնի մը մասնակից դառնալու խանդավառութեամբ էր, որ Մոնրէալահայ հոծ բազմութիւն մը կը դիմէր դէպի salle Pierre Mercure, ուր տեղի պիտի ունենար «Նոր Ծաղիկ» մանկական երգչախումբի տարեկան համերգը, նուիրուած՝ Յովհաննէս Թումանեանի եւ Կոմիտասի ծննդեան 150-ամեակին, օրհնութեամբ եւ նախագահութեամբ՝ Գանատայի Հայոց Թեմի Առաջնորդին՝ Գերշ. Տ. Բաբգէն Արքեպիսկոպոսի, եւ հովանաւորութեամբ՝ Տէր եւ Տիկին Սարօ եւ Թամար Տէր Պետրոսեանի եւ զաւակներուն:

«Նոր Ծաղիկ»-ի 13-րդ տարեկան համերգն է այս մէկը, որուն պատրաստութիւնը արդէն տարուան մը հետեւողական աշխատանք, համբերանք, սէր ու նուիրում կ’ենթադրէ, եւ որոնցմէ առիւծի բաժին մըն ալ՝ ծնողներու յանձնառութեամբ իրականացուածն է: Միմիայն հաւատքով եւ անչափելի սիրով տրուածն է, որ իր շուրջ կը խմբաւորէ գործին նուիրեալներու փաղանգ մը, որ ի գին անհաշուելի զոհողութիւններու, ոչ միայն կ’ապահովէ անոր գոյութիւնն ու պարբերական ելոյթները, այս պարագային՝ նաեւ անհամար պատարագներու երգչախմբային կատարումը, այլեւ՝ զայն կը դարձնէ այն դպրոցը, աւելի ճիշդ պիտի ըլլար ըսել՝ այն  դարբնոցը, ուր մանուկը կը սնուցուի հայեցի դաստիարակութեամբ: Ո՞վ կը դաւանի մանուկի հոգին ու միտքը կոփել նրբագոյն ճաշակով, ձայնն ու աղմուկը, երգն ու պոռչտուքը զանազանելու կարողութիւն ձեռք բերելու փորձով եթէ ոչ՝ արուեստով իրականացուող երաժշտութեան դասաւանդումը: Արուեստը կարենալ ապրելու, անով սովորականէն վեր բարձրացած զգալու հմայքով լեցուած, մանուկը իր մէջ կը զարգացնէ նաեւ իրմէ պահանջուած կարգապահութիւնն ու պատասխանատուութեան զգացումը:

Այսօր քառասուն ութ հոգի հաշուող «Նոր Ծաղիկ»-ի փորձառութեամբ, 13 տարիներու երկայնքին հայկական երաժշտութեամբ յագեցած ու անով հարստացած են 320 մանուկ ու պատանի, որոնցմէ պատկառելի խումբ մը, այսօր արդէն համալսարանական, անխառն սիրով ու նուիրումով  կը մասնակցի երգչախումբին: Անոնք «Նոր Ծաղիկ»-ին իրենց բերած մասնակցութեամբ եւ յաճախակի ներկայութեամբ, համերգը կը զգեստաւորեն ու կը հարստացնեն ականջ, միտք ու հոգի շոյող ձայներու համոյթով, միշտ աչալուրջ  ղեկավարութեամբ՝ խմբավար Տիկին Էլիզապէթ Հարպոյեանի, որ իր ուսերուն վերցուցած է «Նոր Ծաղիկ»-ը արժանավայել մակարդակի մը հասցնելու հսկայ պատասխանատուութիւնն ու անոր առնչուած աշխատանքը:

Ինչպէ՞ս կարելի է չարժեւորել իր կարգին՝ հմուտ դաշնակահարուհի՝ Տիկին Դալար Հարպոյեան-Գալլողլեանի հսկայ ներդրումը արձանագրուած յաջողութիւններուն: Դաշնակահարուհին է, որ իր երգի փորձերուն մասնակցութեամբ, ու երգին առընթեր՝ դեռ երգելու անվարժ մանուկներու ձայները կ’ուղղէ, կը վարժեցնէ ձայները ճիշդ արտաբերելու հմտութիւնը: Իւրաքանչիւր տարուան համերգին «Նոր Ծաղիկ»-ը հանդէս կու գայ նոր ծրագրով ու նոր բովանդակութեամբ,  ի մեծ ուրախութիւն Մոնրէալահայ ունկնդիրներուն, որոնց կը հրամցուին հոգեւոր երգերէն ու պատարագէն զատ, ժողովրդական դասական դարձած երգեր, միշտ համեմուած՝  Կոմիտասի գործերով:    

Այս համերգին յայտագիրը կը բաղկանար երկու մասէ: Առաջինով՝ Յովհաննէս Թումանեանի «Չարին վերջը»-ը օփերէթն էր, Ազատ Մանուկեանի երաժշտութեամբ, իսկ երկրորդով՝ Կոմիտասէն տասը երգ, որոնցմէ մի քանին առ տակաւ անծանօթ եւ հաճելի նորութիւն էին: Խմբավարը յաջողութեամբ համեմած էր օփերէթը Թումանեանի քառեակներով ու խօսքերով, որ սքանչելի առոգանութեամբ կը կատարէր երգչախումբի անդամներէն՝ Վայգ Աճէմեան:

Ինչպէս ամէն կշիռ ու վարկ ունեցող օփերէթ, «Չարին վերջը»-ն ալ կը սկսի նախերգանքով մը, որ կը սկսի մեր տաղանդաւոր դաշնակահարուհի՝ տիկին Դալար Գալլողլեանի սքանչելի կատարումով: Ունկնդրողին ներզգացական աշխարհին առջեւ կը բացուի այն սարը, որուն վրայ կայ այն ծառը, որուն կողին կայ այն խոռոջը, եւ խոռոջին մէջ կան այն երեք ձագերը ծուարած՝ մայր կկուի թեւին տակ, եւ որուն պատմութիւնը լսած ենք հազար հազար անգամ, մանկապարտէզէն մինչեւ նախակրթարան, անմեղուկ ու դիւրահաւատ մանուկի մեր արցունքոտ աչուկներով…: Ի՜նչ կախարդական օրեր էին…: 

Հիմա արդէն, անտառը լեցուն է թռչուններու ձայներով ու ծաղիկներու երգերով, գոյն ու բոյր է ամէն կողմ, երբ կը լսենք մայր կկուին «կ՛կու, կ՛կու» օրօրը, որ կ’երազէ իր ձագերուն  թեւեր առնիլն ու թռչիլը…:

Բեմի վրայի կկուն՝ որ կծկտած է իր խոռոջին մէջ, Աննաքրիսթին Հացագործեանն է, որ կը գերէ սրտերը, այնքան դիպուկ ու ճշգրիտ նօթով, որ սրահը քարացած կը մնայ մինչեւ վերջ, իր «կ՛կու, կ՛կու»ն լսելու հաճոյքին համար, անոր ճշգրիտ արտաբերումին ու ձայնի հարազատութեան համար: Չար աղուէսը՝ Գառնի Մարտիրոսեանը, իսկական խաբեբայ աղուէսն է, որուն խօսքերուն կը հաւատայ անմիտ կկուն, կու տայ երկու ձագ, որ չար աղուէսը չըլլայ թէ կացինն առնէ ու իր ծառը կտրէ, իր տաքուկ բոյնը քանդէ: Նարինէ Կէօֆկէօզեան՝ այս անտառին խելացի ագռաւը, չար աղուէսին բերնին չափը կու տայ զինք հսկայ գամբռին՝ (Արէնի Յակոբեան) անհատնում ախորժակին կեր դարձնելով: Հոս արժէ անպայման նշել, որ անտառային ծաղիկներուն երգերը, արդէն այնքան վարժ երգողի հմտութիւն ցուցաբերողի վստահութեամբ կատարեցին Մէյրի Գայապալեան, Սարին Կոստանեան, Վանի Թոքաթլեան, Անի Քեհեայեան, Նայիրի Ճուքաքլեան, Ալիք Չափարեան եւ Նարինէ Կէօֆկէօզեան

Համերգին երկրորդ մասը սկսաւ Վայգ Աճէմեանը Պարոյր Սեւակի «Կոմիտաս Վարդապետ» բանաստեղծութեան արտասանութեամբ, ինքնին՝ այնքան համոզիչ ու հաղորդական, որ ծառայեց որպէս մուտք՝ Կոմիտասի աշխարհին:

Կոմիտասի մանկական «Հայր Մեր»-ը, որ յօրինած էր ան Ջանղըրըի բանտին մէջ, մեզ նետեց 104 տարի ետք: Կալի Զաքարեանի յստակ ու անմեղուկ ձայնը կարծէք կու գար անապատներու որբերէն: Խմբավարուհին գաղափարը ունեցած էր Կոմիտասի մասին քանի մը խօսքով համեմելու համերգը: Ահա եւ մէջբերում մը անկէ, թէ ինչ ըսած է Կոմիտասի աշակերտուհի Աղաւնի Մեսրոպեան. 

            «Մանկապարտէզի դասի օրերուն, Կոմիտաս շատ ուրախ տրամադրութեան մէջ կ’ըլլար: Ան միշտ դասի ժամէն առաջ կու գար, եւ օգտագործելով մանուկներու զբօսանքի ազատ ժամերը, իր շուրջը կը հաւաքէր զանոնք, եւ կ’երգէր ու կը պարէր անոնց հետ: Իսկ երբ դասարան մտնէր՝ այդ երեխաները այլեւս նախորդ դասերու չարաճճի եւ անզուսպ երեխաները չէին, կարծես ուրիշ երեխաներ ըլլային: Բաւական էր, որ Կոմիտաս ըսէր. «Ուշադրութի՛ւն, մանուկներ», եւ անոնք կարծես մագնիսացած՝ կը հետեւէին անոր ամէն մէկ ցուցմունքին»: 

Ինչպէ՞ս չմտածել, չչափել ու չձեւել, կամ չփորձել վերլուծել մեր ժողովուրդին  տաղանդաշատ ըլլալը: Ինչպէ՞ս դիմացեր ենք, ու կը դիմանանք, դեռ այս քանի անգամ մորթուելէ ու հովուն տրուելէ ետք… ի՞նչն է մեզ դիմացնողը, ստեղծագործող ազգ մը ըլլա՞լը, թէ… : Իսկ հիմա, եկու՛ր ու բացատրէ «Նոր Ծաղիկ» մանկապատանեկան, եւ ոչ արհեստավարժ երգչախումբին այսքան նրբազգաց կատարումը՝ «Ով մեծասքանչ դու լեզու»-ին: Կոկորդս կը սեղմեն թաց աչքերս, որովհետեւ միտքս զիս թաղեց մեր լեզուին հետզհետէ մթագնող իրականութեան մէջ, եւ ահա կ’երգենք «Ով մեծասքա՞նչ», երբ մեր մեծամասնութիւնը ամէն օր եւ ամէն վայրկեան կը դաւաճանէ անոր…: Կը յաջորդէ «Մայրենի Լեզու»-ն, կրկի՛ն լեզու, եւ բերնիս մէջ այրած ու խարուկացած միս ու ոսկորի հոտը կը կլլեմ ու կ’ափսոսամ. իմ մեռելներս կը յուշեն. հայերէն լեզուին չափանիշն է Կոմիտասը, մեր երաժշտութեան Մեսրոպ Մաշտոցը…: Կարելի՞ է ուրանալ դուն քեզ, քու ինքնոթիւնդ, յանուն… ինչի՞, ո՞ր տեսակի կեանքի համար…:

Կը վերադառնամ դադարէն ետք բեմ բարձրացող ձագուկներուն: Ահա Կոմիտասով կը մտնենք արտ ու այգի, քաղ անելու, կալեր կամնելու: Վերջապէս կը մտնենք հայու հարազատ տուն, կը բարձրանանք ու կը դպչինք լուսնակի լոյսին, կը համրենք «երկնքի աստղերը»: Ես մտովի՝ այս երգով կ’երթամ իմ մանկութեանս տան տանիքը  աստղեր համրելու, եւ ընտրելու ի՛մս…մինչեւ… մինչեւ խմբավարի խօսքին աւարտը, թէ՝ «Կոմիտասը կը ցաւէր, որ մեր ժողովրդական երաժշտութիւնը մանկական երգեր գրեթէ չունի, եղածներն ալ անեղանակ են, որովհետեւ, երբ երեխան 5-6 տարեկան կը դառնար, ճիպոտը ձեռքը կու տային եւ դաշտ կ’ուղարկէին»: «Անահիտ» հանդէս:

«Հօյ, նազան իմ, նազան իմ»: Կ’ապշիմ: Այսքան հնչեղ ու խորունկ պարիթօ՞ն դարձաւ տասը տարի առաջուան բարալիկ ու ամչկոտ մանչուկը՝ մեր Նարեկ Չէրքէզեանը, այո՛, մե՛ր Նարեկը, մե՛ր Կորիւնը, մեր ձագուկները, բոլո՛րը: «Ասիկա օփերա կրնայ հասնիլ, կը տեսնես»,- կիսաձայն կը շշնչայ քոյրս: Կը փնտռեմ յայտագիրը, «միայն ա՞ս պիտի երգէ»,- կը հարցնէ քանի մը աթոռ անդիէն տիկին մը, չեմ գիտեր թէ որու: Ան ալ զգացուած կը թուի ըլլալ Նարեկին կատարողութեամբ: Այնքան առնականութեամբ յորդող, լեցուն, աղուոր, բաւական կլորցած ձայն մը: Այսքան լռակեաց տղեկէն Էլօն, Էլիզապէթ Հարպոյեանը, ինչպէ՞ս յաջողեցաւ դուրս բերել երգելու ,այս արդէն երիտասարդ դարձած տղուն տաղանդը, այն ալ՝ այսքան ճիշդ հնչեղունակութեամբ: Ահա հո՛ս է գաղտնիքը մանկավարժ-երաժիշտ-խմբավարին եւ ճիպոտ շարժողին:

Ի՞նչ… արդէն 8-րդ երգի՞ն հասանք,- մութին մէջ կը փորձեմ կարդալ յայտագիրը եւ չեմ յաջողիր: Կը յաջորդեն Ալագեազն ու Խնկի ծառը: Իսկ երգչախո՞ւմբը… այնպիսի հրճուանք կ’ապրիմ…: Որքան ատենէ ի վեր նման վայելք շռայլուած չէր մեզի: Մենք դեռ հոս ենք, դեռ կանք, դեռ լեզուն կայ, քանի որ՝ մեր երգը կայ…   

Այս որքան կասկած կայ ուղեղս դարպասող: Պիտի հասնի՞նք կատարիդ, Արարա՛տ: Պիտի դիմանա՞ն նոր սերունդները մինչեւ այդ պայծառ օրը… որքա՞ն ատեն…: Կը մտածեմ շուրջս տիրող անտարբերութեան մասին… երբ, «Նոր Ծաղիկ»-ի հիմնադիր մանուկներու առաջին փաղանգին պատկանող, հիմա արդէն հասուն երիտասարդ՝ Կորիւն Գոյունեանի ձայնը կը լեցնէ սրահը Թումանեանի Զարկուած Հայրենիք, լոյսի ու յոյսի ազատ  հայրենիքով, որուն վերջին երկու համարները կ’երգեն Ռիմա Խարշաֆեանն ու Սիւզանա Արմաղանեանը, սքանչելիօրէն մարմնաւորելով բառերէն յորդող Թումանեանի պատգամը, վեր, աւելի վեր բարձրացնելով վերջին երկու տուներէն հնչող հայրենիքի լոյսն ու անկէ բխելիք ազատութիւնը: Թումանեանի ապրած տարիները այսօրուընէ լաւը չէին, ահռելի ժամանակներ էին, եւ տեսնել «լոյսի հայրենի՞ք»: Ինչպիսի՞ լաւատեսութեամբ մեզի կը փոխանցէ լուսաւոր ապագայի մը յոյսը: Երգչախումբը կը միանայ մեներգողին, սրահը կը թնդայ ծափերով:

Կը զարմանաս, որ սա երէկուան մանուկները ե՞րբ հասունացան այսքան, ու ահա արդէն կը թարմացնեն ամէն բան, սրահին ունկնդիրներու բոլոր տարիքաւորները:

Անուշ օփերայէն «Համբարձում յայլա»ն եկաւ Թումանեանով փակելու այս սքանչելի համերգը: Ընդհանրապէս նուագախումբով կատարուած այս կտորը, դաշնակի ընկերակցութեամբ իրականացնելը ինչպիսի՞ պատասխանատուութեան տակ կը դնէ դաշնակահարուհին, թերեւս միմիայն կտորին բաւական ծանօթներուն յայտնի է: Ասիկա միմիայն համակ նուիրում ու բացարձակ ստեղնաշարի եւ թեքնիքի տիրապետում կը ցուցաբերէ, որոնցմով կ’արդարանայ երգչախումբին յաջողութիւնը:

Արդեօ՞ք չափազանցած կ’ըլլամ, եթէ ըսեմ, որ ես նոյնքան անխառն հրճուանք եւ ուրախութիւն զգացի, որքան՝ երբ կ’ունկնդրեմ Երեւանի պետական մանկական երգչախումբը Հեքիքեանի ղեկավարութեամբ, (որ կը վայելէ մեր պետութեան հովանաւորութիւնը) անշուշտ միշտ՝ բաղդատական եզրերու արժեւորմամբ:

Սրահէն դուրս, շնորհաւորողներու բազմութեան մէջէն կը լսէի գնահատանքի ջերմ խօսքեր, եւ ուզես թէ չուզես, կը սկսիս մտածել, թէ ինչո՞ւ միմիայն մե՛նք պիտի վայելենք այս համերգը, երբ մշակութային որակաւոր ձեռնարկներու սով կ’ապրինք ամենուրէք: Ինչո՞ւ զրկել, առ նուազն, մեզի մօտիկ համայնքները նման վայելքէ: Արժէ ոչ միայն մտածել ու յետաձգել որեւէ կառուցողական մշակութային գործունէութիւն անյայտ օրուան մը, այլ՝ մտասեւեռումով հետապնդել գաղութի հայկականութիւնը խթանող, որակ պատրաստող տեսլական մը: «Նոր Ծաղիկ» երգչախումբի գոյացումը այդպիսի տեսլականի մը արդիւնքն է:

 

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.