ՍՈՒՐԲ ՅԱԿՈԲ ԱԶԳԱՅԻՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ Վ.եւ Ա. ՍԱՐԱՖԵԱՆ ՆԱԽԱԿՐԹԱՐԱՆԻ ՀԱՆԴԻՍՈՒԹԻՒՆԸ ՏԵՂԻ ՈՒՆԵՑԱՒ 12 ՅՈՒՆԻՍ 2022-ԻՆ

Սուրբ Յակոբ Ազգային վարժարանի Վարդգէս եւ Աստղիկ Սարաֆեան Նախակրթարանի Զ. Կարգի աշակերտներուն վկայագրերու բաշխման հանդէսը տեղի ունեցաւ կիրակի 12 Յունիս 2022-ին, կ.ե. ժամը 3-ին, Հայ կեդրոնի ՀՄԸՄ-Կամք «Հայկ Մարգարեան» մարզասրահէն ներս: Հանդէսին ներկայ էին յարգարժան հիւրեր՝ Բարձրաշնորհ՝ Տէր Բաբգէն Արքեպիսկոպոս Չարեան, Առաջնորդ Գանատայի Հայոց Թեմի, Գերաշնորհ Տէր Սուրէն Արքեպիսկոպոս Գաթարոյեան Հոգեւոր Տեսուչ Սուրբ Յակոբ Առաջնորդանիստ Մայր Եկեղեցւոյ, Արժանապատիւ՝ Տէր Գառնիկ Աւագ Քահանայ Գոյունեան, Հոգեւոր Հովիւ Սուրբ Յակոբ Առաջնորդանիստ Մայր Եկեղեցւոյ, Մեծայարգ ներկայացուցիչներ Սուրբ Յակոբ Առաջնորդանիստ Մայր Եկեղեցւոյ Հոգաբարձութեան: Ներկայ էին նաեւ բարերարներ, պարգեւներ եւ մրցանակներ տուող հաստատութիւններու եւ միութիւններու ներկայացուցիչներ, ուսուցչական կազմի անդամներ, ծնողներ եւ պատուարժան հիւրեր:
 
Գանատայի եւ Հայաստանի օրհներգներուն յաջորդեց ուսուցչական կազմի անդամներու մուտքը ապա աշակերտներու մուտքը որմէ ետք, բացման խօսքը փոխանցեց Տիկին Սելին Թուիկ՝դպրոցին երկրորդական բաժնին մանկավարժական պատասխանատուն: Օրուան հանդիսավարը Տիկին Տիան Պայկըն, փոխ տնօրէնուհի Նախակրթարանի ծաղիկէն մինջեւ 4րդ դասարանին , բարի գալուստ մաղթեց բոլորին:
 
Ապա աշակերտները գեղարուեստական յայտագիր մը ներկայացուցին սկսելով խումբ մը աշակերտներ ասմունքեցին Ժագ Ս, Յակոբեանի “ Մենք”-ը:
Որմէ ետք աշակերտները խմբովին երգեցին John Lennon-ի « Imagine » – ը, Գ, Ղազարեանի «Անուշ Հայաստան » ը եւ Michel Fugain-ի «Chante»-ը տիկին Դալար Հարպոյեան-Գալլողլեանի ղեկավարութեամբ: Գեղարուեստական բաժինը մեծապէս գնահատուեցաւ հանդիսատեսներու կողմէ:
 
Որմէ ետք, խօսք առաւ վարժարանի ընդհանուր տնօրէնուհի՝ Տիկին Լորի Ապրաքեանը:
Վկայագրերու բաշխումը կատարեցին Ընդհանուր տնօրէնուհի Տիկին Լորի Ապրաքեան եւ Տիկին Տիան Պայկըն:
Ապա Գերաշնորհ Տ. Բաբգէն Սրբ. Արք. Չարեան հանդիսութեան փակման խօսքը կատարեց եւ մեծապէս գնահատեց վարժարանի տնօրէնութիւնն ու ուսուցչական կազմը եւ անդրադարձաւ հայկական դպրոցի կատարած էական դերին եւ ապա տուաւ իր օրհնութիւնը:
ՊԱՐԳԵՒՆԵՐ ԵՒ ՄՐՑԱՆԱԿՆԵՐ
Երկրորդական Ե. կարգի շրջանաւարտ 2021 – 2022
 
– Գանատայի Հայոց Թեմի Ազգային Առաջնորդարանի կողմէ:
Նէօմի Մանուկ
Միա Գանիզարօ
 
– Պոլսահայ Միութեան կողմէ
Սարին Պէքէրէճեան
 
– Հ.Օ.Մ.ի Մոնթրէալի «Սօսէ» մասնաճիւղին կողմէ
Նարա Զաքարեան
 
– Հ.Օ.Մ.ի Լաւալի «Շուշի» մասնաճիւղին կողմէ
Նէօմի Մանուկ
 
– Հ.Յ.Դ. Գանատայի Պատանեկան Միութեան Մհեր Չուլհաճեանի կողմէ
Շաղիկ Հատիտեան
 
– Հ.Մ.Ը.Մ. Կամք մասնաճիւղի վարչութեան կողմէ
Նարա Զաքարեան
 
– Հ.Մ.Ը.Մ. Լաւալի մասնաճիւղի վարչութեան կողմէ
Զուարթ Պէրպէրեան
Սթէֆանի Սարաճեան
 
– Սօֆիա եւ Առէն Արզումանեանի կողմէ
Սիլվի Միքայէլեան
Գառնի Տուշգունեան

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.