Սումկայիթի ջարդերը դատապարտող բողոքի հաւաք ՀՅԴ ԳԵՄ-ի կազմակերպութեամբ

34 տարի առաջ Ատրպէյճանի Սումկայիթի քաղաքին մէջ հայ քաղաքացիներու դէմ գործադրուած ջարդերուն եւ վայրագութիւններուն յիշատակման առիթով Փետրուար 26-ին բողոքի իրենց ձայնը բարձրացուցին Վանգուվըրի հայ համայնքի անդամները:

Բողոքի հաւաքը կազմակերպուած էր ՀՅԴ Գանատայի Երիտասարդական Միութեան «Արշաւիր Շիրակեան» մասնաճիւղին կողմէ։ Բողոքի հաւաքը կայացաւ Գանատայի Հանրային Ռատիոկայանի (CBC-Canadian Broadcasting Corporation) Վանգուվըրի կեդրոնատեղիին դիմաց, իբրեւ բողոք, 34 տարի առաջ Սումկայիթի մէջ կատարուած սպանդին: Ցուցարարները ատրպէյճանական ռազմական յանցագործութիւնները եւ Սումկայիթի ջարդերը դատապարտող պաստառներ պարզեցին։

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.