Սկիզբ Առաւ ՀՅԴ Հայ Դատի Գրասենեակներու Խորհրդաժողովը

ՀՅԴ Բիւրոյի Հայ դատի Կեդրոնական գրասենեակին կազմակերպութեամբ, 29 նոյեմբերին Երեւանի մէջ ընթացք առաւ ՀՅԴ Հայ դատի յանձնախումբերու եւ գրասենեակներու խորհրդաժողովը, որուն կը մասնակցին Հայ դատի աւելի քան 20 յանձնախումբերէ եւ գրասենեակներէ, ինչպէս նաեւ ՀՅԴ կուսակցական մարմիններէ շուրջ 50 ներկայացուցիչներ:

ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր Խաչատուրեան այս առիթով իր արտասանած խօսքին մէջ ըսաւ, որ ծանր էր արցախեան երկրորդ պատերազմին ցաւը, որովհետեւ մենք հեռացանք անխոցելիութեան զգացումէն. «Այս ապիկար իշխանութեան պատճառով այս պատերազմին թրքական եւ ազրպէյճանական միացեալ յարձակումներու` ճիհատական վարձկաններու մասնակցութեամբ ստեղծուեցաւ կացութիւն, որ ցնցեց ամբողջ հայ աշխարհը: Բնական է, որ այս կացութեան մէջ Հայ դատի յանձնախումբերու ցանցը անմիջապէս հաւաքուեցաւ եւ քննեց, թէ այս պատերազմին ընթացքին եւ յետոյ ի՛նչ յատուկ մարտավարական ճշգրտումներ անհրաժեշտ են, որ յառաջ տանինք մեր աշխատանքը: Թափը չկասեցաւ», յայտնեց ան:

Ան փաստեց, որ ամբողջ պատերազմին Դաշնակցութիւնը տրամադրեց իր ամբողջ ներուժը այս պետութեան` ըլլայ մարդուժի իմաստով` պահեստազօրի, անձերու, կամաւորներու, որոնք մասնակցեցան պատերազմին, ըլլայ քարոզչական պայքարը աշխարհով մէկ, քաղաքական աշխատանքները, ինչպէս նաեւ ժողովրդային ցոյցերով ողողեց աշխարհի մայրաքաղաքները, որպէսզի հայութեան ձայնը հասնի աշխարհի խիղճին:

«Ճիշդ է, որ, վերջ ի  վերջոյ, արդիւնքը մեզ բոլորս յուսալքեց, բայց այդ պատերազմին ժամանակ մենք կարողացանք նաեւ ստեղծել այն համահայկական համախոհութիւնը, որուն շնորհիւ մենք կարողացանք 170 միլիոն տոլարի գումար հասցնել Արցախի օժանդակութեան», յայտնեց ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչը:

Ան նշեց, որ իրենք միշտ յայտարարած են, թէ երբ գայ պահը, պիտի սկսին մեր դէմ առ դէմ խորհրդաժողովները, եւ ահա 2020-ի փետրուարէն ետք առաջին անգամն է, որ այսպիսի դէմ առ դէմ խորհրդաժողով կը կայանայ, միւսները եղած են առցանց:

Խորհրդաժողովին` Գորիսի, ապա Ստեփանակերտի մէջ շարունակուելուն գծով Յակոբ Տէր Խաչատուրեան ըսաւ, որ ասոր նպատակն է նաեւ Սիւնեաց աշխարհին ու Արցախին մէջ արտայայտել իրենց նեցուկը, ցոյց տալ, թէ նոյնքան վճռական են, ինչպէս անցեալին, եւ յաւելեալ թափով պիտի շարունակեն իրենց աշխատանքները Հայաստանի եւ Արցախի մէջ:

ՀՅԴ Բիւրոյի նախագահ Արմէն Ռուստամեան իր խօսքին մէջ դիտել տուաւ, որ 44-օրեայ պատերազմը զգալիօրէն փոխեց Հարաւային Կովկասի մէջ ռազմաքաղաքական ուժերու հաւասարակշռութիւնը, ուստի ստեղծուած վիճակը կը պահանջէ կատարել Հայաստանին եւ Արցախին սպառնացող վտանգներու ամբողջական վերագնահատում եւ անոր վրայ կառուցել մեր յառաջիկայ բոլոր ծրագիրներն ու կատարուելիք աշխատանքները:

«Եթէ մինչեւ այս պատերազմը հայութեան եւ Հայ դատի գլխաւոր խնդիրը ազատամարտին արձանագրուած յաղթանակի արդիւնքներուն ամրագրումն էր, ապա հիմա ատիկա այս պատերազմին կրած պարտութեան եւ հետեւանքներու չէզոքացումն ու յառաջացած նոր մարտահրաւէրներու յաղթահարումն է», նշեց Ռուստամեան:

Ան ընդգծեց, որ այսօր հրատապ խնդիր է կասեցնել դէպի նորանոր պարտութիւններու տանող երկրի գահավիժող ընթացքը եւ այն կարմիր գիծը, որմէ այն կողմ որեւէ նահանջ ու զիջում պիտի պատճառէ հայ տեսակի ու պետականութեան կորուստ: «Նկատի ունենալով Մեծ Թուրանի գաղափարով թրքական երկիրները համախմբելու եւ ըստ կարելւոյն արագ այս պատերազմէն առաւելագոյնը ստանալու` թուրք-ազրպէյճանական դաշինքի յաւակնութիւնները, Հայաստանին ու Արցախին սպառնացող անմիջական վտանգը այսօր Հայաստանի թրքացումն ու Արցախի հայաթափումն է», յայտնեց Ռուստամեան:

Հետեւաբար, ըստ անոր, մեր գլխաւոր խնդիրը պէտք է ըլլայ այս ընթացքին բացառումը:

ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմնի ներկայացուցիչ, Ազգային ժողովի փոխնախագահ Իշխան Սաղաթէլեան նշեց, որ այս խորհրդաժողովը կը կայանայ Հայաստանի համար բախտորոշ ժամանակահատուածի մը, երբ հայրենիքը կանգնած է ներքին ու արտաքին անվտանգութեան առնչուող լրջագոյն մարտահրաւէրներու դէմ յանդիման: «Մենք կրկին հաւաքուած ենք` համակարգելու, համադրելու եւ նոր թափ տալու մեր աշխատանքներուն իրավիճակի մը մէջ, երբ մեր գործունէութեան առանցք հանդիսացող Արցախի Հանրապետութեան մեծ մասը կը գտնուի  թշնամիի տիրապետութեան տակ: Սակայն դժուար ժամանակներն են, որ լաւագոյնս ի յայտ կը բերեն իրական նուիրեալները, ազգային ընտրանին: Այս առումով պէտք է հպարտութեամբ նշել, որ Հայ դատի պատասխանատու ընկերները, ատամներով սեղմելով ցաւն ու կսկիծը, համատարած յուսահատութեան պայմաններու մէջ քայլ մը անգամ չնահանջեցին հայութեան շահերու պաշտպանութեան դիրքերէն», ըսաւ ան:

Թուելով պատմութեան ընթացքին հայութեան դիմաց ցցուած մարտահրաւէրներն ու հայութեան ուժն ու վճռականութիւնը` շրջանցելու այդ բոլորը, Սաղաթէլեան դիտել տուաւ, որ «մենք մեր պատմութեան վերջին 100 տարուան ընթացքին ունեցած ենք անկումներ, բայց ունեցած ենք նաեւ վերելքներ: Այժմ ունինք պարտութիւն, բայց ատիկա հայ ժողովուրդի հաւաքական պարտութիւնը չէ, ատիկա իշխանութեան ղեկին յայտնուած խումբ մը մարդոց գործունէութեան արդիւնքն է, եւ բոլոր այն փորձերը ներքին ու արտաքին շարք մը ուժերու կողմէ` հայ ժողովուրդը ներկայացնելու իբրեւ թոյլ ու չյաղթող, ձախողած եւ դատապարտուած ազգ, պէտք է ստանան համարժէք պատասխան»:

Ան դիտել տուաւ, որ հարիւրամեակներ ապացուցած են, թէ այս շրջանին մէջ հայ ժողովուրդը միշտ ալ մղած է ու պիտի շարունակէ մղել գոյութենական պայքար` մեր հայրենիքի այս փոքր հողակտորի, մեր անկախ պետականութեան պահպանման համար` շեշտելով, թէ հո՛ս է, որ Դաշնակցութիւնը իր ամբողջ ներուժով ըսելիք ու ընելիք ունի: «Նախ` պէտք է չհաշտուիլ ինքնիշխանութեան կորուստի եւ պարտութեան հետ, յաղթահարել նուաստացումը, կառավարել կորուստները եւ վտանգները, վերականգնել արժանապատուութիւնը, յաղթահարել պարտուածի եւ փոքր պետութիւն ըլլալու հոգեբանութիւնը, ունենալ ազգային երազ եւ երթալ այդ երազին ետեւէն», հաստատեց ան:

Ըստ Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչին, նախ պէտք է վերականգնել երկրին մէջ սահմանադրականութիւնը, կազմակերպել երկրի սահմաններու պաշտպանութիւնը, մշակել հայեցակարգ, իրականացնել համակարգային բարեփոխումներ անվտանգութեան, տնտեսութեան ոլորտներուն մէջ, կրթական եւ մշակութային բնագաւառներուն մէջ իրականացնել խորքային բարեփոխումներ, եւ զանոնք հիմնել հայրենասիրական եւ ազգային դաստիարակութեան վրայ:

ՀՅԴ Հայ դատի եւ քաղաքական հարցերու գրասենեակի ղեկավար Կիրօ Մանոյեան խորհրդաժողովին արտասանած իր խօսքին մէջ հաստատեց, որ պատերազմէն ետք` անցնող մէկ տարուան ընթացքին, Հայաստանի իշխանութիւններուն կեցուածքը բազմաթիւ երկիրներու մօտ ստեղծած է այն տրամադրութիւնը, որ այդ հարցը իրենց շատ չի վերաբերիր:

Ան յիշեցուց, որ 2009-ին, երբ ստորագրուեցան Հայ-թրքական արձանագրութիւնները եւ այն օրուան նախագահ Սերժ Սարգսեան կը շրջագայէր սփիւռքի մէջ, Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբի ատենապետ Քէն Խաչիկեան, շատերու ներկայութեան, անոր ըսաւ. «Ձեզ ո՛վ իրաւունք տուաւ մեր վաստակածը մսխել»: «Այսօր ալ մենք ստիպուած ենք իբրեւ Հայ դատի յանձնախումբերու ցանց, ըսելու իշխանութիւններուն, որ դուք չէք կրնար, իրաւունք չունիք հարուածելու ո՛չ միայն մեր այսօրուան անվտանգութիւնը, այլեւ մեր վաղուան իրաւունքը: Այսօրուան մեր դժուարութիւններէն մէկը այն է, որ Հայաստանի իշխանութիւններուն կեցուածքը եւ մեր կեցուածքը տարբեր են: Այդ պատճառով մենք անհանգիստ ենք, որ Ուաշինկթընէն մինչեւ Գերմանիա դեսպաններ նշանակուած են մարդիկ, որոնք դիւանագիտական ասպարէզին մէջ փորձառութիւն չունին», յայտնեց Մանոյեան:

Ան  նկատել տուաւ, որ եթէ մինչեւ վերջերս Արցախի ճանաչման ուղղութեամբ պէտք է համոզէին մարդիկը, որ եթէ չճանչնաք Արցախի անկախութիւնը, մարդոց կեանքին ֆիզիքական սպառնալիք կայ, հիմա արդէն համոզելու կարիք չկայ, Ազրպէյճան ամէն օր ատիկա կ՛ապացուցէ:

«Հայ դատի աշխատանքներուն համար կարեւոր է, որ այս իշխանութիւնները փոխուին, որովհետեւ պարզ է, որ իրենք իրենց քաղաքականութիւնը դէպի դրականը փոխելու ո՛չ ունակութիւն ունին, ո՛չ ալ ցանկութիւն», ըսաւ Մանոյեան:

Պաշտօնական բացումէն ետք խորհրդաժողովի մասնակիցները այցելեցին «Եռաբլուր» պանթէոն:

30 նոյեմբերէն խորհրդաժողովը իր աշխատանքները պիտի շարունակէ Գորիսի, ապա Արցախի մէջ:

Խորհրդաժողովին իրենց ողջոյնի խօսքերը յղեցին Հայ դատի գրասենեակներու օտար բարեկամները` տարբեր երկիրներու խորհրդարանականներ, քաղաքական գործիչներ եւ այլն:

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.