Սիւնեցիները Արգիլեցին Փաշինեանի Սիւնիք Մուտքը, Իսկ Սիսիանի Մէջ Անոր Նկամամբ Ժխտական Մթնոլորտը Բացայայտ Էր

21 Դեկտեմբերին նախատեսուած էր վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի այցելութիւնը Սիսիան, Գորիս, Կապան, Քաջարան եւ Մեղրի, ուր, ըստ Փաշինեանի, ինք պիտի զրուցէր սիւնեցիներուն հետ եւ լսէր անոնց մտահոգութիւնները։ Սակայն, Փաշինեան կրցաւ հասնիլ Սիսիան, բայց չկրցաւ իր ուղին շարունակել, որովհետեւ քաղաքացիները՝ ի նշան բողոքի, փակեցին դէպի Սիւնիք տանող ճամբան, Գորիս-Տաթեւ մայրուղին։

Այս կացութեան լոյսին տակ, վարչապետը «Ֆէյսպուք»ի իր էջով յայտարարեց, որ պիտի ընդհատէ ուղեւորութիւնը, որովհետեւ «չի փափաքիր, որ բախումներ հրահրուին ճամբաները փակած քաղաքացիներուն հետ» եւ՝ «սուգի օրով ուժային գործողութիւններու չդիմելու համար»:

1222Sunik

Մինչ այդ, 21 Դեկտեմբերի կանուխ առաւօտեան, ձերբակալուեցաւ Գորիսի քաղաքապետ Առուշ Առուշանեան եւ ներկայացուեցաւ նախաքննական մարմին` Քննչական կոմիտէ: Այս ձերբակալման դէմ բողոքեցին քաղաքացիները եւ ճամբաներ փակեցին՝ պահանջելով քաղաքապետին ազատ արձակումը, իսկ Առուշ Առուշանեանը ձերբակալելու որոշման դէմ բողոքի քննութիւնը յետաձգուեցաւ` վարոյթը իրականացնող մարմինին չներկայանալուն պատճառով։ Առուշ Առուշանեան այցելութեան նախօրեակին «Ֆէյսպուք»ի իր էջին վրայ գրած էր, որ ինքնաշարժներու շարասիւնը պիտի մեկնի դէպի Սիւնիքի դարպասները` արգիլելու հայոց հողը օտարող, Սիւնիքի երբեմնի անառիկութիւնը խաթարող «վարչապետ»ին մուտքը Սիւնիքի մարզ՝ կոչ ուղղելով բոլորին միանալու այս շարժումին: «Սիւնեաց հողը անարատ է, չարի սերմը բուն չի դնի, անարմատ է։ Սա քաղաքական կողմնորոշում չէ եւ ոչ էլ որեւէ կուսակցութեան նախաձեռնութիւն, սա Սիւնեցիների արժանապատուութեան, անվտանգութեան եւ ֆիզիկական գոյութեան պայքարն է, համահայկական ընդվզումի արտայայտումը: Մենք մեր սերունդներին աւանդ պէտք է թողնենք` անարատ հողը նախնեաց…», յայտնած էր Առուշանեան:

Նիկոլ Փաշինեանի Սիսիան այցելութիւնը եւս հեզասահ չընթացաւ. արդարեւ, մտնելով եկեղեցի` Փաշինեան մօտեցաւ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ տէր Պարգեւին, որ մերժեց սեղմել անոր ձեռքը եւ ձեռքի շարժումով զայն դուրս հրաւիրեց եկեղեցիէն։  Աւելի ուշ տեղեկութիւններ շրջան ըրին այն մասին, որ Փաշինեանի կողմնակիցները սպառնացին քահանայ հօր եւ խուզարկեցին անոր տունը։

1222pag

Այս դէպքին անդրադարձաւ Մարդու իրաւունքներու պաշտպան Արման Թաթոյեան, որ դիտել տուաւ, թէ բացարձակապէս անթոյլատրելի են խումբ մը անձերու կոչերը եւ տեղեկութիւնները, որոնք կը վերաբերին Սիսիանի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ քահանային նկատմամբ սպառնալիքներուն ու բռնութեան։

«Այս երեւոյթը պարունակում է համակարգային վտանգներ, պէտք է անյապաղ կանխել դրա որեւէ տեսակի դրսեւորում: Դա նախեւառաջ վտանգաւոր է հասարակութիւնում հանդուրժողականութեան ու համերաշխութեան տեսանկիւնից: Հայաստանեայց առաքելական սուրբ եկեղեցին բացառիկ առաքելութիւն է ունեցել եւ շարունակում է նոյն առաքելութիւնն ունենալ հայ ժողովրդի կեանքում եւ ազգային ինքնութեան պահպանման գործում: Պետական մարմինները պարտաւոր են շտապ քայլեր ձեռնարկել տեղեկութիւնները ստուգելու, հնարաւոր լարուածութիւն ու առաւել եւս բռնութեան հնարաւոր ցանկացած դէպք բացառելու համար», նշեց Արման Թաթոյեան` աւելցնելով, թէ ինք խօսած է Հայաստանի ոստիկանութեան պետին հետ, որ հաստատած է, թէ համապատասխան քայլերու պիտի դիմուի։

1222Kahana

Սիսիանի քաղաքային պանթէոնէն դուրս գալէ ետք եւս, երբ Փաշինեան կը փորձէր խօսիլ սիւնեցիներուն հետ՝ ըսելով, որ ինք եկած է նայելու սիւնեցիներուն աչքերուն մէջ, ներկաներէն մէկը պոռաց՝ «հերիք չի՞ խաբես, արա», եւ իրարանցում յառաջացաւ ներկաներուն մէջ։

«Թերթ»ի հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ Իշխան Սաղաթէլեան, անդրադառնալով Նիկոլ Փաշինեանի Սիւնիք այցելութեան ընթացքին արձանագրուած դէպքերուն՝ յայտնեց. «Ուզում եմ ողջունել սիւնեցիներին իրենց արժանապատուութեան համար, որ թոյլ չտուեցին դաւաճանին մտնել Գորիս, Կապան, քանի որ լաւ հասկանում են, որ նրանից որեւէ օգնութիւն չեն կարող ակնկալել»։

Ան շեշտեց, որ Նիկոլը կը շարունակէ պղծել ամէն ինչ, «իր շոուներով, իր սրիկայ տեսարաններով ամբողջութեամբ պղծում է մեր եկեղեցին, մեր արժանապատուութիւնը, մեր գերեզմանները: Նա շարունակում կառչած մնալ իր աթոռին, որի արդիւնքում, վերջնականապէս փորձում է կործանել մեր պետականութիւնը: Նա իր քայլերով ու գործողութիւններով պարզապէս չարիք է եւ մեր պետականութիւնը տանում է կործանման, որը չպէտք է թոյլ տանք», յայտնեց Իշխան Սաղաթէլեան:

Ըստ անոր՝ Նիկոլ Փաշինեան նման քայլերով կ՛ուզէ ցոյց տալ, որ ունի աջակիցներ. «Նա խեղկատակ-խելագար է, որն ինչ-որ քայլեր է ձեռնարկում` ցոյց տալու համար, որ ունի աջակիցներ եւ կարող են իր համար փողոց դուրս գալ: Իր քայլերը տանում են մեզ անկայունութեան եւ նորանոր ցնցումների, դրա համար նրան թոյլ չտուեցին գնալ Գորիս, Կապան եւ նա չգնաց: Այսինքն` զօրքով գնալ Հայաստանի մարզ, որ իր առաջ ճանապարհը բացեն, մարդիկ գտնուեն, որ իր համար ձօներ ասեն, նա պարզապէս անամօթ է»:

1222Aroush

Իշխան Սաղաթէլեանի կարծիքով` Նիկոլ Փաշինեանի քայլերը կը վկայեն այն մասին, որ ան կ՛ուզէ ամէն գնով իր իշխանութիւնը պահել. «Միայն այն, որ ինքը Սիւնիքում ասաց, թէ այն, ինչ կատարւում է, բխում է Սիւնիքի անվտանգութեան շահերից, դրանով պարզապէս մեր ժողովրդին յիմարի տեղ է դնում: Սիւնիքի դիրքերը յանձնել է, ճանապարհը գտնւում է ադրբեջանցիների հսկողութեան տակ, ամբողջ Սիւնիքը` Հայաստանի հիւսիսային հատուածը, դրել է վտանգի տակ եւ անամօթաբար շարունակում է խօսել, որ այս քայլերը բխում են Սիւնքիի անվտանգութիւնից: Այս մարդուն ո՞նց կարելի է լուրջ ընդունել»:

Անդրադառնալով` Սիսիանի Սուրբ Գրիգոր եկեղեցու հոգեւոր հովիւ Պարգեւ քահանայ Զէյնալեանի այն քայլին, որմով ան հրաժարեցաւ ձեռքով բարեւել Նիկոլ Փաշինեանին՝ Սաղաթելեան նշեց, որ այդ հայ մարդուն եւ հոգեւորականին արժանի կեցուածք է՝ աւելցնելով. «Քահանան խիստ յարգանքի արժանի կեցուածք է ցոյց տուել: Այն հայ մարդը, որ մտածում է մեր պետութեան, երկրի ու պետականութեան մասին, ինքը չի կարող ձեռնուել Նիկոլի հետ, դաւաճանի հետ պէտք է նման կեցուածք ցոյց տալ, որովհետեւ նա մեր երկիրը տանում է կործանման եւ այլ վերաբերմունքի չպէտք է արժանանայ»։

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.