Սթանպուլի մէջ մեկնարկուած է Համշէնի հայերէնի բարբառը ուսուցանող դասընթացքներ

Սթանպուլի մէջ գործող համշէնական «Հատիկ» միութեան նախաձեռնութեամբ Համշէնի հայկական բարբառը ուսուցանող դասընթացքներ կմեկնարկեն, այս մասին կը տեղեկացնէ Bianet.org-ը:
Յայտնի է, որ միութեան անդամներուն ու Համշէնի բարբառը սորվիլ ուզող բոլոր անձերուն այստեղ համշէնահայերէն կը դասաւանդեն համշէնցի մտաւորականներ Մահիր Օզքանն ու Շաբան Ալթայը:
Նշենք, որ դեռ անցեալ տարուընէ «Հատիկ» միութեան շէնքին մէջ սկսած էին համշէնական պարերու ուսուցման դասընթացքներ, որոնք կը շարունակուին մինչիւ օրս:

«Իրականութեան մէջ դասընթացքը մեզ բոլորս միաւորելու միջոց է: Նպատակը միայն լեզուն սորվիլն ու համշէնական մշակոյթը հասկնալը չէ, բուն նպատակը աւելի շատ մեր հայրենի մշակոյթին ու համշէնականութեան շուրջ կեդրոնանալն է: Մեր դռները բաց են բոլոր անոնց դիմաց, որոնց սիրտը կը տրոփէ Համշէնի համար», ըսած է միութեան անդամներէն Նեշենուր Ալթունքայա:

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.