Սեդա Պարսումեան-Տատոյեանի «Իսլամը Հայ Գրական Մշակոյթին Մէջ. Բնագիրներ, Հիմնավայրեր, Ուժընթացք» Նոր Հատորը (Islam In Armenian Literary Culture. Texts, Contexts, Dynamics)

Փրոֆ. Սեդա Պարսումեան-Տատոյեան հրատարակեց իր վեցերորդ եւ ամէնէն լայնածաւալ աշխատութիւնը` տասնչորս դարեր տեւող հայ-իսլամական քաղաքական, մշակութային եւ միջկրօնական փոխյարաբերութեանց ուսումնասիրութեանց մէջ:

Հայագիտութիւնը բերելու իր բնակա՛ն միջավայրին` այսինքն արեւելագիտական եւ մասնաւորաբար մերձաւորարեւելեան գիտութեանց ծիրին մէջ, իր առաջին լայն աշխատութիւնն էր «Յովհաննէս Երզնկացիի «Ի տաճկաց իմաստասիրաց գրոց քաղեալ բանք»-ին իսլամական աղբիւրները  եւ փիլիսոփայական արձակը այդ լոյսին տակ» (Beirut,1991):

Միջնադարեան մերձաւորարեւելեան աշխարհին մէջ հայոց ուղղակի եւ կեդրոնական դերին ամէնէն ցայտուն պարագան «Հայկական շրջանը» (1074-1171) կամ դարն  էր Ֆաթիմիական խալիֆայութեան շրջանին: Տատոյեանի երկրորդ եւ կրկին ամբողջովին ինքնուրոյն աշխատութիւնը` «Ֆաթիմիական հայերը – Մշակութային եւ քաղաքական փոխյարաբերութիւններ Մերձաւոր Արեւելքի մէջ» (The Fatimid Armenians: Cultural and Political Interactions in the Near East, Leiden: Brill, 1997) յայտնութիւն մըն էր արեւելագիտութեան եւ միջկրօնական գիտութեանց համար: Մերձաւոր Արեւելքի մէջ հայոց գործօն դիրքին, դերին եւ գործունէութեան պատմականացումը նորութիւն էր նաեւ հայագիտութեան մէջ:

Բնականօրէն իր յաջորդ գործն էր եռահատոր աշխատութիւն մը` «Հայերը միջնադարեան իսլամական աշխարհին մէջ – փոխյարաբերութեանց նախատիպարներ/յարացոյցներ – Եօթներորդէն տասնչորրորդ դարեր» [The Armenians in the Medieval Islamic World Seventh to Fourteenth Centuries: Paradigms of Cultural-Political Interactions. 3 vols. New Brunswick, NJ & UK: Transaction Publishers, 2011, 2013). հատոր Ա. «Արաբական շրջանը Արմինիայի մէջ- 7-11-րդ դարեր. հատոր Բ. «Հայկական ռէալփոլիթիք իսլամական աշխարհին մէջ եւ տարանջատուող նախատիպարներ եւ Կիլիկիոյ պարագան – 11-14-րդ դարեր». հատոր Գ. «Միջնադարեան աշխարհաքաղաքացիութեան նախատիպարներ եւ Երզնկա – Մարգարէն եւ իսլամութիւնը հայ գրականութեան մէջ – 13-14-րդ  դարեր»: Այս ընդարձակ գործը առաջին փորձն էր հայոց պատմութիւնը բերելու իր լայն շրջանի պատմական շրջանակին մէջ եւ վերբերել հիմնահարցերը, որոնք պէտք է որ առաջնորդեն նոր աշխատութեանց:

Ներկայ աշխատութիւնը` «Իսլամը հայ գրական մշակոյթին մէջ – Բնագիրներ, հիմնավայրեր, ուժընթացք» (Islam in Armenian Literary Culture. Texts, Contexts, Dynamics, Louvain: Peeters, 2021) կարելի է նկատել իր magnum opus-ը (մեծագոյն գործը), որ իր կարգին պէտք էր որ կատարուէր իբրեւ բնական եւ տրամաբանական շարունակութիւնը գործընթացի մը, որ սկսած էր երեք տասնամեակ առաջ Յովհաննէս Երզնկացիի խիզախ պարագայովը` օգտուելու իր ժամանակի գիտութիւններէն, հոգ չէ թէ անոնք ըլլային իսլամական:

Իբրեւ մօտեցում, նիւթ, պարունակութիւն եւ աղբիւրագիտական ու ժամանակագրական տարածքայնութիւն տասնչորս դարերու վրայ` հատորը առաջինն է թէ՛ հայագիտական եւ թէ՛ արեւելագիտական ուսմանց մէջ: Եօթներորդ դարէն ի վեր հայ պատմական փորձառութիւնը տարբե՛ր եւ յաճախ իրարու թշնամի իսլամական աշխարհներու մէջ եւ իշխանութեանց տակ` արաբական, թրքական, մոնկոլ-թաթարական եւ պարսկական, եւ այլապէս, քաղաքական եւ մշակութային իսլամութիւնը հասկացողութեան ու հակազդեցութեան կերպերը կը մնան շատ քիչ կամ անուղղակի կերպով մշակուած նիւթեր: Առաջին քրիստոնեայ ժողովուրդներէն մէկը` 640 թուականէն ետք հայերը արդէն կը գտնուէին իսլամական անուղղակի կամ ուղղակի իշխանութեանց տակ, նոյնիսկ հայ թագաւորութեանց ժամանակներուն (բացառութեամբ` Կիլիկիոյ եւ արդի հանրապետութեանց): Մարգարէին եւ իսլամութեան մասին առաջի՛ն եւ կարեւորագոյն վկայութիւններէն մէկը Սեբէոսինն է (660-ականներուն): Այդ թուականներէն մինչեւ այսօր կուտակուած է գրական հսկայական աւանդութիւն մը, որ կը մնար ցրուած` մատենագիրներու պատմութեանց եւ  գրական տարբեր սեռերու մէջ: Կան նաեւ Քուրանի թարգմանութիւններ, մէկ մասը տակաւին անծանօթ` ձեռագիր վիճակի մէջ,  առաջինը 1680-ին, իսկ վերջինը` 2014/5-ին: Կայ նաեւ հայ-իսլամական «ուխտերու», դաշինքներու  եւ համաձայնութեանց մեծ թիւ մը` եօթներորդ դարէն մինչեւ տասնիններորդ դար: Յաճախ իր թարգմանութեամբ, Տատոյեան կատարած է ամբողջական հաւաքածոյ մը` ցարդ անյայտ ձեռագիրներու եւ աշխատութեանց, իսլամութեան եւ իսլամներու վերաբերող ամբողջ հայ գրականութիւնը: Բնագիրները (texts) նկատելով ուղղակի եւ հիմնական աղբիւրներ, մասնաւոր կարեւորութիւն տրուած է անոնց, սակայն միշտ ալ ներկայացուած` իրենց պատմական հիմնավայրերուն (context) եւ ուժընթացքին (dynamics) մէջ: Խիստ  կերպով պահուած է ժամանակագրական հիմնայատակը:

Հատորին ոչ ուղղակի, սակայն հիմնական նիւթերէն մէկն է նաեւ հայ քրիստոնէութեան եւ եկեղեցիին իւրայատուկ պատմութիւնը Մերձաւոր Արեւելքի եւ մասնաւորաբար իսլամական ընկերութեանց մէջ: Միջկրօնական գիտութիւնները (Interfaith Studies) հազիւ թէ կէս դարու պատմութիւն ունին, եւ տակաւին, համագումարներու եւ ակադեմական հրատարակութեանց մէջ, բացի Տատոյեանի բազմաթիւ  յօդուածներէն, հայոց եւ հայ  քրիստոնէութեան դարաւոր փորձառութիւնը իսլամական աշխարհներու մէջ ի յայտ կու գայ պատահականօրէն միայն: Ճիշդ է, որ օտար գիտնականներ կատարած են կարեւոր թարգմանութիւններ` հայ հին մատենագրութենէն,  սակայն կատարուածը ոչ միայն անբաւարար է, այլ` շատ մասնակի եւ անուղղակիօրէն միայն կապուած հայ-իսլամական փորձառութեանց եւ յարաբերութեանց նիւթերուն:

Նկատի առած նիւթերու, գրականութեան, հեղինակներու եւ խնդրահարցերու մեծ թիւը, հատորը կազմակերպուած է երեք գլխաւոր նիւթերու շուրջ. «Հայ Մահմետը» (The Armenian Mahmet) այսինքն` Մարգարէին եւ իր հաւատքին հասկացողութիւնը  ըստ հայ աղբիւրներուն,  «Հայ Ղուրանները» (The Armenian Ghurans), այսինքն` իսլամական սուրբ գիրքին մասին տեղեկութիւնը, կարծիքը եւ թարգմանութիւնները, եւ վերջապէս` «Հայ-իսլամական խաղաղութեան դաշինքները» (The Armenian Pax Islamica):

Տատոյեանի այս լայնածաւալ աշխատութիւնը իր տեսակին մէջ մտաւորական խիզախում մըն է դէպի անկոխ եւ մութ մարզեր` թէ՛ հայագիտութեան եւ թէ՛ մերձաւորարեւելեան գիտութեանց մէջ: Իբրեւ այդպիսին` անիկա նաեւ անյետաձգելի եւ այսօրուա՛ն հայ վիճակին, տակաւին իսլամական աշխարհներու մէջ,  ուղղակիօրէն առնչուող պարտաւորութիւն մը, զոր հայագիտութիւնը անտեսած կամ կերպով մը դուրս ձգած է իր տեսադաշտէն` լրջօրէն մթագնելով հայոց պատմական փորձառութեան եւ շրջանային դերին ամբողջական պատմականացումն ու արժեւորումը:

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.