Սա Մեր Հողն է Որ Չափուած է Պայքարող Տղաներու Արեամբ. Անդրանիկ Չաւուշեան

Նայիրի Մկրտիչեան

 Աղաւնոն կամ Արիաւանը

Արցախի Հանրապետութեան Քաշաթաղի շրջանի Արիաւան գիւղը կը գտնուի Գորիս-Ստեփանակերտ մայրուղիի վրայ, Աղաւնոյ գետի ձախ ափին, Բերձոր շրջանէն 14 քմ, իսկ մայրաքաղաք Ստեփանակերտէն՝ 61 քմ հեռաւորութեան վրայ։

Կարմիր տանիքներով եւ արդիական ճարտարապետութեամբ ու ոճով այս գիւղը վերակառուցուած է նախապէս Աղաւնոյ կոչուող գիւղի տարածքին՝ նպաստելով Արցախի վերաբնակեցման քաղաքականութեան եւ վերանուանուած է Արիաւան։

Կառուցման ծրագիրը կեանքի կոչուած է 2013 թուականին՝ Artsakh Roots Investments (ԱՐԻ) ներդրումային ընկերութեան եւ Ստեփանակերտի իշխանութիւններու հետ համատեղ։

2016 թուականին արդէն աւարտին հասած է ծրագրի նախատեսուած երեք փուլերէն առաջինը՝ մօտ  50 բնակարան եւ գիւղի անհրաժեշտ ենթակառոյցները։ Յետագային` մինչեւ պատերազմի սկիզբը՝ գիւղը ունեցած է 70 բնակարան։

Արիաւանը իր եզակի ճարտարապետութեամբ ու գրաւչութեամբ Արցախի մէջ առաջինն էր, իսկ այսօր՝ իր դիրքով՝ անիկա ռազմավարական մեծ նշանակութիւն ունեցող տարածք է։ Գիւղը մնացած է հայկական եւ չէ հայաթափած՝ հակառակ բոլոր ճնշումներուն, դաւադրութիւններուն ու սպառնալիքներուն, եւ դարձած է հայկական երկու հանրապետութիւնները իրարու կապող միակ պորտալարը։

Ինչպէ՞ս պաշտպանուեցաւ Արիաւանը եւ չհայաթափեցաւ

Գիւ­ղը հրե­տա­կո­ծու­թենէն գլխաւորաբար պաշտ­պան­ուած է մեր ա­նա­ռիկ սա­րեր­ուն շնորհիւ։ Պատերազմի ընթացքին վնասուած են՝ համայնքի 3 տուները, մա­սամբ դպրո­ցն ու մէջի գոյ­երքը եւ կա­մուր­ջը։ Այնուհանդերձ, Արիաւանը հայկական մնացած է եւ չէ հայաթափած՝ 2019 թուականի վերջը ընտրուած, արի գիւղապետ Անդրանիկ Չաւուշեանի, անոր ընտանիքի եւ շրջապատի կամքին ու աջակցութեան շնոհիւ։ Անդրանիկը՝ իր նուիրեալ կնոջ, անչափահաս հինգ զաւակներուն, մօր ու եղբօր հետ չտրուեցաւ սադրանքներուն եւ անսասան մնաց իր հողին վրայ՝ օրինակ ծառայելով գիւղի բնակիչներուն։ Ան պատերազմի առաջին օրէն զէնքը ձեռքին պաշտպանեց գիւղը, անտառներու մէջ պաշտպանական դիրքեր ստեղծեց, եղաւ ժամանակ, երբ գիւղին մէջ մնացին միայն իր ընտանիքը եւ եւս երկու հոգի, բայց ան չբարձրաձայնեց այդ մասին. երբ անոր կը հարցնէին քանի՞ հոգի կայ գիւղին մէջ, կ’ըսէր,- «49 մարդ կայ, անտառին մէջ տարբեր դիրքերու վրայ են»։ Յետոյ ինք կ’երթար, տարբեր տեղերէ կը կրակէր, որպէսզի տպաւորութիւն ստեղծէ, որ գիւղին մէջ շատ մարդ կայ։ Կարճ ժամանակ ետք, գիւղացիներէն շատեր վերադարձան գիւղ՝ անսալով Անդրանիկի կոչին եւ օրինակ ունենալով անոր հաստատակամ ընտանիքը։

Գիւղը հայկական պահելը Անդրանիկի համար ռազմական մեծ նշանակութիւն ունեցող հարց էր. պատերազմի ժամանակ եւ տխրահռչակ Նոյեմբեր 9-էն ետք, ան թոյլ չտուաւ, որ գիւղացիները իրենց տուները քանդեն կամ այրեն, ան իր բոլոր միջոցները ի գործ դնելով՝ եղաւ գիւղացիներու նեցուկը, որպէսզի անոնք չհեռանան գիւղէն։

Պատերազմի բուռն պայքարի ընթացքին, գիւղացիներէն մէկը զոհուեցաւ, չորսը՝ վիրաւորուեցան, երեքը՝ անհետ կորածներու շարքին դասուեցան, սակայն գիւղը մաց կանգուն ու հայկական…

Ո՞վ է Աղաւնոյի գիւղապետն ու անոր ընտանիքը

Անդրանկ Շաւարշեանը, որ յետագային սխալ տարադարձութիւններու պատճառով դարձաւ Չաւուշեան, ծնունդ է Սուրիոյ Գամիշլի աւանի. յաճախած է տեղի ազգային Եփրատ վարժարանը, երբ ես այնտեղ նոր մուտք գործած էի ուսուցչական ասպարէզ՝ դասաւանդելով հայոց լեզու։

Անդրանիկը յիշողութեանս մէջ տպաւորուած է, որպէս լուռ ու միշտ մտահոգ աշակերտ միայն։ Անկեղծօրէն, չեմ յիշեր իր կարողութիւնները որպէս աշակերտի, բայց Անդրանիկն ու իր մայրը կը վկայեն, որ ան երբեք չէ սիրած դպրոց յաճախել. մեր զրոյցին ընթացքին, Անդրանիկի մայրը նշեց, որ ինք միշտ դպրոցի ծնողական ժողովներէն վերադարձած է հակասական զգացումներով. Ուսուցիչները մէկ կողմէն Անդրանիկի երկուորեակ քրոջ մասին գովեստի խօսքեր շռայլած են, իսկ միւս կոմէն դժգոհութիւններ լսած է Անդրանիկի ըրած չարաճիճիութիւններուն եւ դաս չսորվելուն մասին։

Ուսուցչուհիներէն մէկը, օր մը մտահոգ մօր վիճակը տեսնելով կ’ըսէ,- «Մի տխրիք, պայման չէ, որ ամէն աշակերտ աշխատասէր ըլլայ, Ատիսոնն ալ ծոյլ աշակերտ էր, յետոյ ողջ մարդկութիւնը իրեն պարտական մնաց՝ իր կատարած գիւտին համար։

Այսօր, Անդրանիկին ծանօթ է գրեթէ ողջ հայութիւնը, եւ պատահական չէ Շաւարշեան մականունին Չաւուշեան դառնալը. Անդրանիկի մէջ միաձուլուած են Զօրավար Անդրանիկի վճռակամութիւնն ու Գէորգ Չաւուշի քաջութիւնը։ Անդրանիկի ուժի կամքի եւ քաջութեան աղբիւրը անոր մայրն է, կինը, եղբայրն ու զաւակները, որոնք ամէն օր մահուան աչքերուն նայելով՝ մնացին իր կողքին եւ դարձան անոր աջակիցն ու պայքարի ուղեկիցը…

Շաւարշեան ընտանիքը 1997 թուականին տեղափոխուած է Լիբանան, այնտեղ, դպրոց չսիրող Անդրանիկը դարձած է վարպետ ոսկերիչ եւ ապրած բարեկեցիկ կեանքով։

2011 թուականին, բարեսիրական ծրագրեր իրականացնելու առաքելութեամբ՝ Անդրանիկը առաջին անգամ այցելած է Արցախ ու մինչեւ հոգիին խորքը սիրած այդ դրախտավայրը։ Մի քանի անգամ երթալ գալէն ետք՝ ան վճռած է ձգել Լիբանանի բարեկեցիկ կեանքն ու տեղափոխուիլ Արցախ։

2014-ին, Հայրենիքի հանդէպ սէրը, մայր հողին վրայ ապրելու կամքը եւ հաւատքը՝ վաղուայ օրուան հանդէպ, Անդրանիկը իր ընտանիքին հետ տեղափոխուած է Արցախի Բերձոր շրջան, իսկ աւելի ուշ, Աղաւնոյ՝ զայն իսկական Արիաւան դարձնելու վճռակամութեամբ։ Երբ Չաւուշեան ընտանիքը տեղափոխուած է Աղաւնոյ, այնտեղ ընդամէնը կ՝ապրէր 20 ընտանիք, որոնց թիւը յետոյ հասած է 70-ի։

2019-ի վերջը, Արիաւանի Եկեղեցւոյ կողքին ապրող Անդրանիկը՝ Աստուծոյ օրհնութեամբ դարձաւ գիւղապետ, որ գիւղն ու գիւղացիները փրկէ իր մարտունակութեամբ, քաջութեամբ, վճռականութեամբ ու դիւանագիտութեամբ։

Ռուսերէնին չտիրապետող Անդրանիկը կրցաւ շահիլ ռուս զինուորներու վստահութիւնը եւ պարտադրեց իր կամքը. ան իր զէնքը չյանձնեց եւ հայոց Եռագոյնը ծածանուած պահեց…

Չաւուշեան ընտանիքի կանայք իսկական հայուհիներ են, հերոսածին մայրը՝ Քնարիկը եւ հերոսուհի կինը՝ արմատներով Արցախցի Քրիստինէն, իրար շաղախած են Սփիւռքի մէջ մեծցած ազգային դաստիարակութեան եւ Արցախցիի խիզախ նկարագրերը ու կանգնած են Անդրանիկի ու անվախ եղբօր ու գիւղի ողջ բնակչութեան կողքին։ Անոնք պատերազմի ընթացքին եւ անկէ ետք, կազմակերպած են կռուին մասնակցող գիւղացիներուն սնունդը ապահովելու հարցը, լուծած են գիւղացիներուն տարբեր խնդիրները եւ կառչած են հողին՝ զայն չլքելու վճռականութեամբ։

«Սահմանին այսքան մօտիկ ապրելու գիտակցութիւնը թոյլ չի տար, որ հասնինք հիասթափութեան։ Այս հողին համար այնքան արիւն թափուած է, պէտք է Հողին վրայ ապրելով պահենք զայն»,- կ’ըսէ Քրիստինէն։

Այսօր, Անդրանիկի եւ իր ընտանիքի համար այլընտրանք չկայ,- «Հինգ երեխաներս պիտի մեծնան այս հողին վրայ, դժուարութեամբ, կեանքի ու պատերազմի դասերը քաղած եւ այն վճռականութեամբ, որ հողը պէտք է պահեն հողին վրայ ապրելով. թող տղաս ըսէ հայրս զոհուեցաւ, բայց չըսէ յանձնուեցաւ»,- կ’ըսէ Անդրանիկը։

Տեղին է նշել, որ Անդրանիկի հինգ զաւակներէն չորսը ծնած են Արցախի մէջ, երկրորդ որդին ծնած է ապրիլեան քառօրեայ պատերազմի ժամանակ, երբ հայրը Մարտի դաշտին էր՝ խրամատի մէջ պայքարկը մղէր, իսկ հինգերորդը` 2020 թուականի Յուլիսին…

Արիաւանը այսօր

Այսօր, Արիաւանը սահմանէն մօտ 2.5 քմ հե­ռաւո­րու­թեան վրայ է։

Պատերազմէն առաջ, այնտեղ կ’ապրէր մօտ 300 մարդ, պատերազմէն ետք՝ 180։

Գիւղը ունի դպրոց, որ կը կրէ Գարեգին Նժդեհի անունը, ունի բուժկէտ եւ նորոգուած դահլիճ։ Այնտեղ, տարբեր երկրներու մէջ ապրող մեր հայրենակիցներու աջակցութեամբ, կը ստեղծուին նոր աշխատատեղեր։

Վարսահարդարման եւ մատնահարդարման համար անհրաժեշտ գոյք ու պարագաներու նուիրատւութեամբ՝ մի քանի աղջիկ աշխատանք ունեցան, կարի մեքենաներու շնորհիւ՝ մի քանի կին եւս զբաղում ունեցան։

Գիւղին մէջ բնակչութեան ներկայութիւնը ամրացնելու համար, այնտեղ յաճախ կը նշուին աւանդական տօներ. Այս տարի նշուեցաւ «Վարդավառ»-ը եւ կը կազմակերպուին համերգներ՝ Հոկտեմբերին այնտեղ համերգով հանդէս եկաւ Հայաստանի վաստակաւոր երգչուհի Շուշան Պետրոսեան։

Հոկտեմբեր 3-ին, Ռուս խաղապահներու հսկողութեան տակ գտնուող Արիաւանի  Սուրբ նահատակաց եկեղեցւոյ մէջ, տեղի ունեցաւ հաւաքական մկրտութիւն` նախաձեռնութեամբ Արիաւան համայնքի ղեկավար Անդրանիկ Չաւուշեանի,  ձեռամբ եւ գլխաւորութեամբ Արցախի թեմի առաջնորդ Գերաշնորհ Տէր Վրթանէս եպիսկոպոս Աբրահամեանի եւ մասնակցութեամբ Արցախի թեմի արժանապատիւ քահանաներու եւ բարեշնորհ սարգաւակներու։ Համայնքի 60 զաւակ՝ ծեր ու երեխայ, այր ու կին, մկրտուեցան եւ օրհնուեցան Սուրբ միւռոնով։

Աղաւնոյի գիւղապետը բոլորին կոչ կ’ուղղէ այցելելու Արցախ՝ անցնելով Արիաւանէն։ Միշտ այն հարցիս, թէ այսինչը կ’ուզէ Աղաւնոյին օգնել, ինչի՞ կարիք կայ, պատասխանը կ’ըլլայ՝ աւելի լաւ է քան իրենց աչքով տեսնեն, թէ ինչի կարիք կայ եւ իրենք որոշեն իրենց ընելիքը։

Վերջերս, Աղաւնոյ այցելեց նաեւ «Հորիզոն»ի գլխաւոր խմբագիր Վահագն Գարագաշեան։  Պատմելով գիւղապետին եւ գիւղացիներուն հետ իր հանդիպման մասին ան կը հաստատէ. «Այս բնակավայրն ու ամրոցը, վերածուած է Արցախը մայր հայրենիքին կամրջող պորտակապի վերջին օղակին, նորօրեայ հայոց Սպարտային, ուր իւրաքանչիւր բնակիչ դարպասապահ զինուոր ու մարտիկ է»։

«Զոհուած տղաները յաղթած գացին, կռուի ժամանակ աւելի հեշտ էր, հիմա է դժուար, պէտք է ժամանակ չկորսնցնենք, պէտք է գիշեր ցերեկ աշխատելով շէնցնենք ու հզօրացնենք մեր երկիրը, սա մեր տունն է, մեր հողը, մեր ապրելու յոյսը, որ չափուած է պայքարող տղաներու արեամբ»,- կ’ըսէ «ԱՐԻ» ծրագրով վերակառուցուած Արիաւանի արի գիւղապետը…

Նայիրի Մկրտիչեան

 

 

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.