Սարգիս Զէյթլեանի Կիսանդրին՝ «Ազդակ»-ի Խմբագրատան Մէջ

Գանատաբնակ տէր եւ տիկին Յակոբ եւ Ժիւլիէթ Ճանպազեանները այցելեցին «Ազդակ»-ի խմբագրատուն եւ տնօրէնութեան յանձնեցին Սարգիս Զէյթլեանի կիսանդրին։

Հայ մամուլի հետ անքակտելիօրէն կապուած է Սարգիս Զէյթլեան հրապարակագիրին անունը, որ մեծ հմտութեամբ վարած է «Յուսաբեր»-ի, «Ազդակ»-ի եւ ապա «Ազդակ» շաբաթօրեակ «Դրօշակ»-ի խմբագիրի պաշտօնները։

Յակոբ Ճանպազեան քանդակագործութեան մարզին մէջ իր կարեւոր ներդրումը ունեցած է Արամ Մանուկեանի, Լեւոն Շանթի, Կոմիտասի, ինչպէս նաեւ հայկական խաչքարերու ստեղագործութիւններով, որոնք թէ՛ հայրենիքի, եւ թէ Գանատայի մէջ տեղադրուած են պետական ու հասարակական կեդրոններու մէջ։

Կուսակցական ղեկավար, հասարակական գործիչ եւ հայ մամուլի ու հրապարակագրութեան մէջ անվիճելի հեղինակութիւն եղած Սարգիս Զէյթլեանի կիսանդրին իր արժանի եւ մնայուն տեղի պիտի գտնէ «Ազդակ»-ի խմբագրատան մէջ։

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.