Սարգիս Ետելեան ընտրուած է Աւստրալիոյ Ռայտ քաղաքի փոխքաղաքապետ

Սարգիս Ետելեան ընտրուած է Աւստրալիոյ Ռայտ քաղաքի փոխքաղաքապետ: Ան քաղաքապետական խորհուրդին մէջ ամէնէն երկարատեւ ծառայած անձն է, եւ առաջին անգամ իբրեւ անկախ խորհրդական խորհուրդի անդամ ընտրուած է մարտ 2004-ին:

Ետելեան վերջին տասնամեակին ներկայացուցած է Ազատական կուսակցութիւնը եւ 2007-ին ու 2008-ի ընտրուած է փոխքաղաքապետ: Ան Լիբանանէն Աւստրալիա գաղթած է 1979-ին:

2009-ին պարգեւատրուած է Աւստրալիոյ կարգի մետալով` բազմամշակութային համարկման նախաձեռնութիւններու ջատագովման ու զարգացման ճամբով հայ համայնքին ու տեղական կառավարութեան իր մատուցած ծառայութիւններուն համար:

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.