Սահմանային Համաձայնութեան Ընդդիմացող Կիրանցիները Ճամբաներ Փակեցին
16 Մայիսին Կիրանցի մէջ լարուած ու մտահոգ մթնոլորտ կը տիրէր, որովհետեւ շրջանի բնակիչները, որոնք դժգոհ էին օր մը առաջ Երեւանի ու Պաքուի միջեւ ձեռք բերուած համաձայնութենէն, յայտարարեցին, որ բողոքի ցոյցերու պիտի սկսին՝ իրենց անհամաձայնութիւնը յայտնելով տեղի ունեցածին: Անոնք փակեցին գիւղ մտնող այն հատուածը, որ նախորդ ամիս շաբաթներ շարունակ փակ մնաց: Հոն ինքնաշարժներու մեծ շարասիւն ու կուտակումներ ստեղծուեցան:
Այնուհետեւ, հոն եկան նաեւ ընդդիմադիր «Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւորներ, հոգեւորականներ, որոնք յայտարարեցին, թէ եկած են գիտնալու իրենց երկրին սահմանը ո՛ւր է:
Ճամբան փակած քաղաքացիները պահանջեցին, որ Կիրանց այցելեն իշխող «Քաղաքացիական պայմանագիր»ի ներկայացուցիչներ եւ սահմանազատման պատասխանատուներ, որոնք, ըստ իրենց, հաւաստիացուցած էին, որ սահմանազատման գործընթացը տեղի կ՛ունենայ յօգուտ գիւղացիներուն, յօգուտ կիրանցիներուն, բայց 15 Մայիսին ստորագրուած արձանագրութիւնը իրենց համար յուսադրող չէ: Անոնք նշեցին, որ այն 3 զգայուն կէտերուն մէջ, որոնց մասին շաբաթ մը առաջ խօսեցաւ վարչապետը, սիւները տեղադրուած են՝ ոչ յօգուտ գիւղացիներուն:
Անոնք հաստատեցին, որ ճամբան պիտի չբանան մինչեւ որ մարդու իրաւունքներու պաշտպանն ու իշխանաւորներ իրենց մօտ գան:
Սահմանազատման պատճառով ճամբայ ու տուներ կորսնցնող կիրանցիք մերժեցին մարզային կեդրոն Իջեւանի մէջ փոքր թիւով գիւղացիներուն հետ հանդիպելու կառավարութեան առաջարկը: Անոնք հրաժարեցան նաեւ Տաւուշի մարզպետին հետ գիւղի դահլիճին մէջ փակ քննարկումներ ունենալու առաջարկէն, ըսելով. «Թող պաշտօնեաները գան Կիրանց ու լրատուամիջոցների ներկայութեամբ ասեն իրենց ասելիքը»:
Վարչապետի աշխատակազմէն խոստացած էին գոյքագրում կատարել եւ քննարկումներու սկսիլ գիւղացիներուն հետ, բայց ոչինչ կատարուեցաւ:
Գիւղացիները զարմացած են, որ վարչապետին աշխատակազմը ինչո՞ւ իբրեւ նպաստաւոր լուր արձանագրեց, թէ «Կիրանցին կը վերադարձուի մօտ 25 հեկտար գիւղատնտեսական նշանակութեան հող», այն պարագային, որ այդ ականապատ հողերը միշտ գտնուած են հայկական վերահսկողութեան տակ: «Լուրը տարածում են՝ փափուկ բարձ են դնում մարդկանց գլխի տակ, որ տեսէք՝ Կիրանցի հարցը լուծուած է», նշեցին անոնք:
Կէսգիշերին կատարուած հրապարակման մէջ կառավարութեան աշխատակազմը հաստատեց՝ սահմանազատման իբրեւ արդիւնք Կիրանցի մէջ ճամբու տեղափոխման, սեփական տուներու փոխհատուցման հարց կը ծագի՝ դիտել տալով, որ ծաւալը մեծ պիտի չըլլայ, բայց թէ քանի գոյքի դիմաց պէտք է փոխհատուցում տրամադրեն, որեւէ տուեալ նշուած չէր: Բայց եւ այնպէս սեփականատէրերը, որոնք այդ համաձայնութեամբ պիտի կորսնցնեն իրենց գոյքը, հաստատեցին, որ իրենց բնակարաններէն պիտի չհեռանան փոխհատուցման դիմաց:
Կիրանցի վարչական ղեկավար Կամօ Շահինեան, որ գիւղացիներուն ըսաւ, թէ մտադիր է հրաժարական տալու: Բնակիչները ընդդիմացան անոր այս գաղափարին՝ նշելով, որ այդպիսով որեւէ հարց չի լուծուիր: Շահինեան համաձայնեցաւ շարունակել պայքարը բնակիչներուն հետ՝ իբրեւ գիւղի վարչական ղեկավար:
Գիւղապետարանին մէջ ցոյց տալով ձեռքի տակ եղած բոլոր քարտէզները, որոնցմով տասնամեակներ շարունակ առաջնորդուած են հողերը սեփականաշնորհելու եւ որեւէ գործարք կատարելու ատեն, պնդուեցաւ, որ որեւէ մէկը չի համապատասխաներ 15 Մայիսին համակարգչային եղանակով կատարուած չափագրումներուն:
Գիւղացիները նոյնիսկ տեղեակ չեն՝ ճիշդ քանի՛ տուն պիտի անցնի ատրպէյճանական կողմին, որո՛նք պիտի ըլլան գծուող սահմանին կողքին: Անոնք հաստատեցին, որ պիտի շարունակեն պայքարը եւ բողոքի գործողութիւնները:
Comments are closed.