Սահմանադրական Դատարանը Հակասահմանադրական Նկատեց Քոչարեանի Հետապնդման Հիմք Հանդիսացած Քրէական Օրէնսգիրքի Յօդուածը

Ռոպերթ Քոչարեանի պաշտօնական դիմատետրեան էջին վրայ անդրադարձ կատարուած է Սահմանադրական դատարանի` Հայաստանի Հանրապետութեան Քրէական օրէնսգիրքի 300.1 յօդուածը անվաւեր եւ հակասահմանադրական ճանչնալու որոշումին:

«Քիչ առաջ Հայաստանի Հանրապետութեան Սահմանադրական դատարան անվաւեր եւ հակասահմանադրական ճանչցած է Հայաստանի Հանրապետութեան քրէական օրէնսգիրքի 300.1 յօդուածը, որ Սահմանադրական կարգի ենթադրեալ տապալման գործի հիմքն էր:

Սահմանադրական դատարանը սահմանած է, որ 300.1 յօդուածը կը հակասէ Սահմանադրութեան 78-րդ եւ 79-րդ յօդուածներուն: Սահմանադրական դատարանի որոշումը վերջնական է եւ ուժի մէջ կը մտնէ հրապարակման պահէն:

Ռոպերթ Քոչարեանի փաստաբանական խումբը, միջազգային հեղինակաւոր կառոյցներ այս գործի հակասահմանադրականութեան վերաբերեալ մասնագիտական կարծիք յայտնած են երկրորդ նախագահի ապօրինի կալանաւորման առաջին իսկ օրէն:

Այս հակասահմանադրական գործին պատճառով նախագահ Քոչարեանը 537 օր ապօրինի կերպով զրկուած է ազատութենէ»:

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.