ՌՈՒՍ ՌԱԶՄԱՎԱՐԱԿԱՆ ԳՈՐԾԸՆԿԵՐՈՋ ՀԱՄԱՐ «ԿԱՆԽԱՏԵՍԵԼԻ ԸԼԼԱԼՈՒ» ԶԱՐՄԱՆԱԼԻ ՆԱԽԱՆՁԱԽՆԴՐՈՒԹԻՒՆԸ ԲԱՑԱՐՁԱԿ ԿԱԽՈՒԱԾՈՒԹԵԱՆ ՊԱՅՄԱՆՆԵՐՈՒՆ ՄԷՋ

Խ. Տէր Ղուկասեան

Հոկտեմբեր 2021-ի սկիզբը իր տուած մամլոյ ասուլիսին ընթացքին, Հայաստանի Հանրապետութեան (ՀՀ) երկրորդ Նախագահ, «Հայաստան» Դաշինքի ղեկավար և ընդդիմութեան գլխաւոր ներկայացուցիչ Ռոպերթ Քոչարեան Ռուսիոյ հետ «ընդհանուր պետութեան» այլընտրանքը «մտածելու բան է» ըսաւ պատասխանելով լրագրողի մը հարցումին:

Սան Փեթերսպուրկի մէջ ՀՀ նախկին հիւպատոս, ՀՀ արտակարգ դեսպանորդ եւ լիազօր նախարար, Հրայր Կարապետեան, Իրաւունք թերթի 4 Փետրուարի համարին մէջ Իլոնա Ազարեանի հետ իր ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին կարծիք կը յայտնէ, որ «ՌԴ-ին [Ռուսական Դաշնութեան] աւելի շատ ձեռնտու է, որ ՀՀ-ն, որպէս սուվերեն  երկիր լինի իր դաշնակիցը այս կամ այն պայմանագրի ձեւով», քան մաս կազմէ ՌԴ-Պելառուս «միութենական պետութեան» -ըստ լրագրողուհիի հարցումին մէջ ձևակերպումին: Ըստ իրեն,

  • Եթե մենք ուզում ենք իսկապէս ռազմավարական յարաբերութիւններ ունենալ ՌԴ-ի հետ, ապա նախեւառաջ ՌԴ-ի համար կանխատեսելի պէտք է լինեն ՀՀ-ի արտաքին քաղաքականութեան հիմնական սկզբունքները։ Այսօրուայ իշխանութիւններին հենց սրա համար ենք քննադատում, որ չկայ սկզբունքային քաղաքականութիւն այս հարցում։ Այսինքն այս իշխանութիւնները մի օր կարող են ամբողջական պրոռուսական մօտեցումներով հանդէս գալ, յաջորդ օրը 180 աստիճանով փոփոխուած հակառուսական մօտեցումներ լինեն։ Իսկ ՌԴ-ի հետ ամուր յարաբերութիւնների արդիւնքները կը լինեն էֆեկտիվ միայն այն դէպքում, երբ ՀՀ իշխանութիւնները վարեն սկզբունքային քաղաքականութիւն։ Այլ ոչ թէ մեր դաշնակցի մոտ տպաւորութիւն ստեղծեն, որ անգամ այդ հարցում է ՀՀ-ն պատեհապաշտ քաղաքականութիւն է վարում։

ՀՀ այսօրուայ իշխանութիւններուն պատեհապաշտութիւնը կասկածի տակ կարելի չէ դնել: Նաև, ոչ ոք, բացի թերևս Ազգային Ժողովրդավար Բևեռի նման ծայրայեղօրէն հակառուս, փրօ-Արևմտեան քաղաքական ուժեր, կամ նման դերակատարութիւն ստանձնած անձնաւորութիւններ թէ խմբաւորումներ, կրնայ դէմ ըլլալ գերիշխան Հայաստանի և Ռուսիոյ միջև կնքուած միջ-պետական համաձայնագրերով ռազմավարական դաշինքին, ինչպէս կը թելադրէ Հայաստանի աշխարհաքաղաքական իրավիճակը: Թուղթի վրայ այդպէս է: Միևնոյն ժամանակ սակայն, Հրայր Կարապետեանի այն ենթադրութիւնը, որ պայմանագրերով ամրագրուած հայ-ռուսական ռազմավարական գործընկերութիւնը կրնայ աւելի արդիւնաւորուիլ եթէ Հայաստանը Ռուսիոյ համար «կանխատեսելի» ըլլայ, լաւագոյն պարագային բաղձանք է: Մոսկուա երբեք Հայաստանին չէ նայած որպէս համահաւասար ռազմավարական գործընկեր, այլ՝ իր վերապրումին համար հզօր պետութենէ մը կախեալ Եւրասիոյ Կովկասեան ծայրամասի մէկ փոքր երկիր:

Թէ այս ռազմավարական գործընկերութիւնը կրնար փոխ-շահաւէտութեան և առաւել թէ նուազ փոխ-կախուածութեան վրայ հիմնուած ըլլալ Խորհրդային Միութեան փլուզումէն անմիջապէս յետոյ, երբ Հայաստանը Կովկասի մէջ եղաւ միակ երկիրը որ առաջին օրէն մաս կազմեց Հաւաքական Անվտանգութեան Պայմանագրի Կազմակերպութեան (ՀԱՊԿ), մի գուցէ: Բայց իրողութիւնն այն է որ անցնող երեսուն տարիներուն, իրերայաջորդ ՀՀ իշխանութիւնները չյաջողեցան Մոսկուային ընկալելի դարձնել ՌԴ-ի անվտանգութեան համար Հայաստանի եզակիութիւնը պայթունավտանգ Կովկասեան տարածաշրջանին մէջ, և ստեղծեցին կախուածութեան իրավիճակ հինգ հիմնական պատճառով:

Առաջին, Հայաստանի մէջ տնտեսական անցումը նուիրականացուց դրամատիրութեան օլիկարգային բնորդը համանման և համաշունչ ռուսականին ի դէմս հայկական մեծ կապիտալի շահադիտական կապուածութեան ռուսական շուկայի և ֆինանսներու, կամ ռուսական մեծ կապիտալի, հետ:

Երկրորդ, քանի որ Հայաստանի մէջ տնտեսական անցումը տեղի ունեցաւ «շոքային» տարբերակով և առանց ռազմավարական մօտեցումի, Հայաստանի ուժանիւթային միակ մատակարարումը մնաց ռուսական վերահսկողութեան տակ:

Երրորդ, ազատագրուած շրջաններու տնտեսական կենսական կարևորութիւնը երբեք չեղաւ կիզակէտային պետական քաղաքականութեան համար, ե՛ւ որովհետև յստակ պատկերացում չկար այդ շրջաններու ճակատագրին վերաբերեալ, ե՛ւ, մանաւանդ, օլիկարգային դրամատիրութեան յատուկ եռակի կեդրոնացումը՝ աշխարհագրական, իշխանական և հատուածային/դասակարգային թոյլ չտուաւ ոչ հարստութեան աւելի արդար բաժանում որպէսզի այն հասնէր լայն զանգուածներուն, ոչ ալ տնտեսական ապակեդրոնացեալ և ռազմավարականօրէն հեռանկարային ծրագրում: Հայաստանի սննդային անվտանգութիւնը, ջրային աղբիւրներու կարիքն ու նշանակութիւնը ուժանիւթի արտադրութեան համար և ազատագրուած շրջաններու բնակեցումը լաւագոյն պարագային վստահուեցաւ առանձին կազմակերպութիւններու և անհատական նախաձեռնութիւններու, որոնք և, պարզ է, իրենց քայլերուն ռիսկը նախատեսած էին -կամ ալ պարզապէս հաւատացած սթաթուս քուօ-ի յարատևման, քանի այդ էր պետական քաղաքականութիւնը, կամ այդ համոզումը կը փոխանցէր:

Չորրորդ, հայկական բանակի զինամատակարարում ու ռազմական արհեստագիտութեամբ օժտումը եղան ռուսական մենաշնորհի ենթակայ: Ընդ որում, մինչև օրս ալ յայտնի չէ թէ ինչ պայմաններով գնուած են Իսկանդարները, որոնք այնքան հպարտութեամբ ցուցադրուեցան Վեցօրեայ Պատերազմին յաջորդ տարուայ ՀՀ Անկախութեան Տօնի զինուորական տողանցքին բայց չարձակուեցան Քառասունչորսօրեայ Պատերազմին: Կամ ՍՈՒ-30-ը ուր Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան երջանիկ-երջանիկ նկարուեցաւ և յայտարարեց որ Հայաստանի օդային տարածքը պաշտպանուած է աւելի քան երբեք, առանց պահ մը անդրադառնալու որ այդ անկարելի է առանց այդ արդիական պատերազմական օդանաւը զէնքով և զինամթերքով օժտելու -այսինքն՝ ոչ ոք օրին պաշտօնապէս, իմա՛՝ Ազգային Ժոշովէն ներս, կամ հանրային հարցադրումի կարգով բացայայտեց որ Ռուսիա ՍՈՒ-30-ը առանց իր համապատասխան զէնքին ու զինամթերքին վաճառած էր:

Հինգերորդ, Հայաստանի աշխատաւոր զանգուածի մեծ մասին համար Ռուսիա «խոպան» երթալը վերածուեցաւ տնտեսական վերապրումի միակ միջոցի: 2008-ի համաշխարհային ֆինանսական ճգնաժամէն յետոյ, երբ Հայաստանի տնտեսութիւնն ալ անկում արձանագրեց հակառակ օրին նէօլիպերալ կուրուներու հաւաստիացումներուն, արդէն Ռուսիան վերածուեցաւ արտագաղթի գլխաւոր վայրի, նաև որովհետև Մոսկուա բացայատօրէն քարոզչութիւն ըրաւ Հայաստանի ամբողջ տարածքին, Հայաստանէն դէպի Ռուսիոյ ամենահեռաւոր շրջաններ արտագաղթը քաջալերելով:

Անցնող երեսուն տարիներուն, Մոսկուա առիթ չփախցուց ՀՀ իշխանութիւններուն վրայ ճնշում բանեցնելու ամէն անգամ որ լուրջ փորձ մը ըլլար անկախ երկրի մը գերիշխանութիւնը գործնականօրէն արժևորելու: Օրինակներէն մէկը Քոչարեանին նախաձեռնութիւնն էր Իրանէն բնական կազ բերելու, և Մոսկուայի պարտադրանքը որ խողովակները ըլլան այնքան փոքր տրամագծի որ իրանեան բնական կազը այլընտրանք չըլլայ ռուսական վերահսկողութեամբ Հայաստան հասնող բնական կազին: Այլ օրիպակ է Սերժ Սարգսեանի նախագահութեան հայկական դիւանագիտութեան նախաձեռնութիւնը՝ Եւրոպական Միութեան (ԵՄ) հետ Արևելեան Գործընկերութեան Համաձայնագրի ստորագրութիւնը, որմէ Մոսկուա Երևանին ստիպեց հրաժարիլ: Համաձայնագրի ստորագրութենէն յետոյ, Սեպտեմբեր 2013-ին, Փութին ՀՀ Նախագահին իր մօտ կանչեց, և այդ երկկողմանի հանդիպումէն անմիջապէս յետոյ, Սարգսեան, Մոսկուայէն, ԵՄ հետ համաձայնագիրը չեղեալ յայտարարեց: Պէտք չէ մոռնալ նաև ռուսական զինուորական խարիսխին աւելի քան չորս տասնամեակով «հիւրընկալումը», որ օրին Ազգային Ժողովի մէջ մեծամասնական Հանրապետականները անցուցին առանց լսելու Վահան Յովհաննիսեանին որ կ’ընդվզէր թէ ինչպէս կարելի է այդքան հեշտ կերպով, այդքան աժան, զիջիլ այն ինչ էականօրէն գերիշխանութեան խնդիր է:

Ապրիլ 2018-ին իշխանութեան հասնելով, այսպէս կոչուած Թաւշեայ Յեղափոխականները, իրենց ապիկարութեամբ, ամէն ինչ ըրին այդ կախուածութիւնը խորացնելու և բացարձականացնելու համար: Կառավարութեան կազմին մէջ ներառին հակառուսական ցոյցերու և Փութինի դէմ ցուցատախտակներ պարզողներ՝ որպէս շնորհակալութիւն իրենց հերոսութեան կամ՝ գերիշխանութեան յիմար փաստարկում: Այդ մէկը կրնար հաճելի չթուալ Քրեմլինին: Բայց նման մանրուկները չէին որ Փութինին այնքան պիտի մտահոգէին: ՀԱՊԿ-ի Գլխաւոր Քարտուղար Եուրի Խաչատուրովի դէմ դատական գործն ու արգելակման փորձը սակայն Մոսկուային համար անընդունելի քայլեր էին, ինչպէս օրին, ըստ բացայայտուած ձայնագրութիւններու, Ազգային Անվտանգութեան Ծառայութեան (ԱԱԾ) այն ատենուայ պետ Արթուր Վանեցեան, այսօր ըդդիմադիր, Վարչապետին անձնապէս փոխանցեց:

Քառասունչորսօրեայ Պատերազմին պարտութիւնը Հայաստանի կախուածութիւնը ՌԴ-էն բացարձակացուց: Առաւելի՝ Նիկոլ Փաշինեանի վերընտրութեամբ: Ոչ թէ որովհետև եթէ ան չընտրուէր ուրիշ մէկը շատ աւելի կարող պիտի ըլլար գերիշխան գործելու -թէկուզ և այդ անձը Քոչարեանը ըլլար: Այլ որովհետև Փաշինեանը լաւ գիտէ, որ իշխանութեան վրայ մնալու իր միակ արտաքին երաշխիքը Մոսկուայի նեցուկն է, պարզ այն պատճառով որ որպէս պարտեալ, որպէս Ալիևի կողմէ ծաղրի ու ծանաքի ենթարկուած ղեկավար, իր միակ այլընտրանքը բանակցութեան սեղանին նստելու՝ Ռուսիոյ քաղաքականութեան կամակատարի վերածուիլն է: Հայաստանի կախուածութեան լաւագոյն փաստը միթէ՞ չէ Ուաշինկթընի նման կարևորագոյն մայրաքաղաքի մը մէջ ՀՀ դիւանագիտական ներկայացուցչութիւնը վստահիլ արտաքին աշխարհի համար ամենէն անծանօթ և անկարևոր քաղաքական դէմքերէն մէկուն, որ չունի դիւանագիտական ոչ մէկ փորձառութիւն: Գոնէ վերջին երկու տասնամեակներուն, Ուաշինկթըն գործուղղուած են միայն փորձառու դիւանագէտներ:

Երբ Փաշինեանական Հայաստանի այս բացարձակ կախուածութիւնը Ռուսիայէն յստակ է օրուայ իշխանութիւններու ամէն խօսածի և ըրածի մէջ, ի՞նչ իմաստ ունի ՌԴ-ի հետ ռազմավարական յարաբերութիւնները պայմանաւորել Մոսկուայի համար ՀՀ արտաքին քաղաքականութեան «կանխատեսելիութեամբ»: Կախուածութեան պայմաններու մէջ «կանխատեսելիութիւնը» ինքնստինքեան առկայ է որովհետև կախեալ պետական կառոյցը իրեն թելադրուածէն տարբեր բան մը պարզապէս չի՛ կրնար ընել: Թէ «սկզբունքայնութիւն» չկայ սկզբունքով բախտախնդիրներու իշխանութեան արտաքին քաղաքականութեան մէջ՝ հասկնալի է: Բայց ի՞նչ կը նշանակէ «սկզբունքայնութիւն» կախուածութեան պայմաններու մէջ եթէ ոչ… յաւելեալ կախուածութիւն -եթէ նման բան կարելի է:

Թէև Կարապետեան կը կարծէ թէ ՌԴ կը նախընտրէ «սուվերեն» Հայաստան մը, բայց կարծես այնքան ալ սկզբունքային կերպով դէմ չէ «միութենական պետութեան» գաղափարին: Լրագրողուհիի այն նկատողութեան որ Հայաստանի մէջ առաջացած է «Ուժեղ Հայաստան Ռուսաստանի հետ. յանուն նոր Միութեան» շարժում մը (երևի Ազգային Ժողովրդավարներու հակառակ բևեռը…), կը պատասխանէ. «նախ ասեմ , որ դրական եմ վերաբերւում բոլոր այն նախաձեռնութիւններին, որոնք միտուած են նոր մակարդակի հասցնել հայ-ռուսական ռազմավարական համագործակցութիւնը քաղաքական, տնտեսական, ռազմական և այլ ուղղութիւններով։ Այդ համագործակցութեանը նոր որակ հաղորդելը մեզ համար օրուայ հրամայական է։» Կը մնայ հարց տալ թէ այս մակարդակի կախուածութենէն յետոյ գործնական իմաստով ի՞նչ կրնայ նշանակել «հայ-ռուսական համագործակցութեան նոր մակարդակը», ի՞նչ բնոյթի կրնայ ըլլալ անոր «նոր որակը» և ո՞րն է այդ ուղղութեամբ «օրուայ հրամայական»ին կոնկրետ քայլը: «Միութենական պետութի՞ւն»ը…

Կարապետեանի պատասխանին յաջորդ բաժինը կը հաստատէ ոչ միայն «միութենական պետութեան» այլընտրանքին «մտածելու բան» ըլլալը, ինչպէս Քոչարեան ըսած, այլ Հայաստանի ՌԴ-էն բացարձակ կախուածութեան անտեսումը. «… մենք համարում ենք, որ ՌԴ-ն ՀՀ-ի միակ ռազմավարական դաշնակիցն է։ 44-օրեայ պատերազմի ընթացքում էլ մենք ականատես եղանք, որ բացառապէս ՌԴ-ի անմիջական ջանքերի շնորհիւ կանխուեց ողբերգական պատերազմը եւ այն տարածքները Արցախում, որ մենք պահպանեցինք կրկին ի շնորհիւ ՌԴ խաղաղապահների է։ Եւ, այո, ես կողմնակից եմ, որ մենք ՌԴ-ի հետ պէտք է էլ աւելի ամրապնդենք մեր կապերը, մենք ԵՏՄ անդամ ենք, իսկ դա նշանակում է, որ ռուսական դաշտում ունենք համագործակցութեան փայլուն հեռանկարներ թէ՛ տնտեսական, թէ՛ ամենաբազմաշերտ ոլորտներում։»

Հասկնալի է որ Կարապետեան, և ընդհանրապէս ՀՀ քաղաքական վերնախաւը, Քառասունչորսօրեայ Պատերազմին ՌԴ-ի կեցուածքը պիտի ուզէ տեսնել որպէս բաժակի լեցուն բաժինը: Այնքան ալ այլընտրանք չունի: Այդ չի՛ նշանակեր որ պէտք չէ տեսնել նաե՛ւ բաժակին դատարկ բաժինը: Այն որ ՌԴ-ը ոչ միայն չկանխազգուշացուց Կովկասի մէջ իր միակ ռազմավարական գործընկերոջ պատերազմին մասին, ոչ միայն նախաձեռնութիւնը չառաւ անոր առաջքը առնելու դիւանագիտական միջամտութեամբ թէ Պաքուի և Անգարայի վրայ ճնշում բանեցնելով, այլ պատերազմին չէզոք միջնորդի դիրք բռնելով թոյլ տուաւ իր ռազմավարական գործընկերոջ դաժան պարտութիւնը և կտրուկ տկարացումը: Առանց տակաւին նշելու, որ ճանապարհ հարթեց թրքական ռազմական դէտերու ներկայութեան Կիվկասի մէջ և ներկայիս կը հովանաւորէ հայ-թուրք բանակցութիւնները: Դառն իրականութիւնը այն է, որ ինչպէս հարիւր տարի առաջ Կարսի և Մոսկուայի պայմանագրերու օրերուն այսօր ալ հակասութիւն չկայ ռուսական քաղաքականութեան մէջ. ստեղծուած կացութիւնը խօսուն փաստն է այն վտանգաւոր կախութեան իրավիճակին ուր յայտնուած է Հայաստանը: Բայց այդ մէկը Մոսկուայի խնդիրը չէ քանի իր շահերն է որ առաջ կը տանի: Հայաստանի և հայութեան խնդիրն է: Եթէ այդ մէկը Հայաստանի քաղաքական վերնախաւը ուզէ տեսնել, և գիտակցիլ անոր: Թէկուզ և մօտիկ անցեալի սխալներուն մասին մտածելու համար:

Այս չի նշանակեր մեր բաղդը լալ, կամ (Ազգային Ժողովրդավար) Բևեռանալ և անիմաստ հակառուսական բեմադրութիւններով և կամ ալ «գունաւոր յեղափոխութիւն»ներու ֆոլքլորով հանդէս գալ: Կը նշանակէ անկախ պետութեան գերիշխանութեան իմաստը վերարժևորել գիտակցելով, որ անոր համար ՀՀ որևէ իշխանութիւն չունի այլընտրանք բացի կախուածութեան պայմաններու խոհեմ բարեփոխումը, և իր ձեռքերուն կայ երկու լծակ. ՀՀ դիւանագէտները, և խօսքը կը վերաբերի ասպարէզով դիւանագէտներուն, փորձառու և հայրենասէր անձանց, ոչ անցեալին նշանակուած օլիկարգ ու մարզիկ թէ եսիմ ինչ անձնաւորութիւններուն, ոչ ալ այսօրուայ Փաշինեանական արդէն գունաթափ Թաւշեայ շրջանակի հաւատարիմներուն և խնամի-ծանօթ-բարեկամներուն: Եւ Սփիւռքը: ՀՀ-ի ծայրայեղ կախուածութեան այսօրուայ պայմաններուն մէջ, Դաշնակցութեան քաղաքական մտածողութիւնն ու խօսոյթը, պարտի գտնել իր բառապաշարն ու հրապարակային բանաձևումներուն այն ոճը, որ Սփիւռքի մէջ համահայկական զօրաշարժի ատակ կազմակերպութեան գործօնի իր դերը կը յստակացնէ և կազմակերպութիւնը կ’ արժևորէ որպէս հայ անկախ պետութեան գերիշխանութեան յանձնառու ուժ:

 

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.