ՌՈՒՍ-ԱԶՐՊԷՅՃԱՆԱԿԱՆ ՅԱՐԱԲԵՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐՆ ՈՒ ՈՒՔՐԱՆԱԿԱՆ ԳՈՐԾՕՆԸ

22 փետրուարին, Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին եւ Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ Մոսկուայի մէջ ստորագրեցին դաշնակցային համագործակցութեան մասին հռչակագիր մը։ Ռուսիան այս հռչակագիրը ստորագրելով կը փորձէ հակակշռել 15 յունիս 2021-ին բռնագրաւեալ Շուշիի մէջ Ալիեւի եւ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի կողմէ ստորագրուած «Շուշիի հռչակագիր»-ը, որովհետեւ Ռուսիան չուզեր, որ թուրք-ազրպէյճանական կապը ամրապնդուի ի վնաս իր շահերուն։

Ռուսիոյ հետ դաշնակցային համագործակցութեան մասին հռչակագիրի ստորագրումը նաեւ կը բխի Ազրպէյճանի շահերէն։ Պաքու միշտ ալ աշխատանք տարած է հեռու մնալ Հայաստանի եւ Վրաստանի օրինակներէն. Մինչ Հայաստան Ռուսիոյ ռազմավարական դաշնակիցն է, իսկ Վրաստան ունի հակառուս դիրքորոշում ու կը ջանայ ՕԹԱՆ-ի եւ Եւրոպական Միութեան անդամակցիլ՝ Ազրպէյճան կը փորձէ աւելի անկախ քաղաքականութիւն մը վարել, եւ այդ պատճառով ալ Մայիս 2011-ին միացաւ Ոչ յանձնառու շարժումին,  որուն գերակայ նպատակը զինուորական որեւէ ճամբարի մաս չկազմելն է։

Ալիեւ Փութինի հետ դաշնակցային համագործակութեան մասին հռչակագիրը ստորագրելով նաեւ կը փորձէ Արցախեան Բ. պատերազմին թրքական վճռորոշ աջակցութեան գինը վճարելու հարկադրանքին ու ազրպէյճանական հասարակութեան մէջ նկատառելի աճ արձանագրած փանթուրքական զգացումներու զեղումի քաղաքական ընդհանուր մթնոլորտին մէջ իր ստորագրած «Շուշիի հռչակագիր»-ի կշիռը նուազեցնել։

Ալիեւ իր երկիրը Ռուսիայէն պաշտպանելու համար՝ Էրտողանի հետ «Շուշիի հռչակագիր»-ը ստորագրեց, եւ Ոչ յանձնառու շարժումի անդամ Ազրպէյճանի համար այդքան կարեւոր եղող որեւէ ճամբարի մաս չկազմելու սկզբունքին հիմամբ՝ Էրտողանին ենթակայութեան վտանգն ու ընդհանրապէս Թուրքիոյ ազդեցութիւնը մեղմացնելու համար՝ դաշնակցային համագործակցութեան հռչակագիրը ստորագրեց Փութինի հետ։

Մոսկուան ու Պաքուն երկկողմանի յարաբերութիւնները կարեւոր կը նկատեն նկատի ունենալով երկու երկիրներու միջեւ 284 քիլոմեթր երկարութեամբ ցամաքային սահմանը, ինչպէս նաեւ Կասպից ծովու մէջ ծովային սահմանը։ Երկու երկիրներու յարաբերութիւնները նաեւ մեծ բան կը պարտին անոնց սփիւռքերուն՝ Ռուսիոյ մէջ բնակող ազրպէյճանցիներուն եւ Ազրպէյճանի մէջ բնակող ռուսերուն ու տաղստանցիներուն։

Ազրպէյճան Ռուսիոյ համար նաեւ կարեւոր երկիր է՝ նկատի ունենալով անոր ռազմավարական կարեւոր դիրքը՝ իբրեւ մէկ կողմէ Կովկասի եւ Կասպից ծովու ճամբով Կեդրոնական Ասիոյ միջեւ, եւ միւս կողմէ Կովկասի եւ Իրանի ճամբով Միջին Արեւելքի հետ կապ։ Ազրպէյճան եւս հետաքրքրուած է Ռուսիոյ հետ անդրսահմանեան գործակցութեամբ։ Ռուսիան Ազրպէյճանի կասպից շրջանի առաջին դրացի երկիրն էր, որ սեպտեմբեր 2010-ին՝ 14-ամեայ դժուար բանակցութիւններէ ետք ստորագրեց սահմանազատման ու սահմանագծման համաձայնութիւն մը։

Միւս կողմէ՝ 9 նոյեմբեր 2021-ին, Ռուսիոյ, Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի ղեկավարներուն կողմէ ստորագրուած եռակողմ յայտարարութեան 4-րդ կէտին հիմամբ՝ ռուսական խաղաղապահ ուժեր 5 տարուան համար հաստատուեցան Արցախի հանրապետութեան մէջ։ Զարմանալի չէ, որ իր «հողային ամբողջականութեան վերականգնման»` իմա Արցախի ամբողջական բռնագրաւման ձգտող Ազրպէյճանը տակաւին չէ ստորագրած խաղաղապահութեան լիազօրագիրը, որ զինադադարի յայտարարութենէն անջատ իրաւական փաստաթուղթ մըն է։ Ազրպէյճանցի պաշտօնատարները շարունակ կը շեշտեն, թէ ռուսական զօրքերու ներկայութիւնը ժամանակաւոր է, սակայն նկատի ունենալով Աբխազիոյ, Հարաւային Օսեթիոյ եւ Մերձտնեսթրի օրինակները՝ նաեւ կը հասկնան, թէ ռուս խաղաղապահները իրենց հաստատուած տարածքներէն հեռանալու սովորութիւն չունին։

Ազրպէյճանի իշխանութիւնները Արցախի մէջ ռուսական ուժերու ներկայութեան կողքին նաեւ կը դժգոհին անոնց գործունէութենէն։ Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ թրքական «Անատոլու» լրատու գործակալութեան հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ ռուս խաղաղապահները, հակառակ ազրպէյճանական իշխանութիւններուն կողմէ հաստատուած արգելքին,  կ’արտօնեն, որ օտարերկրեայ քաղաքացիները Արցախ մուտք գործեն։ «Որովհետեւ Ղարաբաղը մեր տարածքն է,  օտարերկրեայ քաղաքացիներ կամ ինքնաշարժներ չեն կրնար առանց մեր արտօնութեան այդ շրջաններ մուտք գործել» , շեշտեց Ալիեւ։

Մինչ հնգամեայ պայմանաժամի աւարտը հետզհետէ կը մօտենայ, Արցախի մէջ ռուս խաղաղապահներու ներկայութեան հարցը հետզհետէ երկու երկիրներուն միջեւ աւելի լուրջ տարակարծութեան պիտի վերածուի եւ առաւել եւս սրի այդ պայմանաժամի աւարտէն ետք։ Սակայն ատիկա երկու երկիրներուն միջեւ գոյութիւն ունեցող միակ հարցը չէ։

Ազրպէյճան ռազմավարական գործընկերն է Ուքրանիոյ։ Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամով եւ Ուքրանիոյ արտաքին գործոց նախարար Տմիթրօ Քուլեպա 6 փետրուարին երկու երկիրներուն միջեւ դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատման 30-ամեակի առթիւ նամակներ փոխանակեցին։ Պայրամով իր նամակին մէջ նշեց. «Կառչելով միջազգայնօրէն ճանչցուած սահմաններու անխախտելիութեան սկզբունքին՝ Ազրպէյճանն ու Ուքրանիան կը զօրակցին իրարու հողային ամբողջականութեան»։ Քուլեպա իր կարգին շեշտեց, որ «անցնող հանգրուանին թէ´Ուքրանիոյ, եւ թէ´Ազրպէյճանի մէջ փոփոխութիւններ տեղի ունեցան» ,  եւ միայն բարեկամութիւնը, յարգանքն ու, մասնաւորաբար, երկու երկիրներու գերիշխանութեան ու հողային ամբողջականութեան նկատմամբ յարգանքը կը մնան անփոփոխ։ Ուքրանիոյ մէջ վերջ զարգացումները ցոյց տուին, որ այդ իրողութիւնը փոխուած է։

Փետրուար 25-ին, Ազրպէյճան առաջին անգամ ըլլալով անդրադարձաւ Ուքրանիոյ մէջ իրադարձութիւններուն։ Ազրպէյճանի նախագահի արտաքին հարցերով բաժինի ղեկավար Հիքմեթ Հաճիեւ յայտնեց, որ իր երկիրը կը հետեւի Ուքրանիոյ իրադարձութիւններուն։ «Ազրպէյճան միջազգային յարաբերութիւններու մէջ միշտ կ’առաջնորդուի միջազգային իրաւունքներու արժեչափերով եւ սկզբունքներով, այս առումով ես պիտի ուզէի ընդգծել պետութիւններու գերիշխանութեան եւ տարածքային ամբողջականութեան հարցը» , յայտարարեց ան՝ աւելցնելով, Ուքրանիոյ մէջ դէպքերը «մտահոգիչ հոլովոյթներ են եւ պէտք է լուծուին երկխօսութեան ճամբով»։

Պաքուի մէջ Ուքրանիոյ դեսպան Վլատիսլաւ Քանեսքի Փետրուար 25-ին «Պի.Պի.Սի.»-ի ազրպէյճանական ծառայութեան յայտնեց, որ Քիեւ տակաւին Ազրպէյճանի դիրքորոշման կը սպասէ։ «Կը ծրագրեմ շարք մը հանդիպումներ ունենալ իմանալու համար ներկայ կացութեան վերաբերեալ ազրպէյճանական պաշտօնական դիրքորոշումը։ Այդ նպատակով պաշտօնական մարմիններուն դիմում մը յղեցինք» , ըսաւ ան։ Սակայն պարզ էր, որ Պաքուն կը դժկամի վերահաստատել Ուքրանիոյ գերիշխաութեան ու հողային ամբողջականութեան վերաբերեալ իր «անփոփոխ» կեցուածքը՝ չզայրացնելու համար Մոսկուան, որուն հետ ռուս-ուքրանական պատերազմէն երկու օր առաջ ստորագրած էր կարեւոր փաստաթուղթ մը՝ դաշնակցային համագործակցութեան մասին հռչակագիրը։

Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամով  2 Մարտին ՄԱԿ-ի Մարդկային Իրաւանց Խորհուրդի նիստի ընթացքին իր արտասանած խօսքին մէջ՝ վերահաստատելով Հաճիեւի կողմէ արտայայտուած կեցուածքը նշեց, որ իր երկիրը Մոսկուայի եւ Քիեւի երկխօսութեան կոչ կ’ուղղէ։ Այդպիսով ան հաստատեց, թէ Ազրպէյճանի մինչեւ 6 փետրուար՝ Ազրպէյճանի եւ Ուքրանիոյ միջեւ դիւանագիտական յարաբերութիւններու 30-ամեակը վերահաստատուած ու շեփորուած Ուքրանիոյ գերիշխանութեան ու հողային ամբողջականութեան նկատմամբ զօրակցութեան կեցուածքը փոխուած է, եւ այժմ Ազրպէյճանի պաշտօնական կեցուածքը այլ է. 27 սեպտեմբեր 2021-ին Արցախի հիմնախնդիրը ուժի կիրարկմամբ լուծելու դիմած երկիրը այժմ կը զօրակցի հարցերու երկխօսութեան ճամբով լուծման, թէեւ Քիեւը 44-օրեայ պատերազմի ընթացքին զօրակցած էր եւ գործնական գետնի վրայ ալ աջակցած էր Պաքուի։

Ազրպէյճան Ուքրանիոյ պատերազմին մէջ անկողմնակալ կեցուածք կ’որդեգրէ ոչ թէ ոչ յանձնառութեան սկզբունքէն մղուած, այլ՝ Ուքրանիոյ զօրակցելուն պարագային Ռուսիոյ զայրոյթէն, իսկ Ռուսիոյ զօրակցելուն պարագային Միացեալ Նահանգներու զայրոյթէն ու այդ զայրոյթներուն հետեւանքներէն վախնալով։ Այդ պատճառով ալ 3 մարտին չմասնակցեցաւ ՄԱԿ-ի Ընդհանուր ժողովի ընթացքին Ռուսիոյ Ուքրանիոյ վրայ յարձակումը դատապարտող բանաձեւի քուէարկութեան։ Պաքու արդէն նոյն մարտավարութիւնը կիրարկած էր Ռուսիոյ Եւրոպական խորհուրդին անդամակցութիւնը դադրեցնելու շուրջ քուէարկութենա ընթացքին։      Օրին 47 անդամներէն 42-ը թեր քուէարկած էին, եւ Ազրպէյճան այն երկու երկիրներէն մէկն էր,  որ քուէարկութեան չէին մասնակցած։

Ազրպէյճանի այս կեցուածքը ոչ յանձնառութեան սկզբունքի արդիւնք չէ, այլ՝ վախի հետեւանք, եւ հիմնուած է այն սկզբունքին վրայ,  թէ քաղաքականութեան մէջ չկան մնայուն բարեկամներ ու թշնամիներ, այլ՝ միայն մնայուն շահեր։

ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ

 

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.