Ռազմական Ակադեմիան Ֆրանսայի Հետ Ուսանողներու Փոխանակման Եւ Ուսումնական Ծրագիրներու Արդիականացման Համաձայնագիր Մը Կնքեց
192
0
9էն 13 Սեպտեմբերին, Ֆրանսա գտնուող Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան «Վազգէն Սարգսեան» ռազմական ակադեմիոյ պատուիրակութիւնը, գնդապետ Արսէն Մանկասարեանի գլխաւորութեամբ՝ այցելեց Ֆրանսայի զինուած ուժերու նախարարութիւն եւ Սէն-Սիրի ռազմական ակադեմիա:
Այցելութեան ընթացքին պատուիրակութիւնը հանդիպում ունեցաւ Ֆրանսայի զինուած ուժերու նախարարութեան արտաքին կապերու եւ ռազմավարութեան վարչութեան ներկայացուցիչներու, Սէն-Սիրի ռազմական ակադեմիոյ պետ, զօրավար Էմանուէլ Շարփիի եւ ղեկավարութեան անդամներուն հետ:
Կողմերուն միջեւ ՝ գործակցութեան ընդլայնման եւ ուսումնական ծրագրերու արդիականացման շուրջ համաձայնութիւն մը կնքուեցաւ։
Comments are closed.