Պրիւքսէլի մէջ իր աշխատանքները աւարտեց ՀՅԴ Եւրոպայի Երիտասարդական Միութիւններու խորհրդաժողովը

Պելճիքայի մայրաքաղաք Պրիւքսէլի մէջ Հոկտեմբեր 7-ին աւարտեցան ՀՅԴ Եւրոպայի Երիտասարդական Միութիւններու խորհրդաժողովը, որուն մասնակից 40 երիտասարդները կը ներկայացնէին Պելճիքայի, Ֆրանսայի, Յունաստանի, Կիպրոսի, Հոլանտայի եւ Հայաստանի երիտասարդական եւ Նիկոլ Աղբալեան ուսանողական միութիւնները։
Խորհրդաժողովը յատկանշուեցաւ արտաքին-յարաբերական եւ ընդհանուր առմամբ քաղաքական օրակարգի եւ քննարկուող նիւթերու յագեցուածութեամբ։
Խորհրդաժողովին մասնակիցները ունկնդրեցին զեկոյցներ եւ հանգամանօրէն քննարկեցին հետեւեալ նիւթերը.
– Եւրոպական երկիրներու քաղաքական կացութիւնը, յատկապէս ընկերվարական եւ ընկերվար-ժողովրդավարական կուսակցութիւններու իրավիճակը,
– ՀՅԴ Երիտասարդականի արտաքին-յարաբերական գործունէութիւնը եւ ապագայի ընելիքները։
– ՀՅԴ լոպպիստական գործունէութիւնը պետական եւ քաղաքական տարբեր ուժերու հետ: Եւրոպայի Հայ Դատի յանձնախումբերու եւ յատկապէս Պրիւքսէլ գտնուող Հայ Դատի Եւրոպայի գրասենեակի աշխատանքները։ Արձանագրուած հայամէտ որոշումներն ու ձեռք բերուած յաջողութիւնները թուրք-ատրպէյճանական լոպպիի դէմ:
– Հայաստանի Հանրապետութիւն-Եւրոպական միութիւն յարաբերութիւններու ներկայ մակարդակը եւ զարգացման միտումները:
– Հայաստանի Հանրապետութեան ներքաղաքական իրավիճակը եւ դաշնակցական երիտասարդներու դերն ու ընելիքները այդ ուղղութեամբ:
– Դաշնակցական երիտասարդներու ընելիքները ՀՀ-ի ընկերային արդարութեան հաստատման եւ ընկերվարական արժէքներու պաշտպանման ու տարածման գործին մէջ:
Խորհրդաժողովի մասնակիցները վերահաստատեցին դաշնակցական երիտասարդութեան յանձնառութիւնը՝ Սփիւռքահայ համայնքներու ամրութեան պահպանման, արտերկրի մէջ հայկական շահերու պաշտպանութեան, քաղաքական գործունէութեան ծաւալման եւ հնարաւորութիւններու սահմաններուն մէջ հայրենաբնակ երիտասարդութեան օժանդակութեան գործին մէջ:
Մասնակիցները այցելեցին նաեւ Եւրոպական Խորհրդարանի պատմութեան թանգարան, Պրուքսէլի հայկական եկեղեցի եւ Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին նուիրուած յուշակոթող-խաչքար։
Խորհրդաժողովը անցաւ ընկերական ջերմ մթնոլորտի մէջ։
ՀՅԴ Բիւրոյի Երիտասարդական գրասենեակ

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.