Պրիւքսելի Մէջ Կայացաւ ՀՅԴ Եւրոպայի Հայ Դատի Յանձնախումբերու Խորհրդաժողովը

ՀՅԴ Բիւրոյի Հայ դատի Կեդրոնական գրասենեակը կը հաղորդէ, որ ՀՅԴ Եւրոպայի Հայ դատի գրասենեակի կազմակերպութեամբ` 3 դեկտեմբերի 2022-ին Պրիւքսելի մէջ սկիզբ առաւ ՀՅԴ Եւրոպայի Հայ դատի յանձնախումբերու խորհրդաժողովը, որուն կը մասնակցեցան Եւրոպական Միութեան շուրջ տասը երկիրներու եւ Բրիտանիոյ մէջ գործող Հայ դատի յանձնախումբերու եւ Հայ դատի Կեդրոնական գրասենեակի ներկայացուցիչները:

Խորհրդաժողովի ընթացքին քննարկուեցան Եւրոպայի Հայ դատի գրասենեակի, ինչպէս նաեւ տարբեր երկիրներու մէջ գործող յանձնախումբերու քաղաքական առաջնահերթութիւններն ու գործունէութեան հիմնական ուղղութիւնները:

Խորհրդաժողովի օրակարգին մէջ ընդգրկուած էին եւրոպական երկիրներուն մէջ հայկական շահերու պաշտպանութեան, Հայաստանի Հանրապետութեան անվտանգութեան ապահովման ու Արցախի ժողովուրդի ինքնորոշման իրաւունքի ճանաչման վերաբերող հարցերը:

 

 

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.