Dernières nouvelles

Պրիթիշ Գոլոմպիա նահանգի Առողջապահութեան նախարար Ատրիան Տիքս այցելեց Հայ Կեդրոն

Կիրակի, 19 Հոկտեմբեր 2020ին, առաւօտեան ժամը 11ին, Պրիթիշ Գոլոմպիա նահանգի Առողջապահութեան նախարար տիար Ատրիան Տիքս այցելեց Հայ Կեդրոն եւ հանդիպեցաւ Գանատայի Հայ Դատի յանձնախումբի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր Յակոբեանի եւ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Հայց. Առաքելական եկեղեցւոյ Հոգաբարձութեան ատենապետ Օհան Կիւրեղեանի հետ, որուն ընթացքին իր եւ Պրիթիշ Գոլոմպիա նահանգի զօրակցութիւնը յայտնեց Արցախի Հանրապետութեան եւ հայ ժողովուրդին։
Նախարարը այս առթիւ իր անձնական հաշիւէն պատշաճ գումարի նուիրատուութիւն մը կատարեց Արցախի Ֆինտին։
Նշենք, որ օրեր առաջ Առողջապահութեան նախարար Ատրիան Տիքս մէկ ժամուան հանդիպում մը ունեցած էր
ՀՅԴ Գանատայի Հայ Դատի Արեւմտեան շրջանի յանձնախումբի անդամներուն հետ։

Welcome

...